Այս վերջերս Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարանի սաները մեծ ու գնահատելի յաջողութիւն ձեռք ձգեցին մասնակցելով միջազգային մրցոյթի մը, որ կազմակերպուած է «Robotex Turkey 2021 Նախաձեռնութեան Նախագծի Միջազգային Մրցոյթ»ի անունին տակ։ Մասնակիցներն էին վարժարանի Զ. դասարանի սաներէն Միլա Տեւեճիան եւ Քրիս Էօզհալլաճեան , որոնք “Hıgh Mikri” անուանելով իրենց խումբը, իրենց ուղղեցոյց ուսուցչուհի Աղաւնի Տուրասլանի առաջնորդութեամբ «Unipsiko» խորագրեալ ծրագիրը պատրաստեցին ու առողջագիտական մարզէն ներս յաջողապէս արժանի եղան առաջնութեան մրցանակին։
Իսկ Է. դասարանի սաներէն Նիքոլ Թաշճեան, Այգուն Ներսէսեան եւ Սեւակ Իւչքարտէշէ բաղկացած «SAN» խումբն ալ, իրենց ուղղեցոյց ուսուցչուհի Այլին Ճըրըլի առաջնորդութեամբ ,«Հակաճառագայթման Պաշտպանութիւն» ծրագրով Կիրառական Բնագիտութեան մարզէն ներս արժանացան Երրորդ մրցանակի։ Մրցոյթին մասնակցած էին Թուրքիոյ 680 վարժարաններ։ Այսպէսով Եշիլգիւղի Հայոց Վարժարանի սաները յառաջիկայ շրջանին Էստոնիայի մէջ պիտի ըլլան Թուրքիոյ ներկայացուցիչները։
ROBOTEX TURKEY, որ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս կը կազմակերպէ մեծածաւալ գիտական գործունէութիւններ, կը ներկայացնէ նաեւ ROBOTEX INTERNATIONAL TALİNN/ESTONYA կազմակերպութիւնը, որու շնորհիւ աշխարհի չորս կողմերէ ճարտարագետներ, մեծ ընկերութիւնները կարավարող անձեր կը մէկտեղուին, ներշնչուելու համար արուեստագիտական վերջին նորութիւններէն, նոր ձեռնարկները ուսումնասիրելու, ռոբոտներ ծրագրելու համար եւլն.։
Համաճարակի ներկայ ու դժուարին պայմաններուն տակ, մեծ յոյս կը ներշնչէ մեր զաւակներուն յաջողութիւնը, որու շնորհիւ կը յուսադրուինք թէ անոնք պիտի ըլլան ապագայի գիտնականները եւ պիտի դառնան հայութեան եւ մարդկութեան պարծանքը։
Այսուհետեւ յաջողութիւն կը մաղթենք վարժարանի սաներուն եւ իրենց ուղղեցոյց ուսուցչուհիներուն Էստոնիայի մէջ կայանալիք հանգրուանին, մաղթելով, որ նորանոր յաջողութիւններով կը վերադարնան քաղաքս։