ՀԵՐՔԻՒԼ ՄԻԼԱՍ
(Ահվալ 16 Մայիս 2021)
Երբ որ «ցեղասպանութիւն» բառը գործածեմ հետաքրքրական հակազդեցութիւններ կը տեղան։ Ոմանք կ՚առարկեն նոյնիսկ բառի գործածութեան համար, իսկ ուրիշներ ալ կը փորձեն ժխտել եղելութիւնը։
Նախ կը խորհէի թէ նիւթը շատ փափուկ է։ Բայց ապա անդրադարձայ որ նիւթէն աւելի փափուկ դարձած է նոյն ինքն բառը։ Երբ բառը այսքան գերզգայուն դառնայ խնդրին ինքը կը մնայ երկրորդ գծի վրայ եւ բանավէճը կը շրջի բառին շուրջ։
Վերջերս մօտ անցեալի պատմութիւնը ուսոմնասիրող միջազգային խմբի մը վաւերագրական մը պատրաստելու գործընթացին կը հետեւիմ։ Հոն եւս կը տիրէ այս բանավէճը։
Մի այլ տարօրինակութիւն ալ «Խնդիրը պատմաբանները թող լուծեն» տեսութիւնն է։ Ո՞ւր տեսնուած է որ տարակարծութիւններ ունեցող պատմաբաններ որոշ նիւթի մը շուրջ համաձայնին։
Խնդիրը ունի իրաւական երեսակ մըն ալ։ Այսպէս կ՚ակնկալուի փաստաբաններու անկողմնակալ քննարկումը։ Առաջին անգամ ե՞րբ բնութագրուեցաւ ցեղասպանութիւն եզրը։ Ան ե՞րբ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն համարուեցաւ։ Այս եզրը անցեալին պատահածներու համար ալ կարելի է՞ գործածել։ Ո՞ր պայմաններու առկայութեան պարագային դէպքերը ցեղասպանութիւն կը համարուին։
Եթէ պատահածները ցեղասպանութիւն համարուի հատուցումը օրակարգի կու գա՞յ։ Ցեղասպանութիւնը որպէս ընկալում 1947-ին ընդունուած է։ Արդարեւ ոմանք կը պնդեն թէ, այդ թուականին նախորդող դէպքերը կարելի չէ ցեղասպանութիւն համարել։ Բայց միւս կողմէ ցեղասպանութիւնը բնորոշող յատկութիւններն ալ յօդուած առ յօդուած յայտնի են։ Օրինակի համար Մեծն Աղեքսանդրի արշաւած քաղաքին ամբողջ բնակչութիւնը սպաննելը (Մէկ կողմ թողունք հատուցումը եւ իրաւաբանութիւնը) ցեղասպանութիւն կը համարուի՞ թէ ոչ։ Այս բանավէճերը ըստ երեւոյթի ակադէմական եւ գիտական, իսկ էութեան մէջ բոլորովին բառի մը շուրջ կը դառնան։ Այստեղ ուշագրաւ է որ մարդկային նիւթի մը մէջ փոխադարձ ընկալումները օրակարգի նիւթ չեն կազմեր։
Ես իմ հաշւոյս հայոց այս դէպքը ոչ պատմաբաններու, ոչ իրաւաբաններու եւ ոչ ալ բառարանագէտներու կամ լեզուաբաններու տեսանկիւնով կ՚ապրիմ։ Իմ երեւակայութեան մէջ դրուագներ կը ձեւաւորուին։ Դրուագներ՝ որոնց պատասխանները չեմ կրնար գտնել։ Արդեօք ուրիշներ ալ կը տեսնե՞ն այդ թրկուակները։ Եթէ ոչ հապա ես ինչմ՞ւ կը տեսնեմ։
Նախորդ գրութիւններէս մէկուն մարդկանց իրենց ազգին վերաբերեալ թերութիւննեարը, յանցանքները, սխալները կամ վայրագութիւնները մերժելու հակումին մասին գրած էի։ Նման միջավայրի մէջ «Հայոց ի՞նչ եղաւ» հարցումը քննարկել կարելի չէ։ Որոշոմը կանխաւ տրուած է արդէն։
Մարդիկ իրենց ազգին ամօթալի գէտ մէկ դէպքը ընդունելու կարողութիւնը հարցաքննելու են։ Եթէ իրենց ազգային պատմութիւնը անթերի կը տեսնեն, ուրեմն ի՞նչ նշանակութիւն կ՚ունենայ հայկական դէպքի ուսումնասիրութիւնը։ Յետաքննութիւնը բնականաբար պիտի վերածուի հաւատքի հաստատմասն։
