Երբ համավարակը զգալիօրէն դանդաղեցուցած է ընկեային կեանքը պոլսահայութեան մօտ, կ՚արձանագրուին աննախադէպ զարգացումներ, որոնց նմանը հազուադէպ է աւելի քան հինգ դարերու երկարող պոլսահայ պատմութեան մէջ։ Յաճախ չէ որ պոլսահայ համայնքը իր իրաւունքները պաշտպանելու համար դիմէ դատարան եւ աւելի կարեւորը՝ ստանայ դրական արդիւնքներ։
Համայնքային հաստատութիւններու հանրածանօթ իրաւապաշտպան Սեդրակ Տաւութհան այս օրերուս կ՚այցելէ թրքահայ մամուլը եւ տեղեկութիւններ կը փոխանցէ վերջերս արձանագրուած կարգ մը ձեռքբերումներու մասին։ Այսպէս իր փոխանցումներով տեղեակ կը դառնանք թէ վերաքննիչ դատարանը մերժած է Վաքըֆներու Ըանդհանուր Տնօրէնութեան առարկութիւնը, ընդդէմ Անգարայի Վարչական Ատեանի արձակած վճռին, որ չեղեալ կը համարէր Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները առկախ համարող որոշումը։ Այդ որոշումով թէեւ ճամբայ բացուած էր համայնքային ընտրութիւնները իրականացնելու համար, բայց մեր հաստատութիւններէն շատեր վարանած էին այդ առիթին ընդառաջելու, հաւատարիմ մնալով իրենց աւանդական պահպանողականութեան։ Անոնք անցեալէն այս կողմ չունենալով իրաւունք պահանջելու սովորութիւն, շարունակեցին սպասողական դիրքի մէջ մնալ մինչեւ այն պահը, ուր պաշտօնապէս կառավարութիւնեը ներկայացնող կազմէ մը ստանան յստակ թոյլտուութիւն։ Բարեբախտաբար համայնքային չորս հաստատութիւններ Կեդրոնականի, Գարակէօզեանի, Ս. Խաչ Դպրեվանքի եւ Գալֆայեանի խնամակալները հենելով դատական վճռին, որոշում կայացուցին Հոկտեմբեր ամսուայ մէջ ութ տարիէ ի վեր առկախուած ընտրութիւնները իրականացնելու համար։
Այս վերջին զարգացումէն ետք կը սպասուի թէ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը եւ թաղական խորհուրդներ եւս բռնեն նոյն ճամբան եւ որոշում կայացնեն անհրաժեշտ նախապատրաստութիւններէն անմիջապէս ետք ընտրութեան թուական մը ճշդեն։ Հաւանաբար այս պահուն հրատապ կը դառնայ ընտրութեան կեդրոնական յանձնախումբի մը կազմութիւնը, որպէսզի յետ այսու ձեւաւորէ ընտրութեան կարգն ու կանոնը։