Երեւան «Արմենփրէս»ի տեղեկութեամբ Հայաստանի Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադէմական թատրոնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար Կոնստանտին Օրբելեան կրտսեր նշանակուեցաւ Նիւ Եորքի քաղաքային օփերայի երաժշտական տնօրէնը եւ գլխաւոր խմբավարը։ Չորս անգամ «Կրեմի» մրցանակի թեկնածու հանդիսացած Օրբելեանի մասնակցութեամբ առաջին օփերան՝ նոր շունչ ստացած «Ռիկոլեթօ»ն պիտի ներկայացուի 29 Օգոստոսին։ «Շատ ուրախ ենք ողջունելու աշխարհահռչակ մայէսթրօ Կոնստանտին Օրբելեանը։ Ան իր հետ կը բերէ խմբաւարութեան իր տասնամեակներու փորձառութիւնը եւ մեզի ու մեր հանդիսատեսներուն պիտի ներկայացնէ շատ բարձր մակարդակի ներկայացումներ», կ՚ըսէ օփերայի տնօրէն Մայքըլ Քափասօ։