Աւելի քան տարիէ մը ի վեր շարունակուող պսակաձեւ ժահրի համավարակի բերմամբ չէին կայանար համայնքային հաստատութիւններու խորհդակցական բնոյթի ժողովները։ Այս ժողովները նախապէս որքան ալ քօղարկուած ըլլային մամուլի ուշադրութենէն, աւարտին կատարուած մամլոյ յայտարարութիւններով հասարակութիւնը յաճախ իրազեկ կ՚ըլլար քննարկուած նիւթերու մասին։ Սակայն վերջերս այդ նոյն ժողովները կատարուեցան համացանցային խմբակներու ձեւաչափով եւ վերջերս մամուլին կատարուած յայտարարութիւններով պարզուեցաւ թէ ինչպիսի տարակարծութիւններ կ՚ապրուին մեր հաստատութիւններու վարիչներու միջեւ։
Այդ տարակարծութիւնները ծաւալած են դէպի Պատրիարքարան եւս, հոգեւոր կեդրոնն ալ կողմ դարձնելու անպատեհ ընթացքին տեղի տալով։
Արդարեւ իրարու յաջորդեցին նախ Պատրիարքարանէն համակարգող Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի ստորագրութեամբ լուսաբանութիւն մը, որուն յաջորդեց Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հակազդեցութիւնը այդ յայտարարութեան։ Վրայ հասաւ Պատրիարք Սրբազանի ստորագրութեամբ պատասխան մը, որուն յաջորդեցին Կրօնական Ժողովի յայտարարութիւնը, Գարակէօզեան Խնամակալութեան Ատենապետ Տիգրան Կիւլմեզկիլի նամակը եւ ի վերջոյ Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան յայտարարութիւնը։ Ըստ երեւոյթի համայնքային կեանքի մէջ երկար ժամանակէ ի վեր անտեսուած խնդիրներ հետզհետէ իրենց այժմէականութիւնը կը պարտադրեն Պոլսահայ հասարակական օրակարգին, պահանջելով տրամաբանական լուծումներ առկայ տարակարծութիւնները համայնքի ի նպաստ լուծումի մը բերելու համար։ ի սկզբանէ կրնանք հաստատել թէ ներկայ գործընթացի տեղի տուող կարեւոր գործօնը եղած է սխալները նոր սխալներով վերացնելու ռազմավարութիւնը։ Այդ մէկը ապահովելու համար իւրաքանչիւր դերակատար ապաւինեցաւ մի ուրիշին օգնութեան եւ այս պահուն այդ օգնութիւնները դարձած են իրար խոշտանգելու առիթներ։ Ուրեմն կարելի է կռահել թէ պոլսահայութիւնը կրկին անգամ մտած է փակուղի մը, որմէ դուրս ելլելու լծակները դիւրաւ պիտի չյստականանան։