ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Ինչպէս իւրաքանչիւր համայնք, պոլսահայ գաղութն ալ ունի իր յատուկ դիմագիծը։ Դարերու ընթացքին ձեւաւորուած այդ դիմագծի ակներեւ յատկութիւնն է ճնշուածութիւնը։ Որքան ալ իբրեւ տեղացի ժողովուրդ ժառանգորդը ըլլայ հսկայ անցեալի մը, նոյնն է, Պոլիսը Հայաստան չէ եւ հայը հոն ապաստանած օտարացի մըն է պարզապէս։ Այդպէս էր ինքնընկալումը թէ Բիւզանդական եւ թէ Օսմանեան Կայսրութիւններու օրով։ Ընկալում մը՝ որ տեւեց նաեւ Հանրապետութեան շրջանին։
Սակայն կար նաեւ մի այլ իրողութիւն։ Պոլիսը նաեւ արեւմտահայոց մշակութային մայրաքաղաքն էր։ Հոն ծաղկած էր ազգային գիտակցութեան տանող ուսումնական զօրաշարժը, գրական զարթօնքը, քաղաքական գաղափարախօսութիւնը եւ մամուլը։ Այս հողերու վրայ հայոց կողմէ ստեղծուեցաւ առաջին սահմանադրութիւնը, որ օրինակ հանդիսացաւ նաեւ բովանդակ երկրի համար։ Հիմնադրութիւնը որքան հեռաւոր ափերու վրայ կայանայ, հայոց քաղաքական կուսակցութիւնները այս քաղաքի թաղերուն մէջ հասան կատարելագործման։ Օսմանեան դրամատան դէպքն ալ, 20 կախաղաններն ալ այստեղ գրանցուեցան պատմութեան էջերուն։
Իրողութիւն է նաեւ թէ վերեւ նշուած ընկերաքաղաքական այդ զարթօնքը, բացի ազգապետի, այսինքն պատրիարքի ժողովուրդի ձայներով ընտրուիլը, չէ տուած աւելի արդիաշունչ վարչակարգի մը գործելու առիթը։ Երկիրը թագաւորութենէ դէպի հանրապետութեան կարեւոր անցում մը արձանագրած էր, բայց հայուն իրավիճակը մնացած էր անփոփոխ։ Եւ մանաւանդ այս նոր դրութեան մէջ վերացած էին պատրիարքներու օրինական գերիշխանութիւնը։
Այս պայմաններու մէջ անխուսափելի էր ճարպիկ մարդկանց համայնքէ ներս զանազան եղանակներով փոքր իշխանութիւններու տիրանալը, եւ ապա գրաւած աթոռի ընձեռած առիթները շահագործելը։
Մի գուցէ նման օրինակներու կարելի է հանդիպիլ ուրիշ համայնքներու պարագային ալ։ Բայց խոստովանինք թէ անոնք մեծաւ մասամբ յետեղեռնեան շրջանին կազմուած գաղթօճախներ են եւ չունին պոլսահայոց պատմութենէ եկած աւանդութիւնները։
Իսկ պոլսահայութիւնը դասալիք եղաւ առհասարակ իր զբաղեցուցած աթոռի պահանջած գիտակցութենէ զուրկ պատրիարքներու ձեռամբ։ Բարեյիշատակ Շնորհք Պատրիարքի վախճանումէն ցայսօր չունեցանք համայնքը իր տարբեր հակումներով հանդերձ միասնութեան մէջ պահելու կարող առաջնորդներ։
Գարեգին Գազանճեան Պատրիարք գահակալութեան առաջին օրէն յայտարարեց թէ պիտի հնազանդի զինք զգուշացնող ոստիկանութեան թելադրանքին եւ երեկոյեան ժամը հինգէն ետք դուրս պիտի չելլէ Պատրիարքարանէն։ Ան այդ խոստումը դրժեց միայն հարուստներու սեղաններուն հրաւէրներուն համար։ Չմասնակցեցաւ համայնքային ոեւէ մշակութային- գեղարուեստական նախաձեռնութեան, միշտ յիշեցնելով ոստիկանութեան զգուշացումը։
Մեծ յոյսեր կապուած էին Մեսրոպ Բ. Պատրիարքին, իր լաւ պատրաստուած մտաւորական ու խիզախ բնոյթին բերմամբ։ Ափսոս ան ալ իր կարգին մատնուեցաւ նման սխալներու։ Ինչպէս բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդներ, փորձեց նիւթական կարողութիւնը բարձր բարերարներու աջակցութիւնը ապահովել իր ծրագիրներուն համար, առանց նկատի ունենալու թէ այդպիսով պիտի հարկադրուի անոնց պահանջները գոհացնելու տխուր հետեւանքին։ Վերջապէս Մեսրոպ Բ. Պատրիարքն ալ ճաշակեց մահուան սպառնալիքի վախը եւ պատրիարքարանի մէջ իսկ կարիքը զգաց պետութեան տրամադրած թիկնապահին յանձնել իր անվտանգութիւնը։ Հայ համայնքի համար խիստ վարկաբեկիչ այդ երեւոյթը շարունակեց նաեւ տարաբախտ պատրիարքի անգիտակից ննջած հիւանդասենեակէ ներս իսկ։
