Ժողովուրժներու Ժողովրժեվարութեան կուսակցութեան ՀՏՓ-ի պատգամաւոր Կարօ Փայլան ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի ալ Խորհրդարանի ամպիոնէն կոչ ուղղեց Թուրքիոյ Իշխանութեան պաշտօնապէս ճանչնալու համար հայոց ցեղասպանութիւնը։ ԱՄՆ նախագահի ուղերձին մէջ ցեղասպանութիւն բառը գործածելով նիւթը ալ աւելի ալեկոծած է Թուրքիոյ քաաղքական դաշտը։ Իբր հետեւանք Փայլան կը հարկադրուի մասնակցելու զանազան հեռուստահաղորդումներու, որոնց ընթացքին յստակօրէն կը ներկայացնէ իր կեցուածքը։ Փայլան այդ հաղորդումներէն մէկու ընթացքին դժգոհութիւ յայտնած էր ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչներու հերոսացումին դէմ։ «Ման կու գանք Թալադ Փաշայի անունը կրող փողոցներով կամ կ՚ուսանինք անոր անունով կնքուած վարժարաններու մէջ։ Մինչդեռ եթէ պատմութենէն հերոսներ պիտի փնտռենք կրնանք օրինակ բերել Լճէի գաւառապետ Հիւսէյին Նէսիմի Պէյը, որ մերժած էր իրեն ուղղուած անմարդկային հրահանգները գործադրել։ Ան իր այդ մարդասիրական վարքին համար դաժանօրէն սպաննուեցաւ Յատուկ Ծառայութեան -Թէշքիլաթը Մահսուսա-ի ոճրագործներու ձեռամբ»։
Փայալանի այս ելոյթը զայրոյթ պատճառած է Խորհրդարանի ազգայնապաշտ երեսփոխաններէն Իւմիթ Էօզտաղին։ Ան անկիրթ ոճով «Թուիթըր»եան գրառում մը ունեցած ու հրապարակաւ սպառնացած է Կարօ Փայլանին ըսելով թէ ան ալ պիտի ապրի Թալադի փորձը։ Իւմիթ Էօզտաղի այս գրառումը մեծ ընդվզում յառաջացուցած է ժողովրդավարական շրջանակներու մէջ, որոնք իսկոյն յիշած են նաեւ Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձը եւ դիտել տուած, որ ինչքան վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ նման թիրախաւորումները։ Նոյն շրջանակները դատարանի միջոցաւ բողոք յայտնած են նաեւ Էօզտաղի դէմ։ Սակայն նկատի ունենալով Թուրքիոյ Արդարադատական համակարգի համարեա ամբողջութեամբ ենթարկուածութիւնը երկրի իշխանութեան հանդէպ, խիստ հաւանական է, որ Էօզտաղի սպառնական գրառումն ալ մեկնաբանուի իբրեւ խօսքի ազատութիւն։