ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս երգչախումբը վաւերագրական ֆիլմի մը առանցքը կազմեց. Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանի կողմէ վաւերացուած 20 երգչախումբերէն Սահակեան, պատմականօրէն նոյնացած է Սամաթիա թաղին հետ. Էրտիլ Օնուր Քոճաթիւրքի նկարահանած «Սահակեան՝ իմ ընտանիքը» ֆիլմը կը փորձէ պարզել այս հաստատութեան նշանակութիւնը թէ իր անդամներուն եւ թէ Սամաթիոյ թաղի հայութեան համար. Երկար տարիներ եկեղեցւոյ կամարներուն տակ հոգեւոր երաժշտութիւն կատարած Սահակեանը վերջերս սկսած է աշխարհիկ երգերով բեմերու վրայ ալ հնչեցնել հայ երգը.
Այս առթիւ զրուցեցինք «Սահակեան՝ իմ ընտանիքը» ֆիլմի հեղինակ Քոճաթիւրքի հետ. Մեր առաջին հարցումը կը վերաբերէր Սահակեանի մասին վաւերագրական մը նկարահանելու խորհուրդին ո՞ր պայմաններու մէջ ծագելուն.
«2017-ին ձեռնարկած էի իմ ալ բնակած Սամաթիա թաղի բնակիչներուն հետ վիտէօ հարցազրոյցներու շարքի մը, որ կոչած էի –Սամաթիա՝ իմ թաղը-: Այդ տարիներուն կ'ուսանէի համալսարանի ռատիոյի, հեռուստացոյցի եւ շարժանկարի բաժինը. Տեսական գիտելիքնրս փորձականի վերածելու համար տեսախցիկս ուղղեցի թաղեցիներուս, որոնց միջոցաւ աւելի ջերմ կապ մը հաստատուեցաւ իմ ու հարեւաններուս միջեւ. Այդ շրջագծով Վարուժան Քէօսէտաղի թէյարանին մէջ երկար զրուցած էինք Արամ Նալչաճեանի հետ, որ կ'անդամակցէր Սահակեան երգչախումբին. Այդ զրոյցներու ընթացքին ձեւաւորուեցաւ Սահակեան երգչախումբի մասին վաւերագրական ֆիլմ մը նկարահանելու խորհուրդը».
Հեղինակի այս բացատրութենէն ետք կ'ուզեմ իմանալ թէ ֆիլմը ո՞ր զանգուածին համար նախատեսուած է. Որոնց ի՞նչ պատգամ տալ կ'ուզէ. Քոճաթիւրք կը յայտնէ այդ զանգուածը յատուկէն դէպի ընդհանուր ծաւալելով. «Նախ կ'ուզեմ թաղեցիներս տեղեակ դարձնել 1461 թուականէն այս կողմ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հնչող այս ձայնին. Ապա կ'ուզեմ որ քաղաքի ամենափարթամ դահլիճներէն երգած այս երգչախումբը ծանօթ ըլլայ բոլոր Իսթանպուլին. Վերջապէս նման արժէքը մեր օրերուն հասցնող աւանդութիւնը պէտք է իմանայ ամբողջ Թուրքիան. Ես ծնած եմ 1994 թուին Ֆաթիհ թաղի մէջ. 2000-էն ի վեր կը բնակիմ Սամաթիա. Կը տեսնեմ թէ բազմաթիւ Սամաթիացիներ իրենց կեանքի ընթացքին գէթ մէկ անգամ իսկ չեմ լսած այս պատերու ետին հնչած ձայնը. Իմ հետաքրքրութիւնը թերեւս ոմանց իրենց ենթագիտակցութեան պատերն ալ փլելուն, նոյնիսկ միատեղ գործելուն կը ծառայէ.
Օրինակի համար ի՞նչու չունենանք բազմաձայն ու բազմալեզու «Սամաթիոյ Երգչախումբ» մը։ Ես այս վաւերագրականի նկարահանումներու ժամանակ անգամ մը եւս պատկանելութիւն զգացի ապրած թաղիս նկատմամբ»։
Միտքս տանջող հարցումներէն մէկն ալ կը վերաբերի մեր համայնքի անհատներուն տեսախցիկներու հանդէպ ունեցած վերապահութեան։ Փորձով գիտեմ թէ մեր հասարակութիւնը ինչպէս կը խրտչի երբ իրեն երկարի խօսափող մը կամ կ՚ուղուի տեսախցիկ մը։ Քոճաթիւրք կը յայտնէ թէ ինք եւս իր կարգին որոշ մտավախութիւններ ունեցած է եկեղեցւոյ մէջ նկարահանումներ ընելու կամ ալ երգչախումբի անդամներուն հետ մտերմանալու ընթացքին մէջ։
«Այդ բոլորը յաղթահարեցինք վաւերագրականի նախագծի համակարգող Տենիս Չաթի միջոցաւ։ Երգչախումբի խմբավար Սեւան Ակոշեան եւս դիւրացուց մեր աշխատութիւնը։ Քանի նկարահանումները յառաջացան յարաբերութիւնները ալ աւելի բնականոն դարձան եւ ստացանք անդամներու սրտաբուխ պատասխանները»։
Գիտեմ որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի մօտ պաշտօնապէս գրանցուած են 20 երգչախումբեր։ Արդեօք անոնց մասին ալ պատկերացում մը ունեցա՞ծ է։
Խօսակիցս յայտնեց թէ տեղեակ է եկեղեցական երաժշտութեան այդ մեծ աւանդին։ Նաեւ ուսումնասիրած է այդ 20 երգչախումբերէն մէկ մասը, նաեւ առիթը ունեցած է ոմանց խմբավարներուն կամ անդամներուն հետ ծանօթանալու։ «Խոստովանիմ որ սկզբնական շրջանին բաւական մոլորած էի ինծի անծանօթ այդ աշխարհի բառամթերքին ու անոնց նշանակութիւններուն դէմ։ Ի՞նչ էր դպրաց դասու եւ երգչախումբի տարբերութիւնը։ Այդ բոլորը զիս մղեցին յատուկ ուսումնասիրութիւններու։ Որոնց միջոցով նոր բացայայտումներ ալ ունեցայ։ Շատ տպաւորիչ էր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տիրող ընկերային կեանքը։ Երեխէք երեկոյեան ժամերուն գնդակ կը խաղային դպրոցի պարտէզը։ Տարեցներ օրն ի բուն այդ բակի մէջ կը շաղակրատէին։ Սանուց միութեան մշակութային ձեռնարկները աղքատախնամի ժողովները թաղական խորհուրդի ժողովները արտակարգ կենսունակութիւն մը կը պատճառէին Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ։ Շատ տպաւորուած էի այդ կենդանութեան եւ մանաւանդ ալ զօրակցութեան ականատես ըլլալով։ Սամաթիան ինծի համար բոլորովին տաբեր նշանակութիւն մը ունեցաւ»։
Վերջապէս հետաքրքրուած եմ թէ հասարակութիւնը ո՞ր միջոցներով պիտի կրնայ դիտել «Սահակեան՝ իմ ընտանիքը» վաւերագրականը։ Այս հարցումով կ՚իմանամ թէ ֆիլմը կը պատարաստուի զանազան փառատօններու մասնակցելու։ Հազիւ այդ օրացոյցի յստակացումէն ետք կարելի պիտի ըլլայ սոց ցանցերու միջոցաւ ֆիլմը դիտել։
Այս մասին խօսակիցս խորհուրդ տուաւ հետեւելու ailemsahakyan@gmail.com կայքէջը։