ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Դարեր շարունակ արուեստի կարեւորագոյն խնդիրը եղած է շուկայի հետ յարաբերութիւնը։ Արուեստագէտը կը ստեղծագործէ առանց նկատի ունենալու իր աշխատանքին դրամական փոխարժէքը եւ սակայն ապրուստի հոգերը կը պարտադրեն նաեւ այդ աշխատանքին պատշաճ վարձատրութիւնը։ Ահա այդ հանգրուանին է, որ օրակարգի կու գայ արուեստի եւ դրամի յարաբերութիւն մը, որ շատ անգամ ալ կը վերածուի անարդար ճնշումի մը ազատ ստեղծագործելու դիմաց։ Բոլոր ժամանակներուն յատուկ երեւոյթ մըն է այս, որուն մէջ շատ անգամ տուժողը կ՚ըլլայ ինքը՝ արուեստը։ Եթէ նիւթը դիտենք այս տեսանկիւնով Ունքափանը թաղի երաժշտական շուկան շատ հետաքրքրական օրինակ մը ըլլալով կը ներկայանայ։ Վայր մը՝ ուր շահի ակնկալութիւններով դիւրաւ կը փայլին անարժանները եւ դիւրաւ կ՚անտեսուին իրաւ արուեստագէտները։ Այդ շուկայի մէջ շուկային պարտադրած պայմանները մերժող ընկերութիւն մը եղած է «Քալան»ը, որուն հիմնադիրն ու սեփականատէրն էր բոլորին կողմէ յարգուած Հասան Սալթըքը։ Ան մերժած էր հնազանդիլ շուկայի թելադրանքներուն եւ նախընտրած էր զօրակցիլ իրական արուեստին։ Թէ յաջողած էր կարծրատիպերը կոտրել եւ թէ նաեւ յարմարուիլ շուկայի նախապատութեան, որն է շահ ապահովել։ Հոն է որ կը յայտնուի Հասան Սալթըքի յաջողութիւնը։ Ամէն ինչ հասկնալի եւ ընդունելի պիտի դառնար եթէ Սալթըք իր նախասիրութիւններու պատճառաւ մատնուէր դրամական ծանր վնասներու։ Պատահեցաւ հակառակը, ան առիթ տուաւ ուրիշ ընկերութիւններու կողմէ շահութաբեր չտեսնուելով մերժուածներու ստեղծագործութեան եւ նաեւ յաջողեցաւ որոշ եկամուտ ապահովելով։
Թուրքիոյ երաժշտական միջավայրի մէջ բազմաթիւ են այն արուեստագէտները, որոնց առաջին թողարկումը կատարուած է «Քալան Միւզիք» երաժշտական ընկերութեան կողմէ։ Ան այսպէսով մեծ ծառայութիւն մատուցած եղաւ երկրի մշակոյթին, ընդմիշտ յանձն առնելով կարծրատիպերու դէմ պայքարելու բնական հետեւանքները։
Հասան Սալթըքը այս ճանապարհին մղողը պատահականութիւններ են բնականաբար։ Ունէր տարբեր երազանքներ, բայց ստիպուած էր աշխատելու եւ առանց մեծ յաւակնութիւններ ունենալու մուտք գործած էր այս միջավայրին։ Ապա շուտով նկատեց թէ ինչ առիթներ կրնայ մատուցել այս աշխատանքը եւ այդ տեսնելով գործի լծուեցաւ անվարան եւ հիմնեց իր սեփական ընկերութիւնը։ Շուրջ 25 տարուայ պատմութիւն մըն է այս, որուն վերջակէտը եղաւ 3 Յունիսին տեղի ունեցած վաղաժամ մահը։ Սրտի կաթուած մըն էր, որ տապալեց զինք եւ մեծ սուգ յառաջացուց Թուրքիոյ երաժշտական միջավայրին։
Ինչպէս վերեւ նշեցինք Հասան Սալթըք կը սիրէր ուրիշներու խուսափած ծովերու մէջ նաւարկել։ Այսպէսով հրապարակեց բազմաթիւ ձայնապնակներ, որոնց մէջ կը հնչեն երկրի բոլոր լեզուները։ Նախապատուութիւն ընծայեց որակին եւ վայելեց իր այդ նախասիրութեան դրական արդիւնքները։
Հասան Սալթըքի գործը գնահատուեցաւ ամենուրէք։ Նոյնիսկ Նիտերլանտներու Թագաւորութիւնը զինք պարգեւատրեց «Իշխան Քլաուս» շքանշանով։ Ինքնին ստանձնեց այնպիսի առաքելութիւն մը, որ հազիւ կրնար Մշակոյթի Նախարարութեան մը տիրացած միջոցներով գլուխ հանել։ Թերեւս այդ էր պատճառը թէ թաղման միջոցառման ներկայ չէին Մշակոյթի Նախարարութենէ ոեւէ անձ։ Անոնք որոնք մեծ ջանասիրութեամբ կը փութան այս կամ այն աղանդապետի թաղումին, կարիք չէին զգացած մշակոյթի այս մեծ գործիչին հանդէպ յարգանքի վերջին տուրք մը մատուեցլու։ Հասան անվերադարձ բաժնուեցաւ մեզմէ իր ետին թողելով արխիւային շատ հսկայ հաւաքածոյ մը։ Դիտելով այս պատկերը կրնանք ենթադրել թէ Հասան Սալթըք յետ մահու պիտի շարունակէ նպաստել երկրի երաժշտութեան եւ մշակոյթին շնորհիւ մեծ զոհողութիւններով համադրած արխիւին։ Հայ երգիչներ եւ երգեցիկ խումբեր երախտապարտութեամբ պիտի յիշեն Հասանի ներդրումը միշտ մտքի մէջ ունենալով անոր հրապարակած ձայնագրութիւնները։ Հայ ժողովուրդական, աշուղական, դասական եւ հոգեւոր երաժշտութեան բազում օրինակներ լոյս տեսած են «Քալան Միւզիք» ընկերութեան պիտակով։ Անմիջապէս կարելի է յիշել ցեղասպանութեան դարադարձին առթիւ հրատարակուած Խաչատուր Աւետիսեանի «Օրաթօրիօ»ն։ Ճիվան Գասպարեանի կամ Սուրէն Ասատուրեանի նման ամենահեղինակաւոր տուտուկահարներու ձայնագրութիւնները։ Վարդանանց Երգչախումբի կատարումները եւ դեռ անհամար գործեր հայերէն, ասորերէն, զազայերէն եւ քրտերէն լեզուներով։ Հասան Սալթըք իր աշխատութիւնով նաեւ դպրոցի մը հիմնադիրը եղաւ այդ ասպարէզէ ներս։ Կասկած չկայ թէ զինք ճանչցողներ իրենց կեանքի տեւողութեամբ շատ առիթներ պիտի ունենան զինք յիշատակելու եւ «Եթէ Հասանը ըլլար այսպէս կ՚ընէր» ըսելով ափսոսալու։