ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Անցեալը ուղեցոյցն է ապագային

Մեր ապ­րած օրե­րու զար­գա­ցումնե­րը յա­ճախ կը պար­զեն այնպի­սի պատ­կերներ, որոնք վեր­յի­շումնե­րու տե­ղի կու տան մտքի ծալ­քե­րուն մէջ։ Ակա­մայ կը տա­րուինք խոր­հե­լու թէ մե­րօրեայ բո­լոր բար­դութիւննե­րը ան­ցեալին ան­տե­սուած, գի­տակ­ցութեան չե­կած սխալ­նե­րու կրկնու­թիւններն են։

Թէ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Թուրքիոյ դէմ յան­դի­ման գտնո­ւած խնդիր­նե­րը կ՚առա­ջար­կեն այս մտա­ծելա­կեր­պը։

Որոշ ժա­մանա­կէ ի վեր ակա­նատես կ՚ըլ­լանք աւա­զակա­պետի մը հրա­պարա­կումնե­րուն, որոնք բա­ցայայ­տօ­րէն կը նկա­րագ­րեն Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան որ­դեգրած անօ­րինու­թիւննե­րը։ Այս հաս­տա­տումնե­րը վեր­լո­ւածա­բան­նե­րը կը մղեն պատ­մութեան նա­յելու եւ իրենց դէմ կը յայտնո­ւի հան­րա­պետու­թեան հաս­տատման տա­րինե­րուն կա­տարո­ւած անար­դա­րու­թիւննե­րու հսկայ պատ­կե­րը։ Հա­մար­ձա­կու­թիւն ու­նե­ցող­ներ կը յանդգնին պնդե­լու թէ սխա­լը պէտք է ուղղել փոր­ձել 1915 թո­ւակա­նէն սկսե­լով։

Երե­ւոյ­թը տար­բեր չէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հա­մար։ 2018-ի գար­նան հա­մազ­գա­յին ոգե­ւորու­թեամբ կա­տարո­ւած էր Թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւն մը։ Ազ­գով մէկ դա­տապար­տած էինք «Նախ­կինննե­րը»։ Այդ ըն­դհանրա­ցու­մով կը մե­ղադ­րէինք եր­րորդ հան­րա­պետու­թեան ցարդ գոր­ծող ամ­բողջ քա­ղաքա­կան հա­մակար­գը։ Վեր­ջա­պէս Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան, Ռո­պերտ Քո­չարեան եւ Սերժ Սարգսեան նոյն գա­ղափա­րին ծա­ռայող գոր­ծիչներ էին, որոնք 30 տա­րուայ ըն­թացքին եր­կի­րը տա­րին սնան­կացման։ Ար­տա­գաղ­թը ընդմիշտ գոր­ծեց անոնց երե­քին ալ իշ­խա­նու­թեան տա­րինե­րուն։ Այ­սօր կան­խա­հաս ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ երեքն ալ իջած են քա­ղաքա­կան դաշտ եւ առանց յա­տուկ ծրա­գիր մը առա­ջար­կե­լու կը ներ­կա­յաց­նեն իրենց թեկ­նա­ծու­թիւնը։

Աւե­լին՝ սփիւռքին երեք կա­րեւոր կու­սակցու­թիւննե­րէն եր­կուքը, Հայ Յե­ղափո­խական Դաշ­նակցու­թիւնը եւ Ռամ­կա­վար Ազա­տական Կու­սակցու­թիւնը իրենց աջակ­ցութիւ­նը յայ­տա­րարե­ցին երկրորդ նա­խագահ Ռո­պերտ Քո­չարեանին։

Ահա­ւասիկ երե­ւոյթ մը, որ մե­զի մտա­ծել պի­տի թե­լադ­րէ 100 տա­րուայ ըն­թացքին պե­տակա­նու­թեան երեք փոր­ձե­րու եւ անոնց ձա­խողու­թեան պայ­մաննե­րու մա­սին։

Այ­սօր ստի­պուած ենք պա­տաս­խա­նելու այն հար­ցումին թէ ար­դեօք Հա­յաս­տա­նի շուրջ 100 քա­ղաքա­կան կու­սակցու­թիւննե­րէն իւ­րա­քան­չիւրը ո՞ր գա­ղափա­րախօ­սական սկզբունքնե­րով կը տար­բե­րի միւսնե­րէն։ Եթէ նման տար­բե­րու­թիւն մը չի ներ­կա­յանար հա­պա ի՞նչ նպա­տակ կը հե­տապնդէ կու­սակցու­թիւն կազ­մել կամ կու­սակցու­թեան ան­դա­մակ­ցե­լով երկրի զար­գացման նպաս­տել։ Ան­ցեալին այս տե­սակի անի­մաս­տութեան լու­ծումը ար­գի­լել էր։ Այ­սօր կա­րիք չկայ ար­գի­լելու կամ ար­գելքնե­րու դի­մելու։ Հրա­պարա­կաւ իմաս­տազրկե­լը ինքնին բա­ւարար է։

Մար­դիկ՝ որոնք նոյ­նիսկ պի­տի դժուարա­նան իրենց ըն­տա­նիքի ան­դամնե­րու ձայ­նե­րը ապա­հովե­լու, թող մատ­նո­ւին ամօ­թի եւ միայն իմաս­տուն առա­ջարկներ ներ­կա­յաց­նե­լով ել­լեն ժո­ղովուրդին դի­մաց։

Կան­խենք թիւ­րիամա­ցու­թիւնը։ Թող ամէն ան­հատ իրա­ւունք ու­նե­նայ երկրի քա­ղաքա­կանու­թեան մա­սին կար­ծիք յայտնե­լու։ Թող իրա­ւունք ու­նե­նայ այդ նպա­տակաւ կազ­մա­կեր­պո­ւելու։ Թող ազատ զգայ քա­րոզ­չութեան մէջ։ Բայց միայն մէկ պայ­մա­նաւ՝ այս բո­լորը ընէ որոշ գա­ղափա­րի մը հա­մար՝ այլ ոչ թէ ան­հա­տական կամ խմբակ­ցա­կան ու­ժի մը տի­րանա­լու մար­մա­ջով։

pakrates@yahoo.com