Քմծիծաղին գաղտնիքը անյայտ

Հիւսիս Ատ­լանտեան Դա­շին­քին գա­գաթ­նա­ժողո­վին մաս­նակցող Թուրքիոյ Նա­խագահ Էր­տո­ղանի հա­մար այդ ժո­ղովի կա­րեւո­րագոյն դէպքն էր Նա­­խագահ Պայ­­տը­­­նի հետ տե­­սակ­­ցութիւ­­նը։ Թրքա­­կան մա­­մուլն ալ իր բո­­լոր ու­­շադրու­­թիւնը սե­­ւեռած էր այդ հան­­դիպման վրայ։ Ծա­­նօթ է, որ Թուրքիա եւ ԱՄՆ իրենց մի­­ջեւ դի­­ւանա­­գիտա­­կան ամե­­նալա­­րուած շրջա­­նը կ՚ապ­­րին։ Ռու­­սա­­­կան Ս-400 հրթիռ­­նե­­­րու գնու­­մը, Ֆ35 կոր­­ծա­­­նիչ­­նե­­­րու ծրագ­­րէն Թուրքիոյ ար­­տաքսու­­մը, «Հալքպան­­ք» դրա­­մատան հա­­կաամեր­­կեան գոր­­ծունէու­­թեան դէմ դա­­տավա­­րու­­թիւնը, Ֆեթ­­հուլլահ Կիւ­­լե­­­նը վե­­րադարձնե­­լու մա­­սին Թուրքիոյ պա­­հանջնե­­րուն ԱՄՆ-ի կող­­մէ մեր­­ժո­­­ւիլը եւ վեր­­ջա­­­պէս 24 Ապ­­րիլ 2021-ին Ճօ Պայ­­տը­­­նի 1915-ի կո­­տորած­­նե­­­րուն հա­­մար ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թիւն եզ­­րը գոր­­ծա­­­ծելը կա­­րեւոր խո­­չըն­­դոտներ կազ­­մած են Թուրք-Ամե­­րիկեան յա­­րաբե­­րու­­թիննե­­րու մէջ։ Էր­­տո­­­ղան բո­­լոր այս նիւ­­թե­­­րու շուրջ Թուրքիոյ կար­­ծիքնե­­րը ներ­­կա­­­յաց­­նել պի­­տի փոր­­ձէր, բայց ժո­­ղովէն ետք պար­­զո­­­ւեցաւ թէ գո­­հացած է են­­թարկո­­ւածու­­թեան նոր դաշ­­տեր առա­­ջար­­կե­­­լով։ Այդ է պատ­­ճա­­­ռը թէ վե­­րադար­­ձին ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան նիւ­­թի հետ առնչո­­ւելով իրեն ու­­ղո­­­ւած հար­­ցումին պա­­տաս­­խա­­­նեց «Փառք որ այդ նիւ­­թը օրա­­կար­­գի չե­­կաւ» ըսե­­լով։

Վեր­­լուծա­­բան­­ներ դժո­­ւարա­­ցան այս երե­­ւոյ­­թը մէկ­­նա­­­բանե­­լու, քա­­նի որ Նա­­խագահ Էր­­տողան ինքն էր որ կ՚ու­­զէր այս մա­­սին Թուրքիոյ դժգո­­հու­­թիւնը բարձրա­­ձայ­­նել։

Դար­­ձեալ կա­­րելի չե­­ղաւ այդ փառք տա­­լէ ետք դէմ­­քին յայտնո­­ւած քմծի­­ծաղը։

Սա­­կայն ու­­շագրաւ է Էր­­տո­­­ղանի յա­­ջորդ քայ­­լը։ Ան իս­­կոյն այ­­ցե­­­լեց Ատրպէյ­­ճան եւ Շու­­շիի մէջ հան­­դի­­­պում մը ու­­նե­­­ցաւ Իլ­­համ Ալիեւի հետ։ Հոն անդրա­­դար­­ձաւ Ղա­­րաբա­­ղը ազա­­տագ­­րե­­­լու հա­­մար մղո­­ւած պայ­­քա­­­րին յաղ­­թա­­­նակով աւար­­տին։ Այդ յաղ­­թա­­­նակի մէջ շեշ­­տեց թրքա­­կան ար­­տադրու­­թիւն ԱԹՍ-նե­­րու դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։

Այս մա­­սին ՀՀ Արտ. Գործ նա­­խարա­­րու­­թիւնը յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը ընե­­լով դա­­տապար­­տեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյ­­ճանի նա­­խագահ­­նե­­­րու Շու­­շի տո­­ւած այ­­ցե­­­լու­­թիւնը։

«Յատ­­կանշա­­կան է, որ այս այ­­ցե­­­լու­­թեանը նա­­խոր­­դել էր բռնի կեր­­պով տե­­ղահա­­նուած հայ­­կա­­­կան բնիկ բնակ­­չութեան կրօ­­նական եւ պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գութեան աւե­­րու­­մը, այդ թւում՝ Ար­­ցա­­­խի դէմ թուրք-ադրբե­­ջանա­­կան ու­­ժե­­­րի կող­­մից սան­­ձա­­­զեր­­ծո­­­ւած պա­­տերազ­­մի ըն­­թացքում եւ դրա­­նից յե­­տոյ թի­­րախա­­ւորուած Շու­­շիի Սուրբ Ամե­­նափրկիչ Ղա­­զան­­չե­­­ցոց մայր տա­­ճարի սրբապղծու­­մը եւ Հա­­յոց Ցե­­ղաս­­պա­­­նու­­թեան զո­­հերի յի­­շատա­­կին նո­ւիրուած յու­­շարձա­­նի ամ­­բողջա­­կան ոչնչա­­ցու­­մը», ըսո­­ւած է յայ­­տա­­­րարու­­թեան մէջ։

Նման բնոյ­­թով յայ­­տա­­­րարու­­թիւն մը ու­­նե­­­ցած է նաեւ Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թիւնը։

«Ատրպէյ­­ճա­­­նի նա­­խագահ Իլ­­համ Ալիեւի ու նրա ըն­­տա­­­նիքի ու­­ղեկցու­­թեամբ Թուրքիայի նա­­խագահ Ռե­­ջեփ Թա­­յիփ Էր­­դո­­­ղանի եւ նրա ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րի այ­­ցը Ար­­ցա­­­խի պատ­­մա­­­կան մայ­­րա­­­քաղաք Շու­­շի, որը Թուրքիայի եւ Ատրպէյ­­ճա­­­նի կող­­մից աւե­­րուել է 1920 եւ 2020 թո­­ւական­­նե­­­րին, մի­­ջազ­­գա­­­յին իրա­­ւունքի կոպ­­տա­­­գոյն խախտման, մար­­դա­­­տեացու­­թեան, ցե­­ղաս­­պան ու ահա­­բեկ­­չա­­­կան քա­­ղաքա­­կանու­­թեան վառ դրսե­­ւորում է։

Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան ար­­տա­­­քին գոր­­ծե­­­րի նա­­խարա­­րու­­թիւնը խստօ­­րէն դա­­տապար­­տում է նման այ­­ցե­­­րը Ար­­ցա­­­խի գրա­­ւուած տա­­րածքներ՝ դրանք դի­­տար­­կե­­­լով որ­­պէս սադ­­րանք, ծա­­ւալա­­պաշ­­տա­­­կան եւ ծայ­­րա­­­յեղա­­կան ծրագ­­րե­­­րի շա­­րու­­նակման յայ­­տ» կ՚ըսէ Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան Ար­­տա­­­քին Գոր­­ծոց Նա­­խարա­­րու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