Վաքըֆներու խորհուրդի մէջ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի 65 տարեկանը անցած ըլլալով աւարտած է իր պաշտօնավարութեան շրջանը։
Վերջին տարիներուն կատարուած կարգադրութեան մը համաձայն Վաքըֆներու խորհուրդը իր կազմին մէջ կ՚ունենայ երկրի փոքրամասնութեան համայնքներէն ներկայացուցիչ մը։ Այդ առումով այս պաշտօնը առաջին անգամ ստանձնած էր յոյն համայնքէն առաջադրուած Լաքի Վինկաս։ Իրեն յաջորդեց հայ համայնքէն Փրոֆ. Թորոս Ալճան։ 2018-ին այս անգամ հրեայ համայնքէն առաջադրուած Մորիս Լեւին էր, որ խորհրդի մէջ պիտի ներկայացնէր ազգային փոքրամասնութիւններու հիմնարկները։ Լեւի նախորդ օր հրապարակած յայտարարութիւնով մը իմացուց, որ 65 տարեկանը աւարտած ըլլալուն պատճառաւ կը հեռանայ պաշտօնէն իր տեղը փոխանցելով ասորի՝ համայնքէն Ս. Ճան Ուսթապաշըին։
Լեւի այս պաշտօնափոխութեան առթիւ ըսած է թէ ինք արդէն կ՚աշխատէր իբրեւ պահեստի անդամ եւ վստահ է թէ արժանի կերպով պիտի վարէ իրեն յանձնուած պարտականութիւնը։
Մորիս Լեւի նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնավարութեան շրջանին իր հանդէպ ցուցաբերուած վստահութեան եւ զօրակցութեան համար։
Նորանշանակ Ս. Ճան Ուսթապաշը ալ յայտնեց թէ այս պատուաբեր պարտականութիւնը պիտի տանի փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններուն համագործակցութեամբ եւ զօրակցութեամբ։