Արցախեան պատերազմի օրերուն, նկատի ունենալով Թուրքիոյ Ատրպէյճանի կողքին պատերազմի մասնակցութիւնը, ՀՀ կառավարութիւնը որոշած էր 1 Յունուար 2021 թուականէն սկսեալ վեց ամիս տեւողութեամբ արգիլել Թուրքական արտադրութեան ներածումը։
Հայաստանի Տնտեսութեան Նախարարութեան շրջանակները այժմ կը պատրաստուին ներմուծման արգելքի ժամկէտը երկարացնող բանաձեւ մը ներկայացնել կառավարութեան։
2019-ի տուեալներով Թուրքիա դէպի Հայաստան արտածած էր 268,1 Միլոն ԱՄՆ տոլար արժողութեամբ ապրանք։ Արտածուած ապրանքներու մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն հագուստեղէնը, նարինջը, գործիքներ եւ սարքեր, քարիւղ է նաւթածին իրեր։