Իմ նախապատուութիւն տուած եւ երեւակայութեան մէջ ձեւաւորած դրուագներէն եւ հարցումներէն օրինականեր նշեմ։
Երկու որդիներով մայր մը երեկայեցէք։ Մէկը տակաւին գիրկն է, իսկ միւսը հազիւ երկու տարեկան։ Հայրերնին զինուորագրուած է։ Ասոնք ինչպէ՞ս կը քալեն։ Քանի՞ քիլոմեթր կը դիմանան։ Եթէ մայրը սպառի զաւակները ի՞նչ կ՚ընեն։
Տարեց մարդ մը կը երեւակայեմ։ Կը քալէ, բայց դանդաղ առաւելագոյն մէկ ժամ կրնայ յառաջանալ։ Իսկ երբ պոկուի յառաջացող խումբէն ի՞նչ կ՚ըլլայ իր ճակատագիրը։ Լսումներուս համաձայն սուինով կ՚աւարտեն գործը, ի զուր տեղ փամփուշտ չեն սպառեր։
Սայլեր ալ կային այդ կառաւաններու մէջ։ Իւրաքանչիւր կառավանին մէջ քանի՞ սայլեր կային։ Ձիեր թէ եզեր կը քաշէին այդ սայլերը։ Իւրաքանչիւր օր քանի՞ ժամ կը քայլէին։ Քանի՞ քմ. կրնային յառաջանալ։ Այս մարդիկը աքսորելու որոշում կայացնողները արդեօք տարեցները, նորածինները, յղի կանայք, անկողնի ծառայող հիւանդները, այսինքն գիւղի մը բնակչութեան մօտ կէսը կազմող զանգուածը նկատի ունեցա՞ծ էին։ Եթէ այս բոլորը անվտանգութեան համար կը կատարուէր ծերերը, հիւանդները, մանուկները եւ անոնց մայրերը ինչպիսի՞ վտանգ մը կը ներկայացնէին։ Անվտանգութիւնը ապահովելու համար միայն աշխոյժ տղամարդկանց տեղահանութիւնը բաւարար չէ՞ր։
Ի՞նչ եղաւ լքուած տուներուն։ Մարդիկ ինչո՞ւ համար պատերազմի աւարտէն ետք ալ չկրցան վերադառնալ իրենց տուները։ Այդ տուները, գոմերը, արտերը, անասունները ի՞նչ պայմաններով որո՞ւ փոխանակուեցաւ։
Ի՞նչ եղաւ քաղաքի խանութներուն, գործատեղիներուն։ Ասոնց մասին արձանագրութիւններ կա՞ն։ Եթէ կան ո՞ւր են։
Առանց այս հարցումները պատասխանելու, ինչը եւ ինչպէս ըլլալը հասկնալու, ցեղասպանութիւն ընկալումը վիճելը եղելութիւնը անտեսել կը նշանակէ։ Մարդիկ, անասունները, արտեր, խանուդներ, տուներ, յուշեր եւ ակնկալութիւններ վերացան։ Ամբողջ աշխարհ մը անգոյ դարձաւ։ Արդեօք շատ կարեւոր է ասոր ի՞նչ անուն տրուիլը։ Միթէ «կորսուեցան» ըսելը եւ ո՞ր պայմաններով կորսուած ըլալնին գիտնալը բաւարար չէ՞։
1948-ին ՄԱԿ-ի ընդունած ցեղասպանութեան յօդուածի սկիզբը կը նշուի թէ «Պատմութեան ընթացքին բազում ցեղասպանութիւններ կատարուած են» հետեւաբար շատ բնական է 1948 թուականէն առաջ կատարուած դէպքերն ալ ցեղասպանութիւն համարել։ Բայց նման արարքէ մը ետք ոմանց համար հատուցման իրաւունքի ծագիլը բոլորովին տարբեր երեւոյթ մըն է եւ բառը կռուախնձորի վերածողն ալ ճիշդ այդ կէտն է։ Ոմանք իրաւական պատասխանատուութեան տեսանկիւնէ, արդարօրէն կը մերժեն պատասխանատուութիւնը, բայց նոյն պահուն անարդարօրէն կ՚ուրանան ցեղասպանութիւնը պնդելով թէ ան կատարուած է 1948-էն առաջ։ Մինչդեռ անցեալի որեւէ դէպք ցեղասպանութիւն ըլլալով բնութագրելը չի նշանակեր թէ ան պարտի կրել պատժական պարտադրանք։
