ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՊՍԱԿ

Հայոց մայ­րե­նին պսա­կուած է բազ­մա­թիւ հեշ­տա­լուր բա­ռերով, սա­կայն ո՛չ մէ­կը ու­նի անոր ճկու­նութիւ­նը, ազ­նո­ւու­թիւնը։ «պսակ» բառն է ան։ Այ­սօր, երբ հայ­րե­նի դաշ­տե­րը պսա­կուած են գոյնզգոյն ծա­ղիկ­նե­րով, մեր մար­զիկնե­րը մի­ջազ­գա­յին խա­ղերէ կը վե­րադառ­նան ոս­կէ մե­տալ­նե­րով պսա­կուած, բայց նաեւ բազ­մա­հազար հե­րոս­նե­րու դա­գաղ­նե­րը պսա­կուած են ան­դա­ռամ ծաղ­կա­հիւ­սե­րով՝ չէի կրնար ան­տե­սել անոր գրաւ­չութիւ­նը, ու որո­շեցի յօ­դուա­ծաշարս պսա­կել՝ «պսակ» բա­ռի պերճ պատ­մութեամբ։

Չենք գի­տեր, թէ ո՛ր հա­յու­հին էր, որ իր մա­զերը առա­ջին ան­գամ կա­պեց դաշ­տե­րու ծա­ղիկ­նե­րով հիւ­սո­ւած պսա­կով մը, կամ՝ ո՛վ էր հայ­կա­կան եկե­ղեց­ւոյ մէջ պսա­կուած առա­ջին զոյ­գը, սա­կայն մե­զի քաջ ծա­նօթ է «պսակ» բա­ռի գրա­կան ոդի­սակա­նը։

Լե­զուա­բան­նե­րու կար­ծի­քով պահ­լա­ւերէն փո­խառու­թիւն է «պսակ» բա­ռը, բու­նը՝ pusak։ Ան­յայտ է ծա­գու­մը։ Իրա­նական այլ լե­զու­նե­րու մէջ ու­նի լայն տա­րածուածու­թիւն տար­բեր հնչիւննե­րով, ինչպէս՝ pusag, pasak, basak եւ bisk։ Բա­ռի առա­ջին ձայ­նա­ւորը վա­ղուց հե­ռացած է հա­յերէն տար­բե­րակէն, ու գրա­ւոր հա­յերէ­նի մէջ բա­ռը միշտ ալ ծա­նօթ եղած է «պսակ» ձե­ւով։ Իսկ մեր գա­ւառա­բար­բա­ռերը ու­նե­ցեր են բա­ռի ճոխ երան­գեր. Ալաշ­կերտի եւ Մշոյ մէջ՝ պսագ, Խար­բերդի, Համ­շէ­նի եւ Սե­բաս­տիոյ մէջ՝ բսագ, Վա­նայ, Ար­ցա­խի եւ Գոր­իսի մէջ՝ փսակ, Հաճ­նոյ մէջ՝ բսսօգ, Զէյ­թունի մէջ՝ բօ­սօգ, Մու­սա լե­րան վրայ՝ բսսիւգ։

«Պսակ» բա­ռը եղաւ դա­լար, միշտ ծաղ­կող, պտղա­բեր։ Ան այնքան աճե­ցաւ եւ ճիւ­ղա­ւորո­ւեցաւ, որ մեր մայր լե­զուին տո­ւաւ յի­սու­նէ աւե­լի գե­ղատե­սիլ բա­ռեր, ինչպէս՝ պսա­կագեղ, պսա­կազարդ, պսա­կադ­րութիւն, պսա­կաթերթ, պսա­կակապ, պսա­կակից, պսա­կահան­դես, պսա­կահիւս...։ Ու­նե­ցանք նաեւ «պսակ»ով վեր­ջա­ցող հիւ ու նոր բա­ռեր. նո­րապ­սակ, խա­չապ­սակ եւ լու­սապսակ... Այդ բո­լորի մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, դուք ան­շուշտ նկա­տեցիք բա­ռի բա­ռացի եւ փո­խաբե­րական իմաստնե­րը։ «պսակ»ը ո՛չ թէ միայն թարմ ծա­ղիկ­նե­րէ ու ոս­տե­րէ հիւ­սած շրջա­նակա­ձեւ զարդ է, այլ նաեւ՝ թա­գաւոր­նե­րու ոս­կե­ձոյլ կամ ար­ծա­թաձոյլ գո­հարա­զարդ շրջա­նակը, հե­րոս­նե­րու դափ­նիի կամ ձի­թենիի ճիւ­ղե­րէ պատ­րաստո­ւած փառ­քի շրջա­նակը, հան­գուցեալի դա­գաղի վրայ դրո­ւած յար­գանքի ծաղ­կա­զարդ նշա­նը, ամուսնա­ցող­նե­րու գլխուն դրո­ւող թա­գը, պսա­կադ­րութեան ծէ­սը, ինչպէս նաեւ՝ ամուսնու­թիւն, արե­ւու շուրջը փայ­լող լոյ­սի շրջա­նակ, լոյ­սի փունջ, կա­տարե­լու­թիւն, գրա­կան եւ գե­ղարո­ւես­տա­կան վաս­տա­կի բարձրա­գոյն աս­տի­ճան, պար­ծանք եւ զար­դա­րանք։ Բա­ռը միշտ չէ, որ յայտնո­ւեցաւ լու­սա­ւոր ու պայ­ծառ վի­ճակ­նե­րու մէջ։ Անոր հա­մար հա­յերէ­նը հիւ­սեց երեք յա­ւելեալ բա­ռեր. պսա­կալու­ծում, պսա­կազերծ եւ պսա­կազուրկ։

