ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սուղ է ճակտի քրտինքի հատուցումը

Գարլ Մարքսի հա­մաձայն մարդկա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը բնո­րոշո­ղը անոնց տնտե­սական պայ­մաններն են։ Իւ­րա­քան­չիւր ար­դիւնա­բերա­կան եղա­նակ իր հետ բե­րած է որոշ կեն­ցաղ, բա­րոյա­կան ար­ժէք, հա­ւատ­քի ըմբռնում, գե­ղարո­ւես­տա­կան ճա­շակ եւ փի­լիսո­փայու­թիւն։ Գի­տու­թեան նո­ւաճումնե­րով երբ ար­դիւնա­բերու­թեան եղա­նակ­նե­րը մեծ ոս­տում ար­ձա­նագ­րե­ցին, օրա­կար­գի եկաւ նաեւ մարդկա­յին ու­ժի շա­հագործման նոր երե­ւոյթներ։ Ան­շուշտ որ պատ­մութեան բո­լոր շրջան­նե­րուն մար­դու մկան­նե­րու կա­րողու­թիւնը առա­ջին գոր­ծօ­նը եղած էր ար­դիւնա­բերու­թեան։ Այդ առու­մով ալ յար­գանքի ար­ժա­նի էր այդ ու­ժը։ Մկան­նե­րու զօ­րու­թիւնը նոյ­նիսկ փա­ռաբա­նելու երե­ւոյթ էր ար­դիւնա­բերու­թեան հա­մար օգ­տա­գոր­ծո­ւած անա­սուննե­րու պա­րագա­յին։ Այդ հա­մոզու­մի վառ ապա­ցոյ­ցը կը տես­նենք հայ գեղ­ջուկ երաժշտու­թեան ամե­նապատ­կե­րալից օրի­նակ­նե­րէն հա­մարո­ւող հո­րովել­նե­րու բա­ռերուն մէջ։ Բայց ինչպէս նշե­ցինք վե­րեւ գի­տու­թեան զար­գա­ցու­մով, շո­գիի ու­ժի շա­հագոր­ծումով կրկնա­պատ­կուեցաւ աշ­խա­տան­քի կե­ղեքու­մը։ Դա­րերու ըն­թացքին շնոր­հիւ արհմիու­թիւննե­րու ջան­քե­րուն որոշ բա­րեփո­խումներ եւ կար­գադրու­թիւններ կա­տարո­ւեցան աշ­խա­տու­ժի կե­ղեքու­մը տա­նելի սահ­մաննե­րու մէջ պա­հելու հա­մար։ Աշ­խա­տան­քիային օրո­ւայ ու­թը ժա­մով սահ­մա­նու­մը այդ ձեռքբե­րումնե­րու կա­րեւո­րագոյննե­րէն մէ­կը կը հա­մարո­ւի։ Եւ սա­կայն կան նաեւ որոշ աշ­խա­տան­քի գե­տին­ներ, որոնք իրենց բնու­թեամբ լուրջ վտանգ կրնան սպառ­նալ աշ­խա­տողի կեան­քին հան­դէպ։

Այդ տե­սակի աշ­խա­տու­թիւննե­րէն կը հա­մարո­ւի հան­քարդիւ­նա­բերու­թիւնը։ Ստո­րերկրեայ հան­քա­հորը զա­նազան վտանգնե­րով կը սպառ­նայ աշ­խա­տողին։ Այդ վտանգնե­րու կա­րեւո­րագոյննե­րէն է ստո­րերկրեայ կա­զերու կու­տա­կու­մը եւ ապա այս կամ այն պատ­ճա­ռաւ պայ­թիւնը։

Մար­դիկ միշտ կա­րիքը զգա­ցած են հո­ղին տակ թաք­նո­ւած մե­տաղը դուրս բե­րելու եւ օգ­տա­գոր­ծե­լու։ Թուրքիոյ պատ­մութեան մէջ ալ յատ­կա­պէս քա­րածու­խը դի­տուած է իբ­րեւ սեւ ադա­մանդ, որուն մշակ­ման ըն­թացքին զո­հուած են բիւ­րա­ւոր բա­նուոր­ներ։ Այդ աղէտ­նե­րու կա­րեւո­րագոյննե­րէն մէկն էր, որ 2014 թո­ւին տե­ղի ու­նե­ցաւ Սո­մա գա­ւառի մէջ եւ խլեց 301 կեան­քեր։ Իս­կոյն տե­ղի ու­նե­ցաւ հար­ցաքննու­թիւն մը, որուն յա­ջոր­դեց դա­տական գոր­ծընթա­ցը։ Դա­տավա­րու­թիւնը աւար­տին հա­սաւ 15 Յու­նի­սին, որու հե­տեւան­քով հան­քարդիւ­նա­բերա­կան ըն­կե­րու­թեան նա­խագա­հը իբ­րեւ առա­ջին կար­գի պա­տաս­խա­նատու դա­տապար­տո­ւեցաւ 20 տա­րուայ ազա­տազրկու­մի։

Դա­տարանը այս վճի­ռը ար­ձա­կեց հա­մոզո­ւելով թէ մե­ղադ­րեալը թե­րացած է կան­խա­միջոց­նե­րը գոր­ծադրե­լու նիւ­թին մէջ։

Ահա ճիշդ ալ այս կէ­տին վրայ է, որ կը գո­յանայ ամե­նակա­րեւոր հար­ցադրու­մը՝ նա­խապա­տու­թիւն շա­հի՞ն, թէ մար­դու կեան­քին։ Յայտնի է որ կան­խա­միջոց կո­չուած բա­նը ինքնին ու­նի դրա­մական փո­խար­ժէք մը, որ շատ ան­գամ ի զուր ծախս ըլ­լա­լով կը դի­տուի գոր­ծա­տիրոջ կող­մէ։ Գոր­ծա­տէրը ընդ հա­կառակ այս տե­սակի աղէտ­նե­րը կը վե­րագ­րէ աշ­խա­տող­նե­րու տգի­տու­թեան եւ զի­րենք մե­ղաւոր կը գտնէ պա­տահա­ծին դի­մաց։ Երբ զո­հուած­նե­րու ըն­տա­նիք­նե­րը կ՚ընդվզին հա­մապա­տաս­խան կան­խա­միջոց­նե­րու բա­ցակա­յու­թե­նէն, գոր­ծա­տէր­նե­րը կ՚ափ­սո­սան իրենց դրա­մական կո­րուստին։ Թե­րեւս ամե­նաաժան կան­խա­միջո­ցը մարդկա­յին կեան­քը խնա­յելը պի­տի ըլ­լար։ Բայց այդ ալ իր կար­գին կը պա­հան­ջէ յա­տուկ գի­տակ­ցութիւն մը, որ պի­տի սպառ­նայ այս ան­գամ գոր­ծա­տիրոջ հա­սոյ­թին։

Ի վեր­ջոյ պի­տի սոր­վինք բնու­թեան պար­գեւնե­րէն օգ­տո­ւիլ առանց զո­հելու մար­դու կեան­քը։ Մին­չեւ այդ օր յայտնի է, որ աշ­խա­տողի բազ­կի ու­ժը հա­զիւ ճար­տա­րագի­տական գոր­ծի­քի մը հա­մազօր ար­ժէք պի­տի ներ­կա­յաց­նէ եւ ոչ աւելին։

pakrates@yahoo.com