ՆԵՍԼԻՀԱՆ ԳՈՅՈՒՆՃՈՒ ՊԱԼԻ
Գարագիւղ Շարափ Իսքելէսի (Գինիի նաւամատոյց) փողոցի վրայ պատմական շէնք մը։ Յստակօրէն կ՚երեւի իր 200 տարուայ անցեալը։ Այս շէնքը այժմ անցեալի ուրուականներու հետ միասին կը հիւրընկալէ Գրիգոր Սահակօղլուի վերջին ցուցահանդէսը՝ «Ժամանակազուրկ»ը։ Ցուցահանդէսէն ետք ան պիտի վերանորոգուի եւ յետ այսու պիտի դառնայ «Կալերի 77» գեղարուեստական ցուցասրահի նոր հասցէն։
Սահակօղլուի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 11 Յունիս։
Անուանի արուեստագէտի ինչպէս նախորդ ցուցահանդէսները, Ժամանակազուրկն ալ վայրերու եւ ժամանակի յարաբերութիւնը կը նկարագրէ։ Ան 2015-ին երբեմնի ծխախոտի շտեմարան ծառայած «Տեփօ»ի մէջ սարքած էր ցուցահանդէս մը, որ նիւթ կ՚ունենար հայ ժողովուրդի կորուստներու որոնումը եւ կոչուած էր «Էքսիք», այսինքն պակաս կամ բացակայ։ Ցուցահանդէսը 2017-ին իր ալ աշակերտած Կեդրոնական վարժարանի անմիջապէս դիմացը գտնուող երբեմնի Ղալաթիոյ Յունական դպրոցի, որ այսօր ցուցահանդէսներու կամ մշակութային ձեռնարկներու վայրի մը վերածուած է, Սահակօղլու հոն ներկայացաւ «Իւթոփիա» անուն ցուցահանդէսով։
«Ժամանակազուրկ»ը կը ներկայանայ գինիի հին շտեմարանի մը մէջ։ Անցեալին յոյն նաւաստիներ Էգէական կղզիներէն Իսթանպուլ փոխադրած գինիի եւ օղիի տակառները հոս կը բերէին։ Շէնքը որոշ ժամանակ յոյն ընտանիքի մը սեփականութիւնը ըլլալով, որպէս ծաղարան գործածուեցաւ։ Աւելի ետք այս անգամ «Թարիշ» ընկերութիւնը նոյն վայրը գործածեց իբրեւ գինիի պահեստանոց։ Շէնքի այժմու տէրն է «Կալերի 77» ցուցասրահը։
Խօսուն վայր մըն է այս, ուր պատերու ներկի շերտերը խոնաւութեան պատճառաւ իրարու մէջ ընդելուզուած փոքրիկ հպումներու կը սպասեն փշրուելով գետին թափելու համար։ Ներկի իւրաքանչիւր շերտ յիշողութիւն մը կը բերէ տարբեր ժամանակէ, որոնց վրայ Սահակօղլուի կտաւները այսօրուայ ներկայացուցիչները ըլլալով կը դիմաւորեն այցելուները։
Պատերու տարբեր ժամանակներ յուշող ներկի շերտերու նման Գրիգոր Սահակօղլուի կտաւներուն ալ մերթ սփաթուլով եւ մերթ ալ վրձինի հպումներով։ Իրար լրացնող իւղաներկի շերտերը այս անգամ ոչ թէ դէպի անցեալ, այլ դէպի ապագայ ենթադրութիւններու առիթ կը ստեղծեն։ Կտաւներու շերտերու կուտակումը եւ պատի շերտերու մաշուիլը զգալի հակասութեան մը տեղի կու տան։ Արուեստագէտը «Ժամանակը մարդու մտածութենէն անկախ իրականութիւն մը ունի՞» հարցումին հետեւելով մեծամասնութիւնը այս վայրը նկատի ունենալով պատրաստած գործերով անցեալի ու ապագայի արանքին ժամանակազուրկ սպասում մը կ՚առաջարկէ։ Այստեղ նկարները անհաղորդ չեն իրենց տեղադրուած պատերէն։ Ընդ հակառակը մտաձուլուած են իրարու հետ։
Գործերու ցուցադրման եղանակը անոնք լոկ նկար մը ըլլալէ հեռացնելով վայրին տեղադրուած գործերու կը վերածէ։ Սովորաբար նկարը պատին կպցուած կը ներկայացուի։ Իսկ այստեղ նախընտրուած է անոնք առաստաղէն իջնող թելերով կախել։ Այսպէսով գոյացւած է որոշ հեռաւորութիւն մը պատին եւ գործին միջեւ։
Իսկ երկրորդ յարկի վրայ ապակի չունեցող լուսամուտներէն փչող քամին շարժուն կը դարձնէ կախուած նկարները։ Աւելին, պատի ու նկարի հեռաւորութեան հետեւանքով կը գոյանայ ստուեր մը, որ իր կարգին կու գայ նոր շերտ մը ըլլալով։
Կարգ մը նկարներ քոլաժի դրութեամբ օժտուած են զանազան իրերով։ Կոճակներ, փայլուն մետաղեայ ուղղանկիւն քառանկիւններ՝ չորացուած ծաղիկներ…։
Երբ իր գործերուն մասին կը զրուցեմ Գրիգոր Սահակօղլուին հետ կ՚անդրադառնամ անոր իր գործերուն հետ ունեցած շփումին։ Բացատրութիւններ տուած պահուն դպչելու կարիքը կը զգայ։ Գիտենք որ նկարի մը դպչելը թապուի համազօր խնդիր է։ Բայց հեղինակը անոնց հետ ունի պատկանելութեան զգացում մը։ Ան նաեւ կը բացատրէ կտաւներուն ագուցուած իրերը, ըսելով որ անոնք ընդհանրապէս իր ծնողներէն յիշողութիւններ կը պարունակեն։ Օրինակի համար այդ մետաղեայ քառանկիւնները կտրած է հօրմէն յիշատակ մնացած թիթեղի մկրատով։ Իսկ կոճակները պէտք է յիշեցնեն օղակներ, որոնք նաեւ իրենց միասնութեան մէջ կը խորհրդանշեն կապուածութիւն։
Ան թէեւ կը պարզէ թէ իւրաքանչիւր գործի արտադրութեան շրջանին գործին հետ կ՚ունենայ մտային ու զգացական խտացում մը, բայց նաեւ կը կարեւորէ հանդիպականութեան գործօնն ալ։ Պատահականութիւնները, վայրի խորշերէն թափանցող փողոցի ձայները կամ քամին կու գան իրենց բաժինը բերելու այս ցուցահանդէսին։
Ընդհանրապէս մեծ ծաւալով գործերը այցելուին կը թելադրեն տարբեր տեսանկիւններէն դիտելու կարիքը։ Արդարեւ մետաղեայ քայլուն պնակ մը, երբ կը մօտենաք յանկարծ կը վերածուի հայելիի մը, որուն մէջ կը տեսնէք ձեր դէմքի ցոլացումը։ Բացի այդ նկարներէն անջատաբար տեղադրուած կլոր հայելիի մը տակ գրուած է հետեւեալը. «Սերունդներու յարատեւութիւնով գիտենք միակ ճշմարտութիւն մը մեր տեսած բոլոր իրերու մէջ ամենանուազ ծանօթն է սեփական դէմքը»։
Այս ցուցահանդէսը վերանորգութենէ մը ետք իբրեւ ցուցասրահ ծառայելու պատրաստուող վայրի, անցեալին ու ապագային միջեւ խիստ շահեկան փակագիծ մը ըլլալով կը ներկայանայ։