Ծա­ղիկ­նե­րու չափ հա­մեստ այս բա­ռը պսա­կեց նաեւ ըն­տիր ար­տա­յայ­տութիւններ, թէ գրա­բար եւ թէ՝ աշ­խարհա­բար. «Պսակ հիւ­սել, կա­պել, կազ­մել», «Պսակ արե­գական, պար­ծա­նաց, ծաղ­կաց, փա­ռաց, սրբոց»...։ 33 թո­ւակա­նին Տէ­րու­նա­կան, Ուրբաթ օր մըն էր, զայն տե­սանք Յի­սու­սի գլխուն վրայ՝ «Պսակ ի փշոյ»։

Բազ­մա­թիւ բա­նաս­տեղծներ իրենց գոր­ծե­րը զար­դա­րեցին «պսակ» բա­ռով։ Առա­ջինը Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին էր, լու­սապսակ ճա­կատը հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան։ Նա­րեկա­ցին մեր լե­զուի ըն­թարձակ դաշ­տե­րէն քա­ղեց բու­րումնա­ւէտ բա­ռեր ու կազ­մեց ան­թա­ռամ պսակ մը՝ «Մա­տեան Ող­բերգու­թեան», մեր քնա­րական գրա­կանու­թեան պսա­կը։ Ահա «Մա­տեան»ի պսակ­նե­րը. «Փշա­նիւթ պսակ, Ան­թա­ռամե­լի պսակ, Պայ­ծա­ռու­թեան պսակ, Պսակ՝ թա­գաւո­րաց, ճգնա­ւորա­կան, լու­սա­պաճոյճ, պճնու­թեան, պեր­ճութեան, Աս­տո­ւածու­թիւն ան­ճառ՝ ամե­նահա­րուստ մե­ծու­թեամբ յա­ւէտ պսա­կեալ»։ Ապա Նա­րեկա­ցին նա­յեցաւ Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­մօր պատ­կե­րին ու ըսաւ. «Կին ժրագ­լուխ, պսակ պար­ծա­նաց»։ 1500-նե­րուն ապ­րած Մար­տի­րոս Խա­րասար­ցին, կեն­սա­սէր պսա­կը մեր աշ­խարհիկ գրա­կանու­թեան, որ յայտնի է «հար­սա­նեաց եւ ու­րա­խու­թեան» տա­ղերով, ստեղ­ծեց գրա­կան գե­ղեցիկ մէկ պատ­կեր. «Ժո­ղովե­ցան ազգ եւ ազինք, / Ի տե­սանել նոր փե­սային, / Լու­սապսակ ի գլուխ եդին (դրին). / Աս­տո­ւած օգ­նէ թա­գաւո­րին»։ Հա­րիւր տա­րի յե­տոյ, Պոլ­սոյ մէջ, Երե­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճեանը Նի­կոմի­դիա քա­ղաքին ըն­ծա­յեց «պսակ» մը, քան­զի այդ քա­ղաքն էր «Նման կայ­սեր թագն ի գլխոյ»։ Քէօմիւրճեանի քեր­թո­ւածը ըն­տիր երկ է նո­ւիրո­ւած այդ ծո­վահա­յեաց ու գե­ղատե­սիլ քա­ղաքին. «Որ­պէս գլուխ պսա­կաւոր, / Կար­միր քօ­ղով հար­սի նման / Խնդա՛ քա­ղաք Նի­կոմի­դիա»։ Նոյն օրե­րուն ծնունդով Թո­խաթ­ցի, Թա­թոս վար­դա­պետը, որ հե­ղինակն է շուրջ 30 կրօ­նական եւ բա­րոյախ­րա­տական բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու, գրի առաւ հե­տաքրքրա­կան երկխօ­սու­թիւն մը. «Հո­գին մարմնոյն ասաց. Եղիր բա­րու­նակ, / Զբա­րին պտղա­բերես, որ լի­նայ բա­ժակ։ / Մար­մինն հո­գոյն ասաց. Լի­նաս նա­հատակ, / Հան­դի­պիս շատ բա­րու, առ­նուս դու պսակ»։ 1600նե­րուն Խա­չատուր Խաս­պէկ Կա­ֆացին ալ նա­յեցաւ ու յա­ռեցաւ Աս­տո­ւածա­մօր սրբա­պատ­կե­րին ու ըսաւ. «Է՛ արե­գակն ազ­գեաց Կոյս չքնա­ղագոյն, / Պսակ աս­տե­ղափայլ զա­նազա­նագոյն / Պսակ եւ փառք գլխոյդ ար­ժան»։ Քա­ղաք­ներ «պսա­կելու» հայ­կա­կան աւան­դութեան վրայ ոստ մը աւել­ցուց Խրի­մեան Հայ­րի­կը։ Ըստ անոր Վան քա­ղաքն էր ար­ժա­նի պսա­կի. «Ո՜հ, գե­ղեցի­կը դ Վան, Վաս­պուրա­կան աշ­խարհի զարդն ու պսակ»։ Սիաման­թօն փա­փաքե­ցաւ հաս­նիլ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի պսա­կին. «Եւ թոյլ տուր այ­սօր, ո՜վ Մես­րոպ, / Որ / Հա­յոց հո­ղէն մին­չեւ աստղե­րը հաս­նող / Քու ոս­կիէ սան­դուխէդ վե՚ր բարձրա­նամ... / Ու պսա­կէ ի պսակ եւ լոյ­սէ ի լոյս՝ / Ես ի քե՚զ գամ իմ այս երգս եր­գե­լու»։ Աւե­տիք Իսա­հակեանը ըսաւ, թէ ին­քը ար­դէ՛ն ու­նի պսակ մը. «Ճա­կատիս աստղէ պսակ ու­նիմ», մինչ Չա­րեն­ցը այդ պա­տիւը պար­գե­ւեց եր­կու այլ բա­նաս­տեղծնե­րու. «Նա­րեկա­ցու Քու­չա­կի պէս լու­սապսակ ճա­կատ չկայ»։ Իսկ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը իր գրի­չով փառ­քի պսակ­ներ հիւ­սեց՝ մշակ­նե­րու հա­մար. «Գլուխն իրենց, զոր կը հա­կեն առ­ջե­ւը սուրբ խո­րանին, / Պսա­կուած է միշտ ոս­կի փո­շինե­րովը յար­դին» (Մշակ­նե­րը)։ Վա­րու­ժա­նը նոյն բա­ռով զար­դա­րեց նաեւ Նա­զենի­կի, Սիւ­նեաց նա­հապետ Բա­կու­րի խար­տեաշ հար­ճի գե­ղեցիկ մար­մի­նը. «Եւ գլխուն շուրջը պսակ մը վար­դե­րու» (Հար­ճը)։

