ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Կեանքեր կան, որոնք տանողը կը ցոլացնէ նաեւ ամբողջ ազգի մը հոգեվիճակը։ Անոր կենսագրութիւնը կը նոյնանայ բիւրաւոր ազգակիցներուն հետ ու կը դառնայ կերպար։ Այդպիսին էր մեծն Կոմիտաս։ Ի զուր չէր որ Փարիզի կեդրոնը տեղադրուած ցեղասպանութեան յուշարձանը քանդակուած էր իր կերպարով։
Կարելի է այդ «մանկութիւն չունեցող սերունդ»ի մէջ դասել հալեպահայութեան արժանաւոր զաւակը՝ բժիշկ Թորոս Թորանեանը։ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը դեռ կը շարունակուէր, երբ ան արձակեց առաջին ճիչը, աչքերը բանալով այս դաժան աշխարհի պանդուխտներու ցաւերով յագեցած մէկ անկիւնը՝ Լիբանաի Զահլէ քաղաքը։ Մանուկ Թորոսը եկած էր իր Գողգոթան բարձրանալու, որուն առաջին հանգրուանն էր հօրմէ զուրկ մնալը։ Իսկ այդ նոյն Գողգոթայի յաջորդ հանգրուանները ինք իր սեփական նախընտրութեամբ քայլեց։ Մէկ կողմ դրաւ կեանքի ընծայած բոլոր բարենպաստ առիթները եւ մխրճուեցաւ իր ազգին ամենատխուր ապրումները նկարագրող գրականութեան մը թէ հեղինակը եւ թէ գործիչը դառնալու տխուր ասպարէզին։
Բախտաւորուած էր Խորհրդային Հայաստանի վերելքի փայլուն տարիներուն աշակերտելով Երեւանի Պետական Համալսարանի Բժշկական Ինստիտուտ։ «Ուսանողութեան համար տարիքի սահմանում կար եւ ես ճիշդ այդ սահմանափակման շեմին ընդունուեցայ ինստիտուտ» պատմած էր մեր զրոյցներէն մէկուն։ Երանութեամբ կը յիշէր այդ օրերը, երբ բժշկագիտութեան զուգահեռ կը հարստացնէր իր գիր ու գրականութեան պաշարը։
Բախտաւորուած էր գտնելով իր կեանքի ընկերը, նոյնպէս բժշկուհի Արմինէն, որուն հետ շատ աւելի տանելի պիտի ըլլար դիմագրաւել կեանքի յաջորդ փուլերը։
Բախտ աւորուած էր եւս, վայելելով իր դստրերու պարգեւած ուրախութիւնը։
Իդէմ այդ բոլորին, կեանքի ընծաներուն փոքր մասը միայն ինք վայելեց, աւելի մեծ բաժինը բաշխելով ուրիշներուն։ Դժուար է կռահել թէ իր ջանքերով հրատարակուած բազմաթիւ գիրքերու մէջ ո՞ր մէկը աւելի ծանր կը կշռէ. իր հեղինակածները՞ թէ ոչ այլոց անտիպ մնացած գործերը։ Աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն ճամբորդելով ի՞նք աւելի կը յագենար, թէ իր այցելածները։
Այս հարցումը եթէ փորձեմ անձնական տպաւորութիւնով պատասխանել, պիտի սիրեմ կարծել թէ երկուստեք էր այդ լցքաւորումը։
1996 թիւն էր։ Իբրեւ Սայաթ Նովա Երգչախումբ մեծ ոգեւորութիւնով ողջունած էինք հայ երգի տիտան Խաչատուր Աւետիսեանի ծննդեան 70-ամեակը։ Այդ առթիւ վայելած էինք մեծ երգահանի որդւոյն՝ Միքաէլ Աւետիսեանի, հայ երգի անմոռանալի երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի եւ տիկնոջ՝ Մարկոյի, դաշնակահարուհի Նաթելլա Աճեմեանի, վարպետի երկու արժանաւոր սաներու՝ քանոնահարներ Կարինէ Յովհաննէսեանի եւ Անահիտ Վալեսեանի մտերմութիւնը։ Տոգորուած էինք յոգնատանջ աշխատանքի արգասիքը դարձած համերգներով։ Հասած էինք յաջողութեան գագաթին եւ լցուած նոր միջոցառում յղանալու ցանկութեամբ։ Ահա այդ պայմաններուն էր որ օրակարգի եկաւ պոլսահայ պարբերական մամուլի էջերուն լոյս տեսած յօդուածներով ծանօթ Թորոս Թորանեանը բանախօսութիւններու համար քաղաքս հրաւիրելու գաղափարը։
