Որքան ալ հասարակական պատուաստումի մէջ որոշ յաջողութիւն արձանագրած երկիրներ փորձեն թուլացնել կանխարգիլման եղանակները, համավարակը կը շարունակէ համաշխարհային գետնի վրայ գլխաւոր սպառնալիքը մնալ բազմաթիւ երկիրներու մէջ։ Այս պահուն այդ երկիրներու առաջնակարգի վրայ կը յիշուի նաեւ Թուրքիան, որ բնակչութեան համեմատութիւնով կը մրցի վարակման ամենաբարձր թիւեր արձանագրուած երկիրներու հետ։ Թուրքիոյ մէջ վիճելի են նաեւ կանխարգիլման միջոցները, քանի որ անոնք բացի վարակումը կանխալէ կը հետապնդեն նաեւ այլ նպատակներ, որոնք երբեւիցէ առնչուած չեն հիւանդութեան հետ։
Այդ օրինակներէն կը համարուի ալքոլային խմիչքներու դէմ հռչակուած վաճառքի արգիլումը։ Ընդդիմադիր շրջանակներ խստօրէն կը դատապարտեն այդ արգելքը, դիտել տալով թէ այդ արգելքի բուն դրդապատճառը կառավարութեան կրօնամէտ հակումներըն են, որոնք կը միտին ոչ թէ հասարակութեան առողջութիւնը խնայելու, այլ իսլամի յատուկ ալքոլային խմիչքի դէմ պայքարի։
Ճիշդ է որ կառավարութիւնը յաճախ կը տատանի գիտական նշանակութիւն ունեցող արգելքներ յայտարարելու խնդրին մէջ։ Այդ իսկ պատճառաւ մերթ ընդ մերթ կը կայանայ սրբագրումներ հռչակուած արգելքներու հանդէպ։ 17 օրեայ շրջափակումը, որ չէր կրցած աշխատողներուն օժանդակութիւնով մը ամրանալ, տեղի տուած է ծանր դժուարութիւններու։
Տուժած են ամենօրեայ աշխատանքով ապրուստ ապահովողները։ Տեսնելով այս բացթողումները իշխանութիւնները արտօնեցին շաբաթ օրեր թաղերէ ներս պազարներու գործադրման։ Միւս կողմէ հանրախանութներն ալ սահմանափակուեցան միայն հիմնական սննդամթերքի եւ առտնի առողջապահական, մաքրութեան եւ օծանելիքի վաճառքով։ Որքան ալ պաշտօնէութեան քննարկումներով խիստ պատիժներ սահմանուին, փողոցները կը շարունակեն բազմամարդ մնալ։ Երեւոյթ մը՝ որ հարցականի տակ կը դնէ հռչակուած սահմանափակումներու որքանով կիրարկուելու մասին շփոթները։ Իսկ շատեր որ արգելափակումը առիթ համարելով փութացած են արձակուրդի վայրեր, հոն եւս չեն արժանացած իրենց ակնկալած ազատութիւններուն։ Պաշտօնեաներ ծանր պատժատուգանքներ կը կիրարկեն ծովափնեայ քաղաքներու բնակիչներուն, երբ այդ վերջինները կը փորձեն օգտուիլ ծովու մէջ լողալէ։
Ըստ երեւոյթի համավարակը իր ճիրաններուն մէջ կը պահէ Թուրքիոյ հասարակութիւնը եւ ոչ ոք կրնայ կռահել թէ ե՞րբ ու ի՞նչ պայմաններով պիտի թուլանան այդ ճիրանները։