2 Սուրիացի վարձկաններ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցան

Երեւան, «Ազատութիւն».- Սիւնիքի մարզի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանը 4 Մայիսին քննեց Սուրիոյ քաղաքացիներ Մուհրապ Մուհամետ Ալ Շքէրիի ու Եուսէֆ Ալապետ Ալ Հաճիի նկատմամբ հարուցուած քրէական գործը եւ զանոնք դատապարտեց ցմահ բանտարկութեան։ Անոնք կը մեղադրուին միջազգային ահաբեկչութեան զինուած ընդհարումներու ընթացքին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի սկզբունքներու լուրջ խախտումներու եւ վարձկանութեան մէջ։ Նախաքննական մարմինը աւելի կանուխ փոխանցած էր, թէ քննութեամբ պարզուած է, որ սուրիացի վարձկանները անարգել Ատրպէյճան տեղափոխուած են Թուրքիոյ տարածքով, սահմանային անցակէտը հատած են առանց որեւէ փաստաթուղթի։ Իսկ մինչեւ անոնց տեղափոխուիլը՝ Յունիսէն Սեպտեմբեր, Սուրիոյ մէջ ռազմական պատրաստուածութեան դասընթացքներու մասնակցած են։ Ըստ իրաւապահններու փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու համար վարձկաններուն առաջարկուած է 2 հազար տոլար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