Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Պեքլարեան երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուայ առթիւ դիմած է միջազգային հանրութեան, երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղուող կազմակերպութիւններուն՝ կանգնելու Արցախի երախաներու կողքին եւ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները։ Ուղերձին մասնաւորապէս ըսուած է.
«Երեխաներու իրաւունքները պէտք է պաշտպանուած ըլլան ամէնուր, անկախ անկէ, թէ անոնք որտեղ կ՚ապրին՝ աշխարհի որ անկիւնը։ Երախաները ունին մեր պաշտպանութեան կարիքը եւ մենք ուղղակի իրաւունք չունինք անտարբեր ըլլալու անոնց անհոգ ու բարեկեցիկ մանկութեան նկատմամբ։
2020 թուականի Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի դէմ սանձազերծուած պատերազմը իր բացասական հետեւանքները թողած է Արցախի երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ։ 1 երախայ զոհուած է, 9-ը՝ վիրաւորուած Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի քաղաքացիական բնակավայրերու թիրախային եւ ոչ տարբերակուած յարձակումներու հետեւանքով։
Արցախի երախաները ստիպուած էին անցնիլ պատերազմի դաժանութիւններու միջով՝ ապրելով ապաստարանները մշտական ռմբակոծութիւններու տակ՝ զրկուելով իրենց ընտանիքներու հետ բնականոն ապրելու իրաւունքէն։ Հարիւրաւորները կորցրած են իրենց հարազատներուն՝ հայրերուն, եղբայրներուն եւ պապիկներուն, եւ այսօր ալ կ՚առերեսուին կորուստի հոգեբանական հետեւանքներուն։
Պատերազմի հետեւանքով աւելի քան 10000 երեխա տեղահանուած է իր բնակավայրերէն. խախտոած է անոնց՝ ֆիզիկական, մտաւոր եւ հոգեւոր լիարժէք զարգացման համար անհրաժեշտ կենսապայմաններու իրաւունքը։
Պատերազմի ողջ ընթացքին Արցախի երախաները զրկուած էին կրթական իրաւունքէն, այսօր ալ 8000-է աւելի երախաներ կրթութիւն կը ստանան իրենց հարազատ միջավայրէն դուրս՝ բախուելով միջավայրին համակերպելու հետ կապուած հոգեբանական խնդիրներու։
Ասոնք Արցախի երախաներու իրաւունքներու խախտման ընդամէնը մի քանի օրինակներ են, որոնք վերացնելու համար Արցախը միջազգային հանրութեան եւ մասնաւորապէս երախաներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ շահագրգիռ կազմակերպութիւններու աջակցութեան կարիքը ունի։
Երախաներու պաշտպանութեան օրը կը շնարհաւորեմ եմ աշխարհի բոլոր երախաներուն եւ որպէս Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան յոյս կը յայտնեմ, որ այս կոչը տեղ կը հասնի եւ միջազգային հանրութիւնը կը կանգնի Արցախի երախաներու կողքին՝ պաշտպանելու անոնց իրաւունքները»։