Իսկական դժբախտութիւն էր Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի հիւանդութիւնը, որ տեւեց աւելի քան տասը տարիներ։ Պատրիարքարանի այդ օրերու անձնակազմը նախընտրեց ձգձգել նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը, պատճառաբանելով թէ կը հաւատան հրաշքներուն եւ պիտի շարունակեն աղօթել իրենց սիրելի սրբազանի ապաքինման համար։ Այս խօսքերը կ՚արտասանուէին երբ բժիշկները յստակօրէն յայտնած էին թէ հիւանդութեան պատճառած աւերը անշրջանցելի է եւ Մեսրոն Բ. Պատրիարք այլեւս չի կրնար կատարել պատրիարքութեան խիստ դժուար ու պատասխանատու պաշտօնը։
Տարիներ անց ի վերջոյ Պատրիարքարանի շրջանակները յօժարեցան ընտրութիւն կատարելու եւ Կրօնական Ժողովը Տեղապահ ընտրեց Գերմանիոյ հայոց հոգեւոր հովիւ Գարեգին Արք. Պեքճեանը։ Սրբազանը ընդառաջեց իրեն ուղուած հրաւէրին եւ ժամանեց Պոլիս։
Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պատմութեան ամօթալի օրերէն մէկն էր Պեքճեան Սրբազանի ժամանումը, քանի այդ օր Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մուտքը չուաններով կապած ու փակած էին, Տեղապահի Հրաշափառի աղօթքներով դիմաւորուիլը արգիլելու համար։
Առաջին յանդիպման խայտառակութիւնը շարունակուեցաւ հոգեւորական, աշխարհական ու նաեւ պետական բազմաթիւ դաւադրութիւններով, որոնց պոլսահայութիւնը կը հետեւէր ճարահատութեան մէջ։
Այս բոլորի դերակատարներն էին նշանակուած փոխանորդ մը եւ ինքնակոչ կերպով համայնքապետի պատմուճանը հագած «բարերար» մը, որոնք երկուստեք գործակցեցան իրենց ետեւ ունենալով պետական որոշ շրջանակներ, խափանելու համար Տեղապահի աշխատանքը։
Իսկ երբ Պատրիարքը աւանդեց իր հոգին, անխուսափելի դարձաւ պատրիարքական ընտրութիւնը։ Հաւանական ութը թեկնածուներէն չորսը ներկայացուցին իրենց յաւակնութիւնը։
Այդ հանգրուանին բեմադրուեցաւ դաւադրութեան նոր պատկերը։ Պետութիւնը պարտադրեց ընտրութեան կանոնագիր մը, որ կը հակասէր նախորդ ընտրութիւններու տրամադրութեան եւ կ՚արգիլէր օտար երկրացի սրբազաններու ընտրութեան մասնակցումը։ Պոլսոյ աթոռի երկու թեկնածուներն ալ հաստատելով պարտադրուած կանոնագրի սխալը, համակերպեցան այդ անընդունելի պայմանին, ընտրութիւնը ալաւելի չուշացնելու համար։ Իրենց հետեւեցաւ նաեւ կարգադիր յանձնախումբը, որուն անդամներէն շատեր իսկոյն հրաժարեցան այս ամօթալի որոշումին մեղսակից չըլլալու համար։ Իսկ մնացեալները ձեռք ձեռքի տալով ապահովեցին խարխուլ ընտրութիւն մը, վտանգելով նաեւ ապագայի ընտրութիւններու օրինականութիւնը։
Տուեալ գործընթացի մէջ պոլսահայ մամուլն ալ թերացաւ հասարակոթիւնը եղած դարձածէն իրազեկելու խնդիրով։ Հոն եւս իշխեցին կիրքերը բորբոքեցնելէ խուսափող մտավախութիւնները։
Այսօր ականատես կ՚ըլլանք այդ բոլորին տեղի տուող գործիչներու իրար հալածող ելոյթներուն։ Բնական է, քանի որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունէր իր հաշիւները եւ անխուսափելի էր վերջ ի վերջոյ իրարու բախումը։
Ինչպէս անցեալին, այսօր ալ համայնքի մեծամասնութեան համար նշանակութիւն չունին անոնց հայատառ մամուլի էջերէն կամ դիմատետրէն իրարու ուղղած թրքերէն երկարապատումները։ Բայց պոլսահայ համայնքի ապագային համար մեծ նշանակութիւն ունին համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները։
Արդարեւ պոլսահայոց դիմաց յայտնուած է ազգին համար նուիրումով աշխատելու տրամադիր երիտասարդ տարրերու կազմակերպեալ նախապատրաստութիւնը, դաշտը անգամ մը եւս սխալ անձերու չյանձնելու համար։