Թուրքիոյ առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեան կը յիշատակուի Պէյօղլուի Քաղաքապետարանի կազմակերպած յատուկ ցուցահանդէսով մը։ Ցուցահանդէսի բացումը պիտի կայանայ իր ծննդեան օրը՝ 3 Յունիս Հինգշաբթի, ժամը 12,00-ին, Կալաթասարայ վարժարանի առջեւ։ Պիտի ցուցադրուին անուանի բռնցքամարտիկի լուսանկարները, նուաճած բաժակները, մետայլները է այլ անձնական իրեր։
Քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզի ստորագրութիւնը կրող հրաւիրագրի վրայ կը փառաբանուի Կարպիս Զաքարեանի հեզ ու բարի բնաւորութիւնը, մարզիկի յատուկ ազնիւ վարքն ու նկարագիրը։ Կը նշուի նաեւ անոր իբրեւ Թուրքիան ներկայացնող ազգային մարզիկ, ժողովուրդի սրտին մէջ գրաւած բարձր համակրանքը։