Ինչպէս նախորդ շաբաթ ալ «Ակօս»ի էջերու վրայ արձագանգած էինք, յանցագործ աշխարհի կարեւոր դերակատարներէն, այժմ Արաբական Էմիրատներ ապաստանած Սետաթ Փեքեր իր հերթական հրապարակումներով կը շարունակէ ցնցել Թուրքիոյ քաղաքական դաշտը։ Ան արդէն շատերու համար ծանօթ իրողութիւններ է որ կը հրապարակէ, բայց իր հրապարակումները աւելի ցնցիչ կը դառնան պարզապէս այն պատճառաւ թէ ունին խոստովանութեան բնոյթ։ Փեքեր կը խօսի պետութեան յանցագործ դրութիւններու մատնուած ըլլալու մասին առաջին կարգի վկայութիւններով։ Այս է որ իր խօսքը աւելի ազդեցիկ կը դարձնէ եւ մարդիկ կասկած չեն ապրիր անոր ճշգրտութենէն։ Այս ծիրէն ներս ուշագրաւ էր անոր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչուած պնդումները եւս։ Ինչպէս ծանօթ է Հրանդ Տինք ընտանիքի իրաւապաշտպանները դատարանը կը հրաւիրէին կարգ մը անուններու գործունէութիւնը ուսումնասիրելու, բայց ընդմիշտ կը մերժուէր անոնց այդ բնոյթի պահանջները։ Իսկ այժմ Փեքերի խոստովանութիւնները կ՚ապացուցեն թէ որքան տեղին եղած են, այդ պահանջները ոճիրը պարզաբանելու առումով։
Փեքեր նախորդ կիրակիի իր հերթական հրապարակումով ազդանշաններ տուաւ որ յառաջիկայ օրերուն հաւանաբար կարգ մը մեղադրանքներ հնչեցնէ նաեւ ուղղակի նախագահ Էրտողանի հասցէին։
Այդ զարգացումներու ընդմէջէն Ժողովուրդներու Ժողովրդավարութեան Կուսակցութեան պատգամաւոր Ֆիլիզ Քերեսթէճիօղլու յատուկ հարցում ուղղած է Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլուին, այս վերջինէն պահանջելով բացատրել Տինքի ոճիրի մեղադրեալներէն Էրհան Թունճէլի կապը նախկին նախարար Մեհմետ Աղարի եւ նախկին զօրավար Վելի Քիւչիւքի հետ։