ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մայիսը իր բոլոր վերյիշումներով

Վերջին 50 տա­րինե­րու ըն­թացքին Թուրքիոյ բո­լոր կա­ռավա­րու­թիւննե­րուն հա­մար ճգնա­ժամ կը նշա­նակէր Ապ­րիլ 24 թո­ւականը, քա­նի որ այդ օր պի­տի յի­շատա­կուէին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերը, մե­ղադ­րանքը ուղղե­լով Թուրքիոյ պատ­մութեան հիմ­նադրու­թեան շրջա­նի քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րուն։ Ամէն տա­րի մեծ մտա­հոգու­թեամբ կը սպա­սուէր ԱՄՆ նա­խագա­հի այդ օրուայ առ­թիւ յայ­տա­րարու­թիւնը, վախ ու դո­ղով սպա­սելով թէ յան­կարծ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն եզ­րը գոր­ծա­ծէ։

Բայց այդքա­նը չէր միայն։ Ամէն տա­րի այդ լա­րուա­ծու­թեան պի­տի յա­ջոր­դէ Մա­յիս 1-ի ցոյ­ցե­րուն պատ­ճա­ռած մղձա­ւան­ջը։ Կա­ռավա­րու­թիւննե­րը 1977-էն ետք յա­ճախ դի­մած են այդ ցոյ­ցե­րը ար­գի­լելու եղա­նակին, բայց իրենց դէմ գտած են Մա­յիս 1-ի, Բա­նուոր­նե­րու Հա­մաշ­խարհա­յին Օրի իր իմաս­տին վա­յել կեր­պով տօ­նելու ուխտած զան­գուած­ներ։ Մա­նաւանդ այդ զան­գո­ւած­նե­րը միշտ նպա­տակադ­րած են ար­շա­ւել քա­ղաքի կա­րեւո­րագոյն կեդ­րո­նը՝ Թաք­սի­մի Հրա­պարա­կը։ Ու­րեմն այս տա­րի ան­գամ մը եւս ակա­նատես եղանք նոյն պատ­կերնե­րուն, քա­նի որ ոս­տի­կանու­թիւնը օր առա­ջէն փա­կած էր Թաք­սի­մի Հրա­պարակ ել­լող բո­լոր ճա­նապարհնե­րը։

Ու­րեմն ինչպէս ան­ցեալին, այս տա­րի ալ ան­խուսա­փելի դար­ձաւ ցու­ցա­րար­նե­րու եւ զան­գո­ւած­նե­րու բա­խու­մը ոս­տի­կանու­թեան հետ։ Օրը աւար­տե­ցաւ բեր­ման են­թարկե­լու բազ­մա­հարիւր դէպ­քե­րով։

Բայց ինչպէս ըսինք վե­րի տո­ղերուն, այդքա­նը չէր միայն։ Մա­յիս 1-ին կը յա­ջոր­դէ Մա­յիսի 3-ը, որ կ՚իմաս­տա­ւորո­ւի ՄԱԿ-ի կող­մէ հռչա­կուած Մամ­լոյ Ազա­տու­թեան օրի հետ։ Ահա­ւասիկ գլխա­ցաւ մը եւս Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւննե­րու հա­մար, քա­նի որ անոնց գոր­ծադրած ֆա­շիս­տա­կան քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու հե­տեւան­քով եր­կի­րը դար­ձած է աշ­խարհի վրայ ամե­նամեծ թի­ւով լրագ­րողներ բան­տարկած պե­տու­թեան մը։

Պար­տինք ան­գամ մը եւս կրկնել թէ այդքա­նը չէ միայն։ Վրայ կը հաս­նի Մա­յիսի 4-ը, որ խորհրդան­շա­կան մեկ­նա­կէտն է Տէր­սի­մի ցե­ղաս­պա­նու­թեան։ Մենք հա­յերս որ­քան ալ նկա­տած չըլ­լանք Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը միակը չէ այս հո­ղերու վրայ գոր­ծո­ւած եղեռ­նաբնոյթ ոճիր­նե­րուն։ 1937 թո­ւակա­նի Մա­յիսի 4-ին Նա­խարա­րաց Խոր­հուրդը ստո­րագ­րեց Տէր­սի­մի տա­րած­քը հնա­զադեց­նե­լու ուղղո­ւած որո­շու­մը։ Այստեղ իմաս­տա­լից է «հնա­զան­դեցնել» եզ­րը, քա­նի որ Տէր­սի­մի տա­րածաշրջա­նը դա­րեր շա­րու­նակ տե­ւած իր ինքնա­վարու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէր պա­հել նաեւ հան­րա­պետու­թեան շրջա­նին։

Հիմ­նարկու­թե­նէն 15 տա­րիներ անց Թուրքիոյ հա­նարա­պետու­թիւնը եր­կար քննար­կումնե­րէ ետք հա­մոզո­ւեցաւ, որ պա­հը եկած է այդ ան­կա­խու­թիւնը վե­րաց­նե­լու։ Մա­մու­լի մի­ջոցաւ կա­տարո­ւեցաւ ապա­տեղե­կատո­ւու­թեան ծա­ռայող յա­մառ քա­րոզ­չութիւն մը, ըստ որու պե­տու­թիւնը բռնու­թեամբ պի­տի ըն­տե­լաց­նէր տա­րածաշրջա­նի վայ­րագ բնակ­չութիւ­նը։ Կա­տարո­ւեցաւ եր­կար քննար­կումնե­րով ծրագ­րո­ւած գոր­ծո­ղու­թիւնը, որու հե­տեւան­քով ամ­բողջ ժո­ղովուրդ մը զո­հը դար­ձաւ ատե­լու­թեամբ լցո­ւած խու­ժա­նին, որ կը կրէր զի­նուո­րի հա­մազ­գեստ։

Ար­դիւնքը սոս­կա­լի էր եւ զա­նազան երե­ւոյթնե­րով կը նմա­նէր 20 տա­րի առաջ հա­յոց դէմ կա­տարո­ւած­նե­րուն։

Կրկին յի­շենք այս յօ­դուա­ծի բնա­բանը դար­ձած նա­խադա­սու­թիւնը՝ «Այդ քա­նը չէր միայն»։ Ահա կը թե­ւակո­խենք Մա­յիսի 6-ը, որ ըն­կե­րային յի­շողու­թեան մէջ դրոշ­մո­ւած է երեք ան­մեղնե­րու կա­խաղան ել­լա­լու պատ­կե­րով։ Տե­նիզ Կեզ­միշ, Եու­սուֆ Աս­լան եւ Հիւ­սէ­յին Ինան կը մե­ղադ­րո­ւէին պե­տու­թեան կարգ ու կա­նոնը, վե­րաց­նե­լու, գոր­ծող մահ­մա­նադ­րութիւ­նը ան­գործու­նակ դարձնե­լու ամ­բաստա­նու­թեամբ։

Եթէ այս բո­լորը կը վե­րաբե­րին Մա­յիսի առա­ջին օրե­րուն, վեր­ջին օրերն ալ մեկ­նա­կէտը հան­դի­սացան «Կէ­զի» զբօ­սայ­գիի փա­ռահեղ դի­մադ­րութեան։

Ըստ երե­ւոյ­թի Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւննե­րը տա­կաւին եր­կար տա­րիներ պի­տի տան­ջո­ւին Մա­յիս ամ­սու գա­լուստով, քա­նի որ բա­զում են իրենց մեղ­քե­րը, որոնց քա­ւու­թեան հա­մար մին­չեւ օրս շարունակած են անպատիժ մնալ։

pakrates@yahoo.com