ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Առանց տատամսելու օ՜ն անդր յառաջ

Կ՚արժէ պահ մը խորհիլ թէ արդեօք աշխար­հի քար­տէ­զի վրայ քա­նի՞ կէ­տեր կան, ուր պատ­րաստ կը սպասեն կոր­ծա­նարար պա­տերազ­մի մը ճամ­բայ բա­նալու կա­րողու­թիւն ու­նե­ցող պայ­թուցիկ նիւ­թե­րով լե­ցուն արկղեր։ Այդ կէ­տերը պար­զա­պէս կայծ մը կը սպա­սեն եւ շրջա­պատո­ւած են ամէն վայրկեան այդ կայ­ծը գո­յաց­նե­լու ատակ գոր­ծօննե­րով։

Մա­յիս ամ­սու ըն­թացքին ան­գամ մը եւս վա­ռօդ կու­տա­կուած է Հա­յաս­տա­նի յատ­կա­պէս հա­րաւա­յին սահ­մաննե­րուն մօտ։ Լու­րեր կը շրջին թէ Սիւ­նի­քի մեր­ձա­կայ տա­րածքնե­րուն մէջ Ատրպէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը ոտ­նա­կոխած են հայ­կա­կան սահ­մա­նագի­ծը եւ թա­փան­ցած դէ­պի Հա­յաս­տա­նապատ­կան տա­րածքներ։

Ցա­ւալին այն է թէ ներ­կայ պայ­մաննե­րու մէջ դժո­ւար է իրա­ւացի տե­ղեկու­թիւն ու­նե­նալ կա­տարո­ւած­նե­րէն։

Ար­ցա­խի երկրորդ պա­տերա­զմի պար­տութիւ­նով աւար­տե­լէն ետք Հա­յաս­տան մատ­նո­ւած է քա­ղաքա­կան ծանր ճգնա­ժամի մը։ Ինքնին ի՞նչ ներ­կա­յաց­նե­լը ան­հասկնա­լի աւե­լի քան հա­րիւր կու­սակցու­թիւններ իջած են քա­ղաքա­կան հրա­պարակ եւ գրե­թէ միաս­նա­բար կը պա­հան­ջեն մէկ բան միայն, որն է գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան տա­պալու­մը։

Հասկնա­լի է որ առիթ մը գո­յացած է ոմանց հաշ­ւոյն, որոնք վրի­ժառու­թեամբ լցո­ւած են այժմ վար­չա­պետի տե­ղակալ Նի­կոլ Փա­շինեանի դէմ։ Պար­տինք յի­շել ըն­դա­մէնը երեք տա­րի առա­ջուայ քա­ղաքա­կան իրա­վիճա­կը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ 2018-ի գար­նան էր, երբ Նի­կոլ Փա­շինեան յա­ջողե­ցաւ շարժման վե­րածել հայ ժո­ղովուրդի եր­բե­ւիցէ կու­տա­կուած դժգո­հու­թիւնը ընդդէմ երկրի ծու­ծը քա­մող օլի­կար­խա­կան հա­մակար­գի։ Այդ շար­ժումի ոգին կը բխէր ուղղա­կի Հա­յաս­տա­նի հա­սարա­կու­թեան դժգո­հու­թե­նէն։ Մար­դիկ երեք տաս­նա­մեակ շա­րու­նակ ճա­րահա­տու­թեան մէջ ակա­նատես եղած էին երկրի բո­լոր հարստու­թեան յափշտա­կու­մին մի­քանի աւա­զակ խմբակ­նե­րու ձե­ռամբ։ Այդ ընդվզումն էր թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թեան ու­ժը, որ ոչ միայն կը կոր­ծա­նէր Հա­յաս­տա­նէն ներս տի­րող աւա­զակ խումբե­րու շա­հերը, այլ կը սպառ­նար նաեւ անոնց ար­տերկրի գոր­ծընկեր­նե­րուն։ Մի գու­ցէ այդ է պատ­ճա­ռը որ թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թիւնը մեծ ոգե­ւորու­թիւն ստեղ­ծած էր աշ­խարհաս­փիւռ հա­յու­թեան մօտ բա­ցառե­լով միայն Մոս­կո­ւայի հայ հա­մայնքը, ուր եւս խարսխած էին օլի­կարխ հա­մակար­գեր։

Այս պա­հուն կրնանք հա­մոզո­ւիլ թէ կան­խա­հաս ընտրու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ Ատրպէյ­ճա­նական յար­ձա­կողա­կանու­թեան ետ­ին կան այլ ու­ժեր, որոնք պի­տի ու­զեն ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծել մօտակայ ընտրու­թիւննե­րու վրայ։

Ու­րեմն պայ­մաննե­րը գե­րազանց զգօ­նու­թիւն կը թե­լադ­րեն հա­մայն հա­յու­թեան հա­մար։ Չենք կրնար տա­րուիլ ազ­գա­կոր­ծան քա­ղաքա­կան շար­ժումնե­րու հրահ­րաց թա­կար­դին, ընդ հա­կառա­կը պէտք է ի զուր բե­րել այդ դա­ւադ­րա­կան ջան­քե­րը, որ­պէսզի յոյս մը կա­րենանք պա­հել թաւ­շեայ յե­ղափո­խու­թեան կի­սաւարտ թո­ղած գոր­ծը կա­տարին բե­րելու հա­մար։ Պար­տինք գի­տակ­ցիլ թէ սա Հա­յաս­տան է եւ հա­յը չու­նի այ­լընտրանք։

Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն հա­րիւր տա­րի վերջ ոչ ոք թող փոր­ձէ ար­տա­գաղ­թի նոր ու­ղի­ներ առա­ջար­կել։ Հոգ չէ թէ աղ­քատ ու քար­քա­րուտ ու­նի հայ­րե­նի եր­կիր եւ այդ եր­կի­րը չենք զի­ջիր ոչ ոքի։

Բաւ է այս ազ­գի գլխուն վեր­ջին հա­րիւր տա­րինե­րու ըն­թացքին ընդմիշտ փոր­ձանք յա­րու­ցող իբ­րեւ թէ հայ­րե­նասէր­նե­րու գոր­ծած աւե­րը։ Ալ պէտք չու­նինք անոնց ձայ­նը լսե­լու, քա­նի որ մեր դի­մաց ու­նինք խիստ կա­րեւոր մատ­րահրա­ւէր, որն է ծաղ­կեցնել հա­յոց եր­կի­րը։

pakrates@yahoo.com