«Եւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնը 1-4 Յունիս թուականներու միջեւ կը կազմակերպէ ժամանակակից գեղանկարչութեան տօնավաճառ մը։ «ART CONTACT ISTANBUL» ընդհանուր խորագրին տակ ներկայացուած բազմաթիւ նմուշներու մէջ իրենց գործերով կը ներկայանան հինգ հայ գեղանկարիչներ՝ երեքը Հայաստանէն եւ երկուքը Թուրքիայէն։
Անցեալին արդէն Թուրքիոյ մէջ իրենց անհատական ցուցահանդէսներով ուշադրութեան արժանացած անուներ են Արծրուն Ապրեսեանը, Աշոտ Եանը եւ Դաւիթ Դաւիթեանը։
Միջոցառման կը մասնակցին նաեւ թուրքիացի երկու նկարչուհիներ՝ Իտա Գահրաման երկու եւ Մարի Կիզելլա Քաւաք չորս գործերով։
Այս մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ մեր բարեկամ արուեստաբան Պայքար Տեմիր, որուն ջանքերով կայացած էին Արծրուն Ապրեսեանի, Աշոտ Եանի եւ Դաւիթ Դաւիթեանի ցուցահանդէսները։