Յունիսի 2, 2021թ., Երեւան։ «Ապագայ Հայկականը» հանրային նախաձեռնութեանը միացած են աւելի քան 10 հազար մարդ Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Նախաձեռնողները հիմնականին Հայաստանէն են՝ 57 %, Ռուսաստանէն՝ 17 %, Միացեալ Նահանգներէն՝ 10 %, նախաձեռնութեան միացած են նաեւ Գանատայէն, Արկենդինայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ այլ երկրներէն։ Անոնց հետ կը կազմակերպուին քննարկումներ, հանդիպումներ եւ աշխատաժողովներ՝ միասին քննարկելու եւ որոշելու համար նախաձեռնութեան 15 նպատակներուն հասնելու լաւագոյն ուղին։
«Ապագայ Հայկականը» նախաձեռնութեան նպատակն է ստեղծել Հայաստանի եւ հայութեան կայուն զարգացման շուրջ համընդհանուր փոխըմբռնում։ Այն նախաձեռնած են Ռիչարդ Ազարնիան (Ֆրանսա), Արթուր Ալաւերտեանը (Հայաստան), Նուպար Աֆէյեանը (ԱՄՆ) եւ Ռուբէն Վարդանեանը (Ռուսաստան)։
«Ապագայ Հայկականը» հանրային նախաձեռնութիւն է, որ ուղղուած է սահմանելու կարեւոր նպատակներ, որոնք կարող են օգնել Հայաստանի ապագային շատ աւելի լաւ հանգրուանի հասնիլ՝ ըլլաով իրատես առկայ իրավիճակը եւ հայ ազգի ուժեղ կողմերու, աշխարհի մէջ Հայաստանի դիրքը, տնտեսութեան, ռեսուրսներու վերաբերեալ։ Մենք պէտք է ապագայի ծրագիր կազմենք, որ նախ կը ներգրաւէ բոլոր հայերուն, այնուհետեւ անոնք կը սկսին աշխատիլ միասին։ Սա է Ապագայ Հայկականը նախաձեռնութեան նպատակը» կ՚ըսէ «Ապագայ Հայկականը» շարժման համանախաձեռնող Նուպար Աֆէյեանը։
Նախաձեռնութեան յաջորդ նպատակակէտն է 30.000 նախաձեռնող ներգրաւել։ Միայն անոնք նախապէս՝ մինչ հրապարակումը, կը ստանան 15 նպատակներու վերլուծութեանը նուիրուած յօդուածներ, ինչպէս նաեւ «McKinsey & Company» ընկերութեան մշակած յատուկ զեկոյցն ու Հայաստանի զարգացման վերաբերեալ ծրագիրը։
Հետաքրքրուած բոլոր մարդիկ կրնան դառնալ համանախաձեռնող՝ այցելելով www.futurearmenian.com կայք, մասնակցելով «Ապագայ Հայկականը» նախաձեռնութեան յառաջիկայ քննարկումներուն եւ միասին ծրագրել հետագայ քայլերը։