ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պետականութեան մասին

Արցախեան 44 օրեայ պատերազմի աւարտին, քաղաքական եւ հասարակական մտաւորականութեան կարեւորագոյն խնդիրը կը հանդիսանայ պետութիւն- պետականութիւն ընկալումներու քննարկումը։

Ո՞րն է մեր ազգային նկարագիրը այդ հասկացողութեան դիմաց։ Կ՚արժէ այդ մասին վերանայիլ պատմութեան մէջ ազգին անցած ճանապարհին։ Շատ մակերեսային դիտարկումով պիտի տեսնենք թէ շուրջ վեց դարեր ապրեր ենք պետականութենէ, ազգային թագաւորութենէ զուրկ։ Այդ զրկանքը արգելք չէ եղեր որ հայը անցնի հզօր փորձութիւններու միջով։ Գոյատեւեր ենք յաճախ կորսնցնելով Ջիվանիի նշած հին արմատ ունեցող ծիրանի ծառի զանազան ճիւղերը։ Եղեր են վայրեր ու ժամանակներ, երբ մեր ազգի հատուածները ակամայ հարկադրուեր են օտարութեան մէջ այլասերելու։ Ոմանք կաթողիկէ դառնալով նախ Լեհաստան եւ ապա Մարտին, մեր օրերուն հասեր են իբրեւ լեհացի կամ ասորի։ Լեհահայեր իրենց անցեալի արմատներուն հետ կը կամրջուին սերունդներու հոլովոյթով պահած ազգանուններու շնորհիւ։ Մարտինի հայոց այլասերումը համեմատաբար աւելի նոր երեւոյթ է, որուն մասին կան արդէն պատմական վաւերագրութիւններ։

Համամ Ամատունիի տոհմը իսլամադաւան դառնալով նախ մահմետականացաւ եւ ապա հանրանպետական շրջանին ալ թրքացաւ, իր նախնեաց իբրեւ ապացոյց պահելով մայրենին՝ համշենահայերէնը։

Ի դէմ այս ճիւղահատումներուն, ծառը նոր ճիւղեր աճեցուց, ծիլեր արձակեց եւ ԺԹ դարու աւարտին հասաւ գրական ու գաղափարախօսական զարթօնքի։

Զարմանալի երեւոյթ է թէ պատմութեան մէջ շատ քիչ եղած են պետականութենէ զրկուելով հանդերձ նման նուաճում արձանագրած ազգերը։ Վերջապէս հայը համակերպած է օտարի լուծին։ Հաշտուած է օտարի տիրապետութեան տակ գոյատեւելու։ Այդ պատճառաւ ալ Ի դարու ընթացքին ապրած է պետականութեան երեք փորձեր, բոլորն ալ իր կամքէն անկախ կերպով։

Վեց դար շարունակուող Օսմանեան տիրապետութիւնը իրականութեան մէջ շարունակութիւնն էր հռոմէական եւ պարսկական տիրապետութեան։ Որքան ատեն որ մշակած ենք մեր սեփական հողը, հոգերնիս չէ եղած թէ ով կը թագաւորէ երկրին մէջ։ 1915 թիւը այդ սեփական հողի յափշտակումն է, որ արմատախիլ ըրած է մեր պատմական ծառը։

Արմատախիլ եղաւ նաեւ հայուն ազգային փիլիսոփայութիւնը, քանի ան հիւսուած էր որպէս մշակոյթ, իր ենթահողին վրայ։ Այդ հողէն շատ ալ հեռու չէին համարուէր Պոլիսն ու Թպիլիսին ուր հասակ առած էր հայոց մշակոյթը։ Իսկ այսօր շատ հեռու ըլլալ կը թուին Կլենտէյլը, Փարիզը, Պէյրութը եւ մերօրեայ Իսթանպուլը։

Նման հեռաւորութեան վրայ պիտի դժուարանանք միասնական պետական մտածելակերպ մը հաստատելէ։ Ուրեմն միակ միջոցն է կեդրոնանալ մէկ ու միանշանակ կէտի վրայ եւ այդ կէտն է քաղաքամայր Երեւանը։

Ազգի յառաջընթացը, գոյութիւնը պահելը, նոր մարտահրաւէրներ դիմակայելը ամբողջովին կապուած են հայրենի երկրի հզօրացման հետ։

Ուրեմն պարտինք հաստատել թէ ամբոխավարութիւնով կարելի է իշխանութիւն նուաճել, կարելի է իշխանութեան ընձեռած առիթներով հարստանալ, բայց անկարելի է պետութեան յարատեւութիւնը ապահովել։ Այդ վերջինին համար կը կարօտինք ազգին անցած երկար պատմութեան գիտակցող, ոչ շրջօրեայ, այլ երկարատեւ ծրագիրներ մշակելու կարող կազմերու։

Իսկ ունի՞նք այդ կազմերը։ Հաստատ այո, պայմանաւ որ դրսեւորենք աւազակներու, թալանողներու եւ անոնց վարձկաններու խափանարար ջանքերը ապարդիւն դարձնող կամքը։

Վհատելու տեղ չունինք, քանի կայ այդ կամքը։