Եւրոպական խորհրդարանի 120 պատգամաւորներ նամակով դիմեցին Եւրոպական Միութեան ղեկավարներուն, կոչ ուղղելով՝ գործուն քայլերու ձեռնարկելու Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու համար: Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Վոն Տրր Լէյընին եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի ղեկավար Շարլ Միշէլին ուղղուած նամակին բովանդակութիւնը «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ հրապարակած է Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (EPP) խմբակցութեան փոխնախագահ, պուլկարացի պատգամաւոր Անտրէյ Քովաչեւ։
Ուղերձին տակ ստորագրած եւրոպացի երեսփոխաններուն համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն թիւը կրնայ գերազանցել 200ը։ «72 գերիներու պարագային, Ատրպէյճան խոստովանած է, որ այդ մարդիկը իր մօտ են: 112 անձերու պարագային, Ատրպէյճան որեւէ տեղեկատուութիւն չի տրամադրեր, նաեւ 61 անձերու գերութեան մասին տեղեկութիւնները Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կտրականապէս կը հերքեն, հակառակ այն հանգամանքին, որ փաստերը հակառակը կը վկայեն», կը նշեն նամակին հեղինակները՝ պնդելով նաեւ, որ Ատրպէյճանի գործողութիւնները Ժընեւեան ուխտի յստակ եւ բացարձակ խախտում են։
«Եւրոպական Միութիւնը այլեւս չի կրնար Հայաստանը ձգել նման անտանելի վիճակի մէջ։ Պէտք է դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք թոյլ չեն տար, որ բռնի ուժը անգամ մը եւս գերակայ ըլլայ օրէնքին», կը նշուի Եւրոպական խորհրդարանի նամակին մէջ։
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանի 120 անդամներուն այս նամակը։
«Բարձր ենք գնահատում Եւրոպական խորհրդարանի 120 անդամների նամակը` ուղղուած Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին եւ Եւրոպական խորհրդի նախագահին` ներկայումս Ատրպէյճանում ապօրինի կերպով պահուող հայ ռազմագերիներին անյապաղ ազատ արձակելու անհրաժեշտութեան մասին», նշեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ կարեւոր նկատելով Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն դիրքորոշումը` բարձրաձայնել Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներուն մասին եւ պաշտպանել Արցախի օրինական պահանջը։ Ըստ աղբիւրին` այս նախաձեռնութիւնը մարդասիրութեան, բարոյական արժէքներու եւ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն նկատմամբ յարգանքի օրինակելի դրսեւորում է։