Աւազակապետ Սետաթ Փեքերի հետզհետէ սերիալի մը վերածուած «Եութուպ»եան հրապարակումներուն 9-րդը սփռուեցաւ 6 Յունիս կիրակի առաւօտ նոր մեղադրանքներով լեցուն։
2Մայիսէն այս կողմ յանցագործ աշխարհի կարեւոր դերակատարներէն Սետաթ Փեքեր ապաստանած Արաբական Էմիրատներէն վիտէօ նկարահանումներ կը տեղադրէ։ Փեքերի խիստ ցնցիչ պնդումները շատերու համար հաւաստի կը գտնուին, քանի որ օժտուած են փաստացի տուեալներով եւ կը բարձրաձայնուին ներսէն։ Այդ պնդումներուն կարեւոր մէկ մասը նոր յայտնութիւններ չեն։ Ընդդիմադիր շրջանակներ՝ քաղաքական գործիչ կամ լրագրող յաճախ անդրադարձան նման պնդումներու, որոնք չեն ունեցած այն ազդեցութիւնը, ինչ որ կ՚ունենայ Փեքերի խօսքերը։ Ան կը հնչեցնէ ծանր մեղադրանքներ, Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուի, նախկին Ներքին Գործոց Նախարար Մեհմետ Աղարի, Նախկին Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի որդւոյն Էրգամ Եըլտըրըմի, իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան կարգ մը պատգամաւորներու եւ իշխանամէտ լրագրողներու հասցէին։
Այդ ծանր յանցագործութեան մեղադրանքներէն իրենց բաժինը կը ստանան նաեւ յատկապէս Եգէական շրջանի կարգ մը քաղաքներու ոստիկանապետներ, Ազգային Լրաքաղութեան Կազմակերպութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ եւ բարձրաստիճան զինուորականներ կամ կարճ խօսքով պետութեան անունով գործող անձինք։
Զարմանալի երեւոյթ է, այն թէ համացանցի վրայ մինչեւ օրս 110 միլիոն հետեւողի ուշադրութեան արժանացող այս տեսակի լուրջ պնդումները յամառօրէն կ՚անտեսուին իշխանական շրջանակներու եւ մանաւանդ իշխանամէտ մամուլի կողմէ։ Իսկ եթէ անխուսափելի դառնայ արտայայտուելու հրամայականը, այս անգամ ալ կ՚արհամարեն այդ պնդումներու հեղինակը, ըսելով որ «Չենք կրնար լուրջի առնել փախստական աւազակապետի մը յոխորտանքը»։ Միւս կողմէ վերջին տարիներուն բոլորովին իշխանութեան ենթակայ դարձած Արդարադատական համակարգն ալ կը մեղադրուի այս հրապարակումներու դիմաց լռութիւն պահելով։ Բնական պայմաններու տակ կ՚ակնկալուէր թէ նման զարգացումներու պարագային դատախազներ իսկոյն շարժման անցնին եւ հարցաքքնութեան նիւթ դարձնեն այս արտառոց պնդումները։ Ընդհակառակը Վճռաբեկ Ատեանի դատախազը կրկին դիմում կատարած է Սահմանադրական Ատեան Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան արգիլումը պահանջելով։ Դատախազը 17 Մարտ 2021-ին նման դիմում մը կատարած էր Սահմանադրական Ատեանին, բայց այս վերջինը առկայ թերութիւնները նկատի ունենալով 31 Մարտին մերժած էր դիմումը քննարկել։ Այժմ վերանայուած տարբերակը կրկին կը դրուի Սահմանադրական Ատեանի սեղանին։ Անդին Սետաթ Փեքեր իր հրապարակումներուն մէջ անդրադարձած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդրին։ Այդ հրապարակումը նկատի ունենալով դատարանը որոշեց գրաւել Ֆեթուլահ Կիւլենի եւ Զեքերի Էօզի ունեցուածքը։ Ընդդիմադիր շրջանակներ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին կառավարութեան կողմէ անտեսուած այս պնդումներուն եւ իբրեւ լուծում կ՚առաջարկեն շտապ կանխահաս ընտրութիւն։