Վեր­ջա­պէս՝ «պսակ» բա­ռով ճա­ճան­չա­ւորո­ւեցաւ հայ­կա­կան գրատ­պութիւ­նը։ Այդ բա­ռով զար­դա­րուե­ցաւ բազ­մա­թիւ ըն­տիր հրա­տարա­կու­թիւննե­րու շա­պիկը. «Պսակ Քրիս­տո­սի», «Պսակ ։ Ժո­ղոուա­ծու Րաֆ­ֆու գրո­ւածքնե­րից», «Գա­լուստի եւ Շու­շա­նիկի պսա­կուե­լը ։ Հար­սա­նեկան պատ­կեր Աղէք­սանդրա­պօլի կեան­քից», «Արա­մի պսա­կը ։ Հայ-թրքա­կան ընդհա­րումնե­րից մի պատ­կեր», «Պսակն Խրի­մեանի» եւ «Օրե­րի պսա­կը»՝ լոկ տա­րի մը Կ. Պոլ­սոյ մէջ բնա­կած Կոս­տան Զա­րեանի հա­յերէն առա­ջին գիր­քը՝ լոյս տե­սած նոյն քա­ղաքի մէջ։

«Պսակ» բա­ռի վեր­ջին զար­դը եղաւ երգ մը, զոր գրի առաւ ման­կա­վարժ եւ ման­կա­գիր Յա­կոբ Աղա­բաբը՝ «Պսակ-պսակ, տիկ­նի պսակ, / Փե­սան եկաւ լի­քը քսակ.— / Օրհնո­ւի մեր տիկ­նի պսակ.— / Տիր­նա՜-նի­նե՜, տիր­նա՜-նի­նե՜»։

Ձեր օրե­րը, յար­գե­լի ըն­թերցող, օրհնու­թեամբ եւ եր­ջանկու­թեամբ պսա­կուին, եւ թող միշտ այս բա­ռով զար­դա­րուին հայ հե­րոս­նե­րու եւ հար­սե­րու գլուխնե­րը։ Այ­սօր հրա­ժեշտ կու տամ յի­շելով ուշ-միջ­նա­դարու բա­նաս­տեղծ Աւե­տիք Մհտե­սիի բա­րեմաղ­թութիւննե­րը ար­տագրե­լով.

Քրիս­տոս ո՛չ յի­շէ ձեր մեղքն,

Աւուր դա­տաս­տա­նին խնդաք,

Ձեզ պար­գե­ւէ ար­քա­յու­թիւն

Եւ տա­ցէ լու­սե­ղէն պսակ։