Ըստ աւանդութեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան հիմնադրութեան տարեդարձը ամէն տարի կը նշուի Հոգեգալստեան Տօնին։ Թագաժահրի սահմանափակումներուն պատճառաւ այս տարի եւս կարելի չեղաւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ նշել այս պանծալի յիշատակութիւնը։ Իսկ միւս կողմէ, Աթոռոյս հաստատման տարեդարձին առթիւ կատարուեցաւ հոգեւոր արարողութիւն, զոր տեսասփռուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյս կայքէջէն։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 22 Մայիս 2021, Շաբաթ, յետ միջօրէին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Պատրիարքական Մաղթանք», որ առիթ դարձաւ Պատրիարքական Աթոռոյ սուրբ առաքելութեան անսասանութեան համար աղօթելու։ Արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրերը, քահանաներ, ժառանգաւոր սաներն ու Արմաշ Դպրաց Խումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ Աթոռանիստ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։
Արարողութեան սկիզբը Նորին Ամենապատուութիւնը ի ձեռին ունենալով Պատրիարքական Աթոռոյ պատմական մականը, հոգեւորականաց թափորով առաջնորդուեցաւ տաճար, ուր նախագահեց արարողութեան։ Մաղթանքի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց Պատրիարքական դարաւոր Աթոռն եւ մեր համայնքը։ Սոյն արարողութիւնը առիթ դարձաւ, որ Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանրապէս եւ Պատրիարքական Աթոռոյս մասնաւորապէս շինութեան, բարեկարգութեան եւ անսասանութեան համար։
Արարողութեան աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը արտասանեց իր պատգամը, որուն ընթացքին 560 տարեկան դարձած Պատրիարքական Աթոռոյ հաստատման յիշատակութիւնը կարեւոր անկիւնադարձ մը որակեց։ Յիշեցուց, թէ Պոլիսը անցեալին օրրանը դարձած է արեւմտահայերէնի կերտման, զարթօնքի եւ փառահեղ ազգային գործիչներու շարանին։ Նորին Ամենապատուութիւնը ապա շարունակեց.
«Ուրախ ենք եւ հպարտ, քանի 560 տարուան ժառանգը հասած է մեր օրերուն։ Տակաւին մեր պայմաններով ունինք պատկառելի ներկայութիւն մը այս քաղաքին մէջ եւ այս մէկը ամբողջ Հայութեան համար մեծ վկայութիւն մըն է։ Ունինք այս երկրին մէջ եկեղեցիներ, դպրոցներ հանդերձ իրենց աշակերտներով, ունինք միաբանութիւն, եկեղեցականաց դաս, սարկաւագներու եւ դպիրներու փաղանգ, երգչախումբեր, վարչայիններ, հիւանդանոցներ, մամուլ եւ իր եկեղեցիին կապուած համայնք մը։ Հետեւաբար ունինք ըսելիք խօսք եւ ընելիք գործ։ Ինչպէս մեր նախնիքը ոտքի պահեցին, մենք ալ մեր կարգին պիտի ջանանք ոտքի պահել զայն՝ եկեղեցական դասով ու աշխարհական զաւակներով»։
Պատրիարք Հայրը, նախ քան վերջին օրհնութիւնը, նկատի ունենալով Աթոռոյս տարեդարձը, նաեւ գեղեցիկ անակնկալով մը Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանին շնորհեց լանջախաչ կրելու արտօնութիւնը։ Այս առիթով մաղթեց որ Ս. Խաչի սպասաւորներ, խաչի զօրութեամբ արժանանան Տիրոջ օրհնութեան։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ, Տէրունական Աղօթքով։ Ապա, Նորին Ամենապատուութիւնը թափորով առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարան։