Ընտրութեան համար պաշտօնական դիմումը կատարուած

Ինչպէս նախապէս ալ գրած էինք, համայնքային չորս հաստատութիւններ Անգարայի Վարչական Ատեանի Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութիւնը առկախող որոշումը չեղեալ համարելէ ետք, 3 Հոկտեմբեր 2021-ը ընտրութեան թուական ըլլալով ճշդած էին։ Աւանդաբար «Հինգ Հաստատութիւն» կոչումով նշուած համայնքային հաստատութիւններէն Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը մերժած էր նման որոշումին մասնակցիլ, պատճառաբանելով որ պիտի սպասեն իրաւական եւ քաղաքական գործընթացի աւարտը։ Կեդրոնական, Գալֆայեան, Գարակէօզեան եւ Դպրեվանքէ բաղկացող չորս հաստատութիւնները գրաւոր կերպով յայտնեցին թէ իրենց որոշումը օրինական կերպով փոխանցած են Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան։ Այս մասին Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան Ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան «Ակօս»ին յայտնեց թէ ընտրութեան աշխատանքները պիտի շարունակուին առանց Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութենէ պատասխան մը սպասելու։ Իսկ հաւանական առարակութեան մը պարագային միասնաբար պիտի քննարկեն յաջորդ քայլերը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