7Յունիս երկուշաբթի օր շուրջ մէկ ու կէս տարուայ ընդհատումէ մը ետք գումարուեցաւ համայնքային հաստատութիւններու խորհրդակցական ժողովը։ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ կայացած ժողովէն կը բացակայէին որոշ թաղերու ներկայացուցիչները։ Առհասարակ դռնփակ նիստեր գումարելով ծանօթ հարթակը այս անգամ կարիքը զգաց մամլոյ յայտարարութիւնով մը նիստը բանալու։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի ստորագրութեամբ գրի առնուած յայտարարութեան մէջ Շիրինօղլու նախ կը ցաւակցէր Գարթալի Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ ատենապետ Յովհաննէս Սահակօղլուի եւ բարերար Գէորգ Սանթալուի կողակցին Եւա Սանթալուի կորուստներուն։ Ապա կ՚անդրադառնար մեր համայնքային կեանքի կարեւոր խնդրի վերածուած համայնքային վարժարաններու նիւթական դժուարութիւններուն, կրկնելով իր կարգ մը դպրոցները միացնելու մասին առաջարկը։
Ժողովը շարուակուեցաւ Սամաթիոյ Սահակեան եւ Ֆերիգիւղի Մերամետճեան Վարժարաններու հրատապ խնդիրներու քննարկումով։ Շիրինօղլու օրակարգի բերաւ նաեւ համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններու ընտրութեան խնդիրը։
Ընտրութիւնը ապահովելու համար դատարան դիմելու գործընթացը մեղադրեց կառավարութեան դէս գլուխ ցցել որակելով։ Ան նաեւ զգուշացուց այս տեսակի ջանքերը կրնան աննպաստ հետեւանքներ ունենալ ըսելով։
Ինչպէս նշած էինք «Ակօս»ի նախորդ թիւերուն մէջ, համայնքային չորս հաստատութիւններ Կեդրոնականի, Գալֆայեանի, Գարակէօզեանի եւ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութիւնները որոշում կայացուցած էին Հոկտեմբեր ամսուն մէջ ընտրութիւն կատարելու համար։
Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորած Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը մերժած էր այդ որոշումը, յայտնելով թէ թոյլտուութիւն պիտի սպասեն կառավարութեան շրջանակներէն։