Պոլսեցիք գիտեն, Սայաթ Նովա Երգչախումբը իր անակնկալներով ծանօթ է։ Կը սիրէ կաղապարներէ դուրս գալ եւ իր ուրոյն ձայնը հնչեցնել ընկերային կեանքի տարբեր հարթակներէն։
Արդարեւ Պոլսոյ այցելութենէն վերադարձին գրի առած ու «Արաս» հրատարակչատան կողմէ տպուած «Պոլսահայերը կը կանչեն» յուշագրութեան մէջ Թորանեան ինք եւս կը խոստովանէր երգչախումբէ մը նման հրաւէր ստանալուն պատճառած զարմանքը։
Իսկ մենք գիտէինք իր հետ անցնելիք իւրաքանչիւր վայրկեանի արժէքը։ Գիտէինք թէ այդ պահերու ապրումները ինչպիսի նշանակութիւն պիտի ունենան մեր ամբողջ կեանքի տեւողութեամբ։ Այդ իսկ պատճառաւ սկսած էինք ժամ առ ժամ ծրագրել Թորանեաններու հետ մեր օրերը։
Իսթանպուլի մէջ, օդակայանի դիմաւորութենէ ետք Թորանեան ամոլի առաջին այցելաւայրը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանն էր։ Հոն մեզ կը սպասէր արհեստավարժ լուսանկարիչ Սարգիս Պահարօղլու, որմէ յատուկ խնդրած էինք պահը անմահացնել։ Այս առաջին հանդիպումը հեւքով շարունակուեցաւ յաջորդող օրերուն ալ։ Թորոս Թորանեան քաղաքիս տարբեր միութիւններու ամպիոնէն չորս անջատ բանախօսութիւններով նկարագրեց հայաշխարհի զանազան խնդիրներ, որոնք արժանացան բուռն հետաքրքրութեան։ Այցելութիւններ տուաւ քաղաքիս գրաւոր մամուլի խմբագրութիւններուն։ Գործադրեց իր վաղեմի սովորութիւններէն մէկը եւ իւրաքանչիւր խմբագրատան մէջ շարադրեց անջատ յօդուածներ, որոնք յաջորդին լոյս տեսան «Մարմարա», «Ժամանակ» եւ «Ակօս»ի էջերուն վրայ։
Յատուկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ պոլսահայ գրականութեան ներկայացուցիչներուն հետ, որ իր տեսակին մէջ եզակի էր բոլոր բեւեռները մէկտեղելու առումով։ Երկշաբաթանի հեւքը աւարտին հասաւ Սայաթ Նովացիներու սիրելի բարեկամին՝ Պարթեւին «Քափթան» կապելայի մէջ սարքուած խրախճանքով մը։
Ուրախ օրէր էին, որոնք վերյիշեցինք 3 Յունիսին Երեւանէն հասած դիմատետրի գրառումով մը։ Թորանեանի դուստրը Անին կը գուժէր հօրը մահը։
«Բոլոր մահերը վաղաժամ են» կ՚ըսէր բանաստեղծ Ճեմալ Սիւրէյիա։ Անշուշտ ցաւեցանք մեր սիրելի երէց եղբօր կորուստով։ Իսկոյն մխիթարուեցանք որ վերջացած էր անոր Գողգոթայի ճամբորդութիւնը։ Արմինէի մահէն ետք իր սիրելի քաղաքին՝ Հալէպի անկումը կարծես տառապանքի վերջին հարուած մը ըլլալով հասաւ իր յոգնատանջ ծերութեան օրերուն։ Բոլորս գիտենք, Պէյրութ աշխարհի ամենաչքնաղ քաղաքներէն կը համարուի։ Հայ անհատի համար գերազանց չքնաղ է Երեւանը։ Բայց ո՞վ կրնայ վայելէլ այդ չքնաղութիւնը, երբ մատնուած է պարտադիր ապաստանեալի դիրքին։
Դիմատետրի այդ հաղորդումէն ետք մեզմէ շատեր լուսանկարներով վերյիշեցին Թորանեանի հետ իրենց ապրումները, որոնք վերածուած են քաղցր յիշատակի մը։ Մենք ալ կը բաժնենք 25 տարուայ վաղեմութեամբ նկար մը, որմէ այսօր կը բացակային Թորոսին հետ նաեւ Արմինէն, Մարտիրոսը, Սոնան եւ Պէթին։
Դէպի անմահութեան երթի ճամբուդ, շնորհակալ ենք սիրելի Թորանեան, երախտապարտ ենք մեզի պարգեւած ուրախութիւններուդ համար։