Անցեալին վերագրուածը խնդրին պատժական երեսակն է։ Բոլոր հզօր պետութիւններու պատմութեան մէջ նման դէպքերու հանդիպիլ կարելի է։ Ես շատ աւելի կը կարեւորեմ խնդրին ընկալման եղանակը։ Այս մասին ես նախապատուութիւն կու տամ հինգ դաշտերու։
Ա Ազգային շրջանակ։
Բ Դէպքերը ցեղասպանութեան սահմանումին կը մտնե՞ն, թէ ոչ լեզուաբանական առումով բառերու իմաստը եւ բաւարարութեան խնդիրը։
Գ Նպատակի առկայութիւնը կամ բացակայութիւնը։
Դ Ներողութեան խնդիրը
Ե Ընկալման հարց։
Ա Ազգային շրջանակ։ Եթէ մարդիկ իրենց ազգին փաստաբանը դառնան կարելի չէ եղածը հասկնալ։ «Մենք յանցանք չենք գործեր» սկզբունքը անվիճելի ազգային հաւատքի մը կը վերածուի։
Բ Դէպքերը ցեղասպանութեան սահմանումին կը մտնե՞ն, թէ ոչ լեզուաբանական առումով բառերու իմաստը եւ բաւարարութեան խնդիրը
Բառերը մարդկային հաւաքականութեան էութիւնն են։ Իմաստները չեն կրնար գերազանցել մարդկանց ընկալման սահմանները։ Մինչդեռ կեանքը շատ աւելի բարդ է։ Լեզուները չեն յաջողած, այդ բարդութեան համապատասխան բառամթերք ստեղծելու։ Յատկանշական օրինակ մը կարելի է համարել նման եւ աննման բառերը։ Իրականութեան մէջ այս բառերը հակադրութիւն մը կը պարզեն, բայց բաղդատութիւնը երկու տարբերակի միջեւ չէ։ Նմանութիւնը իր մէջ կը պահէ նաեւ աննմանութիւնը։
Գ Նպատակի առկայութիւնը կամ բացակայութիւնը։ Նպատակի խնդիրն ալ որոշ չափով կը նմանի լեզուի խնդրին, բայց աւելի շատ առնչուած է ենթագիտակցութեան հետ։ «Դէպի Սուրիա թող քալեն» մտածող եւ այս մասին որոշում տուողի նպատակը մի գուցէ քալել ըլլայ։ Բայց մենք տեղեակ ենք նաեւ գիտակցութենէ դուրս երեւոյթին ալ։ Ուրեմն բնական է որ համոզուինք թէ «Թող քալեն» ըսելով անոնց մահավճիր արձակած ըլլան։
Դ Ներողութեան խնդիրը։ Ներողութեան խնդիրը առաջին հերթին պարզ կրնայ թուիլ, բայց ես նոյն կարծիքը չեմ։ Յաճախ կը հանդիպինք իր ազգին չար վարմունքը նկատելով տուժածներէն ներողութիւն խնդրողներուն։ Բնական կը համարենք այս երեւոյթը եւ նոյնիսկ կը փառաբանենք հասունութիւն համարելով։ Բայց կը տեսնեմ թէ այս տեսակի ներողութեան երեւոյթները ազգային համադրութեան մը մասնիկն են նաեւ։ Մինչդեռ ներողութիւնը կը վիճակի յանցագործին։ Չէ որ յանցանքը անհատական է։ Ներողութիւն խնդրողը եթէ այդ բանը կ՚ընէ իր ծնունդէն շատ աւելի կանուխ գործուած յանցանքի մը համար, ուրեմն յանցագործի ու իր միջեւ յարաբերութիւն մը պէտք է եղած ըլլայ։ Ազգի մէջ սերունդէ սերունդ փոխանցուած յանցագոր ծութեան մը մասին կը խօսինք։
Ե Ընկալման հարց։ Իսկ ընկալման խնդիրը իր մէջ ունի երեք երեսակ։ Առաջինը դիմացինին զգացումները կիսել է։ Երկրորդը անոր զգացումները հասկնալ եւ երերորդը այս մասին բաներ մը ընելու կարիքը։
Եթէ հայերը կարենայինք ընկալել, մերթ ընդ մերթ նման տառապանքներու մատնուած հայրենակիցներու դէմ այսքան անխիղճ չէինք ըլլար։ Կ՚ունենայինք աւելի հաւասարակշռեալ հաւաքական կեցուածք։ Վերջապէս բառերու եւ եզրերու մասին վիճելը եւ մարդուն վիշտն ու կսկիծը կիսելը տարբեր բաներ են։