Հայ հեղինակի, յատկապէս բանաստեղծի համար մեծ վայելք է անձնանուններու գործածութեամբ նոր ածականներ հնարելու աշխատանքը։ Հայկական քնարերգութեան էջերու մէջ կը հանդիպինք ընտիր տողիկներու, որոնք «հայկաշունչ», «վարդանատրոփ», «մեսրոպաբոյր» կամ «նաղաշածին» են։ Մտքի ոստումով մը կարելի է նաեւ խօսքեր հիւսել, որոնք «չարենցափայլ» եւ «տէրեանաշունչ» են, կամ՝ «քուչակածիծաղ» եւ «շերամահամ»։
Վաստա՞կը այդ աշխատանքին... Գրական ցայտուն պատկերներ, ճոխ արտայայտութիւն, ինչպէս նաեւ՝ մեծերու հետ հաղորդուած ըլլալու պատիւն ու հաճոյքը։ Այդ աշխատանքի անխուսափելի մէկ այլ արդիւնքն է հայոց բառապաշարի հարստացումը։
Հայկական մեծարելի անուններու համաստեղութեան մէջ, սակայն յարգելի ընթերցող, կայ մէկ անուն, որ իւրայատուկ է իր հետ կերտուած ածականներու շլացուցիչ թիւով եւ պերճութեամբ. «նարեկ»բառն է ան։ Այսօր, երբ հայը կը վերադառնայ Նարեկին, կը փորձէ կրկին մէկնել անոր խորհրդը, ու հայրենիքի մէջ կը վերամատուցուի «նարեկաբուժութիւն» հասկացողութիւնը, որոշեցի յօդուածս նուիրել «նարեկ»ին ու ձեզի ներկայացնել անոր հետ շինուած ընտիր բառեր։ Հաւակնութիւնը չունիմ ծանուցանելու, թէ լիակատար պիտի ըլլայ ան, քանզի «նարեկ»բառը ունի նոր ձեւեր ընդունելու եւ նոր միտքեր արտայայտելու բացառիկ ճկունութիւն։ Ահա «նարեկ»բառով շինուած հին ու ապագայ ածականներ, փայլուն բոյլ մը իսկական։
Առաջինը՝ «նարեկաշունչ», Նարեկացիի շունչը պարունակող, վեհ, վսեմ, Նարեկացիով ոգեշնչուած։ Քնարական նորաբանութիւն մըն է, «նարեկ»բառով մտայղացուած ածականներու ամենէն սիրուածն ու տարածուածը։ Այս ածականով կը չափենք գրական նոր գործի մը յաջողութիւնը, այնպէս, ինչպէս Սիփան Շիրազը ըրաւ «Հայոց Դանթէականը» ստեղծագործութեան գնահատականի մէջ. «Հայոց Դանթէականը Յովհաննէս Շիրազի աստուածային տաղանդի փայլատակումներից մէկն է, որի ամբողջ ոյժն ու խորութիւնը զգալու համար անհրաժեշտ է սուզուել նրա աստուածաշունչ, նարեկաշունչ տողերի մէջ»։ 1906-ին Պոլսոյ մէջ գրի առնուած գրախօսական մը «Ներաշխարհ»ի հեղինակ, 30-ամեայ Տիրան Չրաքեանին կոչեց «Նարեկաշունչ քերթող»։ Իսկ հայրենի մամուլի մէջ անցեալ տարի, Արցախեան Բ. պատերազմի օրերուն խոր յուզումով կարդացինք հոգեւոր հօր մը կոչը. «Հայոց կեանքը շարունակուի... Նարեկաշունչ աղօթքներով»։
Նախ ո՞ր մէկը կոչուեցաւ «նարեկ». վանական-բանաստեղծ Գրիգո՞րը, անոր հեղինակած մատեա՞նը, գի՞ւղը, թէ՝ վանքը...։ Պարզաբանեմ։ «Նարեկ»բառը նախ գոյութիւն ունեցաւ որպէս աշխարհագրական անուն։ Նարեկը Հեծ Հայքի Վասպուրական աշխարհի Ռշտունիք գաւառի մէջ, Վանայ լիճի հարաւային կողմը, լճափէն չորս քիլոմեթր վեր շինուած այգեւէտ եւ արգաւանդ գիւղ էր 120 տուն հայ բնակչութեամբ։ Գիւղի անունը հայկական պատմագրութեան մէջ յայտնի է նաեւ Նար, Նարա, Նարի, Նոր, Նորեկք տարբերակներով։ «Նարեկ»էին կոչուած նաեւ գիւղի մօտէն անցնող գետը, գիւղի տարածքի մէջ գտնուող հարթավայրը, ու Ռշտունեաց լեռնաշղթայի մէկ հատուածը, զոր վիպասան Րաֆֆին որոշած էր կոչել «Նարեկեան լեռներ»։
