Հայոց ցեղասպանութեան Սուրբ Նահատակներու յիշատակի օրուայ առթիւ միջեկեղեցական արարողութիւն կատարոեցաւ Հռոմի Ս. Բարդողիմեոսի եկեղեցին, նախաձեռնութեամբ՝ Սուրբ Աթոռի Հայ Եկեղեցուոյ ներկայացուցիչ՝ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի ու Քրիստոնէական միասնութեան խթանման քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ գարդինալ Գուրտ Գոխի եւ մասնակցութեամբ՝ Սուրբ Աթոռի եւ Իտալիոյ ՀՀ դեսպաններ՝ Կարեն Նազարեանի եւ Ծովինար Համբարձումեանի, ինչպէս նաեւ Քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանի մեծավոր Հայր Նարեկ Նաոմեանի։
Արարողութեանը ներկայ էին Արեւելեան կաթոլիկ եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ գարտինալ Լեոնարտօ Սանդրին, ՀՀ կաթոլիկ հայերու առաջնորդ Տ. Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանը, Սուրբ Աթոռի Անգլիկան եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Արք. Յան Էռնեստը, Մշակոյթի քահանայպաետական խորհուրդի քարտուղար եպիսկոպոս Փոլ Տայը, ղպտի ուղղափառ, ռումինական ուղղափառ, կաթոլիկ, անգլիկան, ավետարանական-լութերական եւ մեթոդիստական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, իտալական խորհրդարանի անդամներ, բազմաթիվ դեսպաններ, հայ հավատացեալները եւ հիւրեր։
Արարողութեան ընթացքին, հանդիսապետութեամբ՝ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարս ամեանի եւ գարտինալ Գուրտ Գոխի, ընթերցուեցան սուրբգրային հատուածներ, սաղմոսներ, քարոզներ եւ երգուեցան շարականներ։
Այնուհետեւ քարոզով դիմեց ներկաներուն Գ արդինալ Գուրտ Գոխը։ Ան նշեց, որ Վատիկանի Բ ժողովը նահատակութիւնը կը ճանչնայ որպէս «ողորմութեան գերագոյն ապացույց» ոչ միայն կաթոլիկ եկեղեցւոյ, այլ նաեւ քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու եւ եկեղեցական համայնքներու նահատակներու համար. «Այս խոր ճանաչումը, հետզհետէ աւելի տարածուեցաւ մեր քրիստոնեաներու շրջանին, մանաւանդ անցեալ դարուն, որու սկզբին տեղի ունեցաւ հայ քրիստոնեաներու մեծ եւ արիւնալի նահատակութիւնը անոնց ցեղասպանութեան ժամանակ, ի յիշատակ որու մենք հաւաքուած ենք աղօթելու այսօր» ըսաւ ան։ Գարդինալ Գոխը մասնաւորեց, որ Հայ նահատակները մեզ կը յիշեցնեն, որ նահատակութիւնը քրիստոնէութեան մեջ լուսանցքային երեւոյթ չէ, այլ Եկեղեցւոյ հիմքը։ Քրիստոնեայ նահատակը, չի նահատակուիր պարզապէս գաղափարի համար, այլ կը խաչուի «Քրիստոսի հետ» եւ մահանայ «մէկու հետ, որ արդէն մահացած է իր համար». Հայ նահատակները իւրովի վկայեցին քրիստոսաբանութեան այս գաղափարը»։
Արարողութիւնը աւարտեցաւ Գերշ. Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանի խօսքով, ուր Սրբազան Հայրը յիշեց Հռոմի Պապ Փրանգիսկոսի բառերը՝ 2015 թ. Ապրիլի 12-ին Ս. Պետրոսի տաճարը Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած պատարագի ժամանակ. «Կատարուածը յիշելը պարտադիր է ոչ միայն հայ ժողովրդի եւ համընդհանուր եկեղեցւոյ, այլեւ ողջ մարդկային ընտանիքի համար, որպէսզի այս ողբերգութիւնէն եկող նախազգուշացումը մեզ ազատէ վերստին նման արհավիրքներու մէջ իյնալէ, քանզի անոնք կը վիրաւորեն Աստծուն եւ մարդկային արժանապատուութիւնը»։ Աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր մասնակիցներուն, որոնք միասնական աղօթեցին Յարութիւն առած Քրիստոսին՝ Սուրբ Նահատակներու եւ այլ սուրբերու միջնորդութեամբ, աշխարհի խաղաղութեան համար։