Քովիտ 19-ի համավարակը կը շարունակէ կեանքեր խլել առանց իր թափը նուազեցնելու։ Ըստ երեւոյթի ամենօրեայ վարակման դէպքերը զգալիօրէն նուազած են, սակայն մահուան տուեալները կը շարունակեն մնալ նոյն բարձրութեան վրայ։ Համայնքային շրջանակներու մէջ ծանր ցնցում պատճառեց Գարթալի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Յովհաննէս Սահակօղլուի կորուստը։ Սահակօղլու իր շինիչ յատկութիւններով արժանացած էր, թէ իր գործընկերներուն եւ թէ շփման անցած պոլսահայ համայնքի բոլոր խաւերուն համակրանքին։ Ան յաջողած էր սիրաշահիլ բոլորին գնահատանքը, որ արգասիքն էր անոր բեղուն ու արդիւնաւետ աշխատանքին։ Այդ աշխատութիւններու շնորհիւ է որ Գարթալի Ս. Նշան Եկեղեցին եւս յաջողեցաւ անցեալին իրմէ յափշտակուած կարգ մը կալուածներուն վերատիրանալու։ Սակայն ան իր հեզութեան մէջ երբեք չէր փորձած նման յաջողութիւնները ինքնագովութեան առարկայ դարձնել։
18 Մայիսին եւս վերահասու եղանք լրագրող Ատնան Կենճի մահուան բօթին։ Ատնան Կենչ իբրեւ համշէնցի մտաւորական, մեծ վաստակ ունեցած էր մամուլի բնագաւառէ ներս աշխատակցելով զանազան թերթերու, որոնց կարգին եղած էր նաեւ «Ակօս»ը։
Ան տակաւին լիսէի տարիներուն մասնակցած էր «Միլլիյէթ» օրաթերթի անձնակազմին իբրեւ գրաշար։ Ատնան Կենչ շուտով անցաւ թերթի խմբագրական կազմին, ուր տիրապետեց ասպարէզի բոլոր նրբութիւններուն։ Վերջերս մամուլի մատնուած ճգնաժամի հետեւանքով ան զրկուած էր մշտական աշխատանքէ եւ սակայն բեղուն արտադրութիւններ կը կատարէր զանազան թերթերուն յօդուածներ ստորագրելով։
Ատնան Կենչ նաեւ վաղեմի բարեկամն էր «Ակօս»ի հայերէն էջերու Աւագ Խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի եւ Բագրատ Էսդուգեանի։
Վերջերս արդէն վատթարացած առողջութիւնը արգելք կը հանդիսանար անոր միայնակ կեցութեեան, որու բերմամբ փոխադրուած էր ծերանոց մը, ուր մասամբ մեկուսացած կեանք մը կը տանէր։ Միայն համակարգիչով է որ կը շփուէր իր երբեմնի բարեկամներուն հետ, բայց այդ պայմաններու տակ իսկ համավարակը թակեց իր դուռը եւ սիրելի բարեկամ մը եւս յափշտակեց մեզմէ։
Անոր լրագրողական վաստակին մէջ շատ ուրոյն նշանակութիւն մը ունի համշենցիներու «Հատիկ» միութեան ջանքերով հրատարակուած «Կոր» պարբերականը, որուն նախաձեռնողներէն եւ հիմնադիրներէն մէկը եղած էր ինք։ Իբրեւ «Ակօս»ի անձնակազմ կը սգանք, որքան ալ տարբեր բնագաւառներու մէջ գործեն այս երկու կարեւոր զոհերու յիշատակներուն։