10րդ դարուն, Բիւզանդիոնի Ռոմանոս կայսրի կրօնական հալածանքներու պատճառով խումբ մը հայ վանականներ եկան Հայաստան, Նարեկ գիւղի տարածքի վրայ շինեցին վանք, զայն կոչեցին Ս. Սանդուխտ, որ յետոյ յայտնի դարձաւ գիւղի անունով ու ծնաւ «Նարեկավանք» բառը։ Չ՛ուշացաւ նաեւ «-ցի» մասնիկը։ Վանքի Անանիա առաջնորդը, ապագայ բանաստեղծ եւ սուրբ Գրիգորի ուսուցիչը, որպէս մականուն ստացաւ «Նարեկացի» կոչումը։ Անոր յաջորդեցաւ Գրիգոր Նարեկացին։ Այն քարայրը, ուր Գրիգոր Նարեկացին կը ճգնէր՝ կոչուեցաւ «Նարեկայ ճգնարան-քարայր», «Նարեկայ ուխտատեղի» եւ «Նարեկայ Ս. ուխտ»։ 1002 թուականին Գրիգոր Նարեկացին աւարտեց իր «մատեանը»։ Հայ տպագրի համար անոր անունն էր՝ «Գիրք աղօթից սրբոյն Գրիգորի Նարեկացւոյ հոգեկիր հռետորի», կամ՝ «Սրբոյ հօրն մերոյ Գրիգորի Նարեկայ վանից վանականի Մատեան ողբերգութեան», իսկ բարեպաշտ ընթերցողի համար պարզապէս՝ «Նարեկ»։ Այդ գիրքի ընթերցմամբ կատարուող բուժումը եւ հոգեկան մաքրութիւնն ալ կոչուեցաւ՝ «նարեկաբուժութիւն»։ Հայաստանի յառաջատար դաշնակահար, «Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Սեդրակ Երկանեանը նարեկաբուժումի յիշատակ մը ունի իր մանկութեան օրերէն մնացած. «Աղաւնի տատիկս անգիր գիտէր գրեթէ ողջ «Նարեկ»ը. նա նարեկաբուժութիւն էր անում մեզ համար»։
«Նարեկ»բառը եւ հայ ժողովուրդը... Այդ երկուքը միաձուլուած են իրարու հետ։ Ամէն երեւոյթ, բնական պատկեր, հոգեւոր վիճակ կարելի է «նարեկ»բառով նկարագրել։ Մէկ այլ փաստ, թէ որքա՛ն սիրուած է այդ բառը հայ ժողովուրդի կողմէ. «Նարեկ»էր 2019 թուականին Հայաստանի մէջ նորածիներու ամենատարածուած անունը։ (Երկրորդ տեղը գրաւած էր 2018-ին)։
Հայոց բարբառի յետադաս մասնիկները, թէեւ աննշան ու աննշմարելի, փափաքեցան մերձենալ այդ մեծութեան ու նոր գաղափարներ կազմել։ Նարեկաբաղձ այդ տենչանքէն հրաշալիօրէն ծնունդ առին բազմաթիւ նոր բառեր։ Ահա «նարեկազօծ» փունջ մը. նարեկահամ, նարեկաբոյր, նարեկամերձ, նարեկաճառ, նարեկաձայն, նարեկակերպ, նարեկագէտ, նարեկաքաղ։ Հազուագիւտ է վերջինը։ Զայն լսելու համար դարձեալ ականջ տանք Սեդրակ Երկանեանի խօսքին. «Նարեկաբոյր իմ մայրս Մեծ / Աղօթքներով Նարեկաքաղ»։
Իսկ այժմ, թոյլ տուէք, որ ներկայացնեմ նարեկեան բառերու փունջ մը, վաստակը «անարժան, անզօր, անարդար» գրիչիս- նարեկամիտ, նարեկատիպ, նարեկալից, նարեկախօս, նարեկաշող, նարեկափայլ ու վերջապէս՝ նարեկաճեմ, մէկը, որ բանաստեղծ-հոգեւորականի մը խոհուն ու ծանր քայլուածքը ունի։
«Նարեկացի» բառը նաեւ դարձաւ բազմաթիւ հայկական սեփական կամ հասարակական հաստատութիւններու անուն։ Ահա քանի մը «սրբաւայր»- «Նարեկացի»- Պոլսոյ մէջ արուեստասրահ-սրճարան, Երեւանի մէջ արուեստի միութիւն, Պէյրութի մէջ գրախանութ, Պոլսոյ, Հալէպի, Պէյրութի եւ ԱՄՆի Օհայօ նահանգի մէջ երգչախումբ, Երեւանի մէջ ժողովրդական գործիքներու նուագախումբ, Երեւանի մէջ բժշկական կեդրոն, Վաղարշապատի մէջ դպրոց...։
Այսօր, յարգելի ընթերցող, հրաժեշտի խօսքս մէջբերում մըն է նարեկասէր բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցէ. «Նարեկացու ... պէս լուսապսակ ճակատ չկայ»։ Թող «նարեկ»ը ձեզի շնորհէ խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն ու առատօրէն ծնին նոր Նարեկներ։