Մայիս ամիսը յաղթանակններու ամիս ըլլալով կը նշուի հայ իրողութեան մէջ։ Բ. Համաշխարհային պատերազմի յաղթական աւարտը ամբողջ Խորհրդային միութեան տարածքին թերեւս ամենափայլուն կերպով կը յիշատակուէր Հայաստանի մէջ։ Արդար էր այս երեւոյթը, տրուած ըլլալով թէ Հայաստան իր բնակչութեան համեմատութեամբ ամենաշատ զոհեր տուած հանրապետութիւնն էր Խորհրդային աշխարհի վրայ։ Վերջապէս բոլորիս յիշողութեան մէջ քանդակուած պատկեր մըն է Թամանեան Տիվիլեայի զինուորներու Քոչարի պարը Գերմանիոյ խորհրդարանի՝ Ռայշտակի դիմաց։
Մայիսը նաեւ խորհրդանշական մի այլ թուական ունի, երբ օրացոյցի էջերը կը հասնին 28-ին։ Այդ օր Սարտարապատի հերոսամարտի դիմադրութեան յաղթանակով աւարտը եւ ապա աւելի քան վեց դարի հասնող զրկանքէ մը ետք Հայկական պետականութեան վերահաստատումը կը յիշենք։ Կարեւոր էհայ ժողովուրդի պատմութեան այդ հանգրուանը՝ քանի որ դարեր շարունակ Պարսկաստանի, Ռուսիոյ թագաւորութեան, Օսմանեան Կայսրութեան տիրապետութեան տարիներէ ետք հայրենի հողին վրայ կը ներկայանար ազգային պետութիւնը։
Հոգ չէ թէ ան ունեցաւ հազիւ երկու տարուայ հասնող կեանք։ Այդ երկու տարին բաւարար եղաւ, որ նախաձեռնուի «պետութիւն» հասկացողութեան թելադրած բազում նախաձեռնութիւններ։ Այդ նախաձեռնութիւններու հիման վրայ է որ կառուցուեցաւ Խորհրդային Հայաստանը եւ տարուէ տարի զարգանալով ի վերջոյ ծնունդ տուաւ անկախ Հայաստանի յայտնութեան։
Այսօր Մայիսի 28 իր ուրախ տրամադրութիւններու կողքին առիթ կը ստեղծէ նաեւ անցնող 30 տարիներու հաշուեյարդարը ընելու։ Պարտինք բոլոր քաղաքական եւ մանաւանդ ալ կուսակցական նախապաշարներէն ձերբազատուելով դիտել անցնող 30 տարիները։ Պահ մը յիշել Օփերայի հրապարակին վրայ կատարուած հանրահաւաքները։ Յիշենք Խորհրդային Բանակի հրասայլերով հրապարակը շրջապատելը եւ ապա յիշենք քաղաքացիներու երրորդ օղակով մը բանակը շրջապատելու տրամադրութիւնը։
Խորհրդային Բանակը այդ ազգային կամքի դրսեւորման դիմաց ճարահատ ետքայլ ըրած եւ հեռացած էր հրապարակէն։
Բայց նաեւ պարտինք յիշել թէ, այդ կամքը ինչպէ՞ս լռութեան դատապարտուեցաւ, երբ սունկի նման աճեցան իբրեւ թէ Արցախեան պատերազմի մասնակից հերոսներ ըլլալով ներկայացող հրոսախումբերու դիմաց։ Յիշենք Վազգէն Մանուկեանի այդ հրոսախումբերը զինաթափ ընելով հայկական բանակի ստեղծման օրերը։ Այդ նոյն տարիներուն կը զուգադիպէին սեփականաշնորհման պատրուակով երկրի ճարտարագիտութեան թալանումը։ Թալանում՝ որ իր հետ բերած էր անտանելի գործազրկութիւն եւ հետեւաբար աղքատութիւն։
Օփերայի հրապարակի վրայ Խորհրդային բանակը շրջապատող կամքը ոչ մէկ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ երկիրը ու երկրի հարստութիւնը յափշտակող այս զարգացումներուն դիմաց։
Ազգը անգամ մը եւս դրսեւորեց իր կամքը 2018-ի գարնան եւ տեղի ունեցաւ թալանող իշխանութիւններու գահավիժումը։
Մայիսը դարձեալ յաղթական էր այդ օրերուն։ Հայոց քաղաքական միտքը ափսոս որ չէր կրցած արդարացնել յեղափոխութեան պահանջները։ Նորընտիր վարչապետը չէր կրցած ժողովուրդի զօրակցութիւնը դիւանագիտական ուժի մը վերածելով Արցախեան հակամարտութիւնը լուծելու համար յանդուգն քայլերու դիմելու։ Խուսափած էր անհրաժեշտ զիջումներէ, որոնց հարկադրուեցաւ զինուորական ծանր պարտութենէ մը ետք։
Մինչեւ տարի մը առաջ նոյն Մայիս ամսուն կը սիրէինք փառաբանել Շուշիի ազատագրումը։ Այսօր կը սգանք նոյն Շուշիի կորուստին եւ չենք կրցած լուծում գտնել շփացած Ալիեւի ոտնձգութիւններուն դիմաց։
2021-ի Մայիսը այն չէ, ինչ որ էր վերջին 70 տարիներուն։
pakrates@yahoo.com