ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի սոյն տարուայ 24 Ապրիլեան ուղերձը, ինչպէս կ՚ակնկալուէր, փոքր ինչ ցնցումի մը պատճառ դարձած է Թուրքիոյ քաղաքական գետնի վրայ։ Բաղդատմամբ հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման նախորդ օրինակներուն, ԱՄՆ-ի դէմ բողոքի ձայները հնչած են աւելի շատ պատշաճը ի կատար բերելու մարմաջով։ Ուշագրաւ է յատկապէս Նախագահ Էրտողանի զուսպ պահուածքը։ Ընդդիմադիրներ այս երեւոյթը կը փորձեն շահագործել «Առիւծը մռաւեց» ըսելով։
Գաղտնիք չէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ դէմ առ դէմ մնացած մեկուսացումը։ Ան կը ձգտի երկու գերտէրութիւններու՝ ԱՄՆ եւ ՌԴ-ի մէջ հաւասարկշռութիւն պահել մերթ մերձենալով մէկուն եւ մերթ ալ միւսին։ Ան ԱՄՆ-ի դէմ գնած է ռուսական Ս-400 հրթիռներ եւ ամերիկացիներուն ալ խոստացած է այդ հրթիռները չէզոք դիրքի մէջ պահել։ Սակայն ակնյայտօրէն ճգնաժամի մատնուած տնտեսական համակարգը եւս կ՛արգիլէ Էրտողանի իշխանութեան հակազդելու կարողութիւնը։
Տուեալ պայմաններու մէջ Թուրքիոյ Խորհրդարանի բոլոր կուսակցութիւնները, բացառութեամբ «ՀՏՓ»ի, հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որ կը մերժէր Պայտընի «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը։ ՀՏՓ անգամ մը եւս միակը մնաց այս նիւթին շուրջ կոչ ընելով «Ամօթի հետ առերեսուելու»։ Նման բնոյթի յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Տիյարպէքիրի Փաստաբաններու Կաճառը, հրապարակելով ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ մը։ Տիյարպէքիրի դատախազութիւնը իսկոյն հարցաքննութեան ձեռնարկեց կաճառի վարչութեան դէմ։
Զանազան կուսակցութիւններու եւ իշխանութեան բանբերներու ելոյթները պարզ կրկնութիւններ էին այս նիւթի շուրջ հետզհետէ կարծրատիպի վերածուած ուռացման ու ժխտման նախորդ արտայայտութիւններուն, որոնք չէին արժանանար համավարակի, սղաճի եւ աշխատազրկման հոգերով տուայտող հասարակութեան ուշադրութեան։