Հայաստան կը հիւրընկալէ 400 սփիւռքահայ պատանիներ

ՀՀսփիւռքի գոր­ծե­­րի գլխա­­ւոր յանձնա­­կատա­­րի գրա­­սենեակի

21 Յու­­նի­­­սին Դի­­մատետ­­րի էջէն կը տե­­ղեկա­­նանք «Քայլ Դէ­­պի Տուն» ու­­սումնա­­ճանա­­չողա­­կան երկշա­­բաթեայ ծրագ­­րի մա­­սին։

Ծրագ­­րի առա­­ջին փու­­լին կը մաս­­նա­­­կիցին Լի­­բանա­­նէն մին­­չեւ Իս­­պա­­­նիա, Գեր­­մա­­­նիայէն մին­­չեւ ԱՄՆ, Ռու­­սաստան, Վրաս­­տան, Իրան եւ Ուկրաինա­­յէն սփիւռքա­­հայ պա­­տանի­­ներ։

«Քայլ Դէ­­պի Տուն» ու­­սումնա­­ճանա­­չողա­­կան ճամ­­բա­­­րային ծրագ­­րի առա­­ջին փու­­լը 8 երկրէն ժա­­մանած շուրջ 100 պա­­տանի­­ներուն ող­­ջունեց ու բա­­րի գա­­լուստ մաղ­­թեց Գլխա­­ւոր յանձնա­­կատար Զա­­րեհ Սի­­նանեանը՝ նշե­­լով, որ մէկ տա­­րի ընդմի­­ջու­­մէն ետք հայ­­րե­­­նիքը կա­­րոտել էր սփիւռքի երա­­խանե­­րուն, անոնց ջեր­­մութիւ­­նը ու ժպի­­տը։

14-օրեայ ծրագ­­րի ըն­­թացքին սփիւռքա­­հայ պա­­տանի­­ները կանցնին հա­­յոց լե­­զուի, հայ­­րե­­­նաճա­­նաչու­­թեան, երգ ու պա­­րի դա­­սըն­­թացներ, կ՚այ­­ցե­­­լեն Հա­­յաս­­տա­­­նի ամե­­նագե­­ղեցիկ վայ­­րե­­­րը, կը ծա­­նօթա­­նան հայ­­րե­­­նիքի կրթա­­կան հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րուն, բազ­­մա­­­թիւ հան­­դի­­­պումներ կ՚ու­­նե­­­նան։

Նաեւ ծրա­­գիրը եւս 3 փու­­լով կը շա­­րու­­նակւկի մինչ Օգոս­­տո­­­սի կէ­­սը՝ 400 սփիւռքա­­հայ երա­­խանե­­րու հնա­­րաւո­­րու­­թիւն ըն­­ձե­­­ռելով տես­­նել Հա­­յաս­­տա­­­նը։

«Քայլ Դէ­­պի Տուն»ծրագ­­րի գլխա­­ւոր գոր­­ծընկերն են «Դա­­սաւան­­դի՚ր, Հա­­յաս­­տան»հիմ­­նադրա­­մը, որ կ՚իրա­­կանաց­­նէ ծրագ­­րի ամ­­բողջ ու­­սումնա­­կան բա­­ղադ­­րի­­­չը։

Ծրագ­­րի գոր­­ծընկեր­­ներն են նաեւ Հա­­յաս­­տա­­­նի Ամե­­րիկեան Հա­­մալ­­սա­­­րանը, ՀԲԸՄ վիր­­տո­­­ւալ հա­­մալ­­սա­­­րանը, «Վորլդ Վիժն», «Ար­­տա Տուր» կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը, «ԿԱ­­ԶԱ» Շո­­ւեյ­­ցա­­­րական մար­­դա­­­սիրա­­կան հիմ­­նադրա­­մը։

«Քայլ Դէ­­պի Տուն»ը այս տա­­րի կ՚անցկա­­ցուի 4 փու­­լով՝ հիւ­­րընկա­­լելով 13-18 տա­­րեկան 400 սփիւռքա­­հայ պա­­տանի­­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