ԻՀԱ լրատու գործակալութեան Արմաշի Վանական համալիրի մասին հաղորդած տեղեկութիւնը պատճառ դարձաւ դիւրիմացութիւններու։
Նիքոմիտիոյ երբեմնի վանական համալիրը 1860-ական տարեթիւերէն սկսեալ ունեցաւ շատ կարեւոր նշանակութիւն մը, իր կազմին մէջ ունենալով արեւմտեան Հայաստանի միակ հոգեւոր ճեմարանը։ Արդարեւ Արմաշու Դպրեվանքի հունձքը երկար տարիներ իր դրոշմը բերաւ հայ հոգեւոր ապրումներուն։ Գործակալութեան լրատուութեան հիմք հանդիսացողը ոչ թէ վանքը կամ երբեմնի Դպրեվանքն, այլ անոնցմէ մեր օրերուն հասած միակ նմոյշը՝ Արմաշու Դպրեվանքի տպարանը։
Վանքը աւերուած էր 1915-ի ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք եւ իր տեղը կառուցուած էր դպրոցի նոր շէնք մը։ Այդ շէնքն ալ վնասուեցաւ Նիքոմիտիոյի երկրաշարժի ընթացքին եւ ապա նոյն տեղը կառուցուեցաւ նոր դպրոցի շէնք մը։
Այդ ընթացքի մէջ տպարանի տարածքը անտէրութեան մատնուած էր եւ ամբողջովին աղբակոյտի մը վերածուած։ Անցեալին Արմաշը իբրեւ բնակավայր ունէր 1505 բնակիչ։ Սակայն եկեղեցւոյ տօնակատարութեան օրերուն կը հիւրընկալուէր մինչեւ 15 հազարի հասնող ուխտաւորներ։
Վանական համալիրի անցեալը կը հասնի 1611 թուականին, իսկ նոր տաճարի եւ դպրեվանքի շինութիւնը աւարտած է Արմաշու Արքեպիսկոպոս Ալեքսանեանի օրով 1872-ին։