Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութիւնը հիկիենային անվտանգութեան կանոններու մէջ փոփոխութիւններ նախատեսած է։
ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ թէ, Յունիսի 1-էն սկսեալ բաց տարածքներուն դիմակ կրելը այլեւս պարտադիր չըլլար։ Իսկ պատուաստուած քաղաքացիներու համար փակ տարածքներուն դիմակ կրելը պարտադիր չըլլար Յուլիսի 1-էն սկսեալ։
Պատուաստուած կը համարուին, այն քաղաքացիները, որոնք ստացած են պատուաստանիւթի 2 դեղաչափ, գրանցուած են «Armed E-Health» համակարգի մէջ եւ ունին QR քոտ։
Հայաստան մէջ քորոնավիրուսի դէմ պատուաստումը կ՚իրականացուի 3 պատուաստանիւթով «Սպուտնիկ-5», «ԱստրաԶենեկա» եւ «Կորոնավակ»։ «ԱստրաԶենեկա»ով եւ «Կորոնավակ»ով պատուաստումները կրնան իրականացուիլ 18 եւ բարձր տարիքի անձանց, ըստ դիմելիութեան, կամաւորութեան սկզբունքով։ Իսկ «Սպուտնիկ-5»ով պատուաստումները նախատեսուած են 18 տարեկանէն բարձր քրոնիկ հիւանդներու, 18-54 տարեկան բուժաշխատողներու, սոցիալական խնամքի կեդրոններու բնակիչներու եւ աշխատակիցներու համար։