Տրուած ըլլալով թէ համավարակի բերմամբ երկար ամիսներէ ի վեր չեն կայանար Համայնքային Հաստատութիւններու Խորհրդական հարթակ ԷՐՎԱՊ-ի ժողովները, յատկապէս դպրոց ունեցող հաստատութիւններու նիւթական դժուարութիւնները փոխանցուեցան Պատրիարքարան։ Սահակ Բ. Պատրիարք իր հետ ունենալով համայնքէն կամաւոր քննիչութեան պաշտօնակոչուած խորհրդատուներ, տուեալ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ պատրիարքական համակարգող, եռօրեայ առցանց ժողովով մը քննարկած են առկայ կացութիւնը եւ լուծման եղանակները։ Այսպէս 20-21 եւ 22 Ապրիլ թուականներուն կայացող ժողովներու ընթացքին դպրոց ունեցող հաստատութիւններու ներկայացուցիչները պարզած են թէ համավարակի բերմամբ թէեւ նուազած է դպրոցներու որոշ ծախսեր, սակայն կը շարունակեն ապրիլ ելմտական լուրջ բաց մը, քանի որ նմանապէս նուազած է իրենց պատկանող կալուածներէն ստացուած վարձքերն ալ։
Որքան ալ հրատապ թուի երեւոյթը ունի երկարատեւ բնոյթ, որ մինչեւ օրս կը փորձուէր յաղթահարել սիրոյ սեղաններու միջոցաւ։ Տուեալ պայմաններու մէջ ամենատրամաբանական եղանակը կը թուի տնտեսապէս աւելի մեծ յարմարութիւններ ունեցող հաստատութիւններուն հովանաւորումը ապահովել։ Պատրիարք Սրբազանը այդ մասին երախտապարտութեամբ կը յիշէ Օրթագիւղի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, որ յօժարած է այս նիւթի շուրջ իրմէ ակնկալուածը ի կատար բերելու։ Քանի որ չէ նշուած ուրիշ որեւէ հաստատութեան անուն կարելի է ենթադրել թէ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի, Գարակէօզեան Որբանոցի խնամակալութիւնները կամ Պէյօղլուի եւ Պէյքոզի թաղականութիւնները, որոնք ծանօթ են իրենց բարգաւաճ տնտեսական դիրքով դժկամած են զօրակցելու նիւթական դժուարութեան մատնուած դպրոցներուն։ Եթէ խօսինք Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան օրինակով, գաղտնիք չէ թէ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու վերջին տարիներուն յաճախակի կերպով կոչ կ՚ընէր կարգ մը դպրոցները փակելու համար։ Իր այդ առաջարկներուն դէմ առարկողներուն, իբր պատասխան Շիրինօղլու նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի չօժանդակէ դպրոցներու պիւտճէի բացերուն։ Այս մասին լրատուութիւնը հրատարակուած է պատրիարքարանի կայքէջին վրայ համակարգող Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի ստորագրութեամբ։