Հայաստանի սահմանագծի վրայ Ատրպէյճանական ոտնձգութիւնները լուրջ սպառնալիք մը կը կազմեն 9 Նոյեմբերի զինադադարի պահպանման առումով։ Արդարեւ Հայ-Ատրպէյճանական սահմանագծի Վերին Շորժայի հատուածին տեղի ունեցած զինեալ բախումի հետեւանքով զոհուեցան երկու հայ զինուորներ։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը խուսափին Ատրպէյճանական ոտնձգութեան դէմ համաչափ պատասխան տալէ, կանխելու համար անկառավարելի նոր լարուածութեան մը ներկայանալը։
Միւս կողմէ միջազգային շրջանակներ ինչպէս միշտ կը բաւարարուին զգուշացման կոչերով։