ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՏԵՐԵՒ

ՄԵՐ ՄՇՏԱԴԱԼԱՐ ԲԱՌԸ…

-Հազուագիւտ անուն ունիս։

– Աշխար­հի վրայ չորս հո­գի կայ իմ անու­նովս։ Մէ­կը ե՚ս եմ։

Զրու­ցա­կիցս քովս նստած Տե­րեւն է, այժմ տա­սը տա­րեկան աղջնակ մը, որ ծնող­քին հետ եկած է իր մեծ եղ­բօր դա­սարա­նի գե­ղարո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիրը դի­տելու։ Քնա­րեր­գա­կան բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու նո­ւիրո­ւած ըն­տա­նեկան երե­կոյ մըն է ան, անու­նը՝ «Պտոյտ մը հայ­կա­կան քնա­րեր­գութեան մէջ - Մեր սի­րոյ տե­րեւա­թափը»։ Աշա­կերտնե­րը պի­տի նո­ւագեն մեղմ մե­ղեդի­ներ եւ պի­տի ար­տա­սանեն քնքոյշ քեր­թո­ւած­ներ։ Աշ­նա­նային նո­ւէր մը՝ ծնող­նե­րուն։ Ներշնչու­մը եկած է Սու­զաննա Պետ­րո­սեանի «Տե­րեւա­թափ» եր­գէն, որ կը լսո­ւի սրա­հին մէջ ու ջեր­մօ­րէն կ՚ող­ջունէ հիւ­րե­րը։ Աշա­կերտնե­րը յայ­տա­գիրին յար­մար պատ­կեր մըն ալ ստեղ­ծեր են- անոնք բե­մը զար­դա­րեր են դեղ­նած տե­րեւ­նե­րով։

– Տե­րե՛ւ, «տե­րեւ» բա­ռը յայ­տա­գիրին մայր դե­րակա­տարն է։ Ան­շուշտ կա­նաչ տե­րեւն է կեն­սունա­կը, բայց այ­սօր յա­ճախ պի­տի լսես «հող­մա­վար», «դեղ­նած» ու «դալ­կած» ածա­կան­նե­րը։ Նաեւ, «տե­րեւ դար­ձած» պի­տի տես­նես երի­տասարդ բա­նաս­տեղծ մը։

Մա­րեցան լոյ­սե­րը։ Դա­սարա­նի աշա­կեր­տուհի­ներէն Նա­նօրի մատ­նե­րէն այժմ կը հո­սին Տիգ­րան Ման­սուրեանի մե­ղեդի­ները, իսկ Նա­րեկը կ՛ար­տա­սանէ տէ­րեանա­կան պա­տառիկ­ներ. «Տե­րեւ­նե­րը դե­ղին, պա­տեցին իմ ու­ղին», «Տե­րեւ­նե­րը հող­մա­վար… Ար­ցունքնե­րը քո գո­հար»… Նա­րեկը յու­զիչ գտած է Տէ­րեանի երաժշտա­կանու­թիւնը եւ անոր ստեղ­ծած գրա­կան պատ­կերնե­րը։ Ահա թէ ին­չո՚ւ փա­փաքեր է այս գոր­ծե­րը ար­տա­սանել։ Թող յայ­տա­գիրը շա­րու­նա­կէ ու մենք քիչ մը խօ­սինք «տե­րեւ» բա­ռի վե­րաբե­րեալ։

«Տե­րեւ» բա­ռը չծնաւ հայ­կա­կան հո­ղի վրայ։ Ըստ լե­զուա­բան­նե­րու՝ անի­կա ու­նի ասո­րական ար­մատ։ Ե. դա­րուն, նախ 25 «տե­րեւ»ներ յայտնո­ւեցան Աս­տո­ւածա­շունչին մէջ։ Հոն տե­սանք նաեւ «տե­րեւա­թափ», «տե­րեւա­լից» եւ «տե­րեւա­խիտ» բա­ռերը։ Աւե­լին՝ Յայտնու­թեան գիր­քին մէջ հա­սու­նա­ցաւ կեան­քի ծա­ռի գա­ղափա­րը, ուր «… ծա­ռի տե­րեւը բուժման հա­մար» էր։ Ապա, «տե­րեւ» գո­յակա­նը եղա­նակ առ եղա­նակ աճե­ցաւ ու դար­ձաւ դա­լար ու բազ­մա­թերթ։ Այս բա­ռը՝ նուրբ եւ ար­ծա­թափայլ, մե­զի տո­ւաւ բա­նաս­տեղծու­թիւն բու­րող 115 բա­ռերու փունջ մը։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, կը խոս­տա­նամ, օր մը այդ բա­ռերը ներ­կա­յաց­նել յա­տուկ յօ­դուա­ծի մը մէջ։ Իսկ այ­սօր գո­հանանք տա­սը պատ­կե­րալից բա­ռեր պո­կելով. տե­րեւա­բեր, տե­րեւա­քաղ, տե­րեւազ­գեստ, տե­րեւա­զարդ, տե­րեւա­թափ, տե­րեւա­լից, տե­րեւա­խիտ, տե­րեւա­խոյր, մշտա­տերեւ, տե­րեւա­ծածկ, դեղ­նա­տերեւ, ոս­կե­տերեւ...

Մեր մայ­րե­նին զար­դա­րուե­ցաւ նաեւ պատ­կե­րալից ար­տա­յայ­տութիւննե­րով. «աշ­նան տե­րեւ» (թոյլ, անօգ­նա­կան, անոյժ), «տա­տանիլ որ­պէս զտե­րեւ», «տե­րեւ չան­կա­նի թէ Աս­տո­ւած չկա­մի», «տե­րեւի պէս դո­ղալ»- սաս­տիկ վախ­նալ, վա­խէն դո­ղալ։

Աշա­կերտնե­րէն Արի­նը, Վա­հէն եւ Լօ­րէնին նա­խընտրած են Սա­հեան, Վա­րու­ժան եւ Մե­ծարենց ար­տա­սանել։ Նա­նօրը այժմ կը նո­ւագէ Պա­պաճա­նեանի «Էլէ­կիա»ն ու մեր ականջնե­րուն մէջ կը շշնջան տխրա­շունչ տո­ղիկ­նե­րու շա­րան մը. «Քա­մու համ­բոյրից դո­ղաց մի տե­րեւ», «Եր­կու տե­րեւ մո­լոր… ու­ղի­ներում ոլոր», «Կու­սա­գեղ գլու­խիդ վրայ կ՚ար­տա­սուէ տե­րեւա­թափ վար­դէ­նիս», «Աշ­նան թախ­ծա­լի եր­գով օրօ­րուած, հող­մը փռում է տե­րեւ­ներ դե­ղին», «Տե­րեւի տե­սիլն աղ­փուն»... Յայ­տի է, չէ՞ սրտա­բեկ աշուղներ անոր դա­լուկ թեր­թե­րուն նա­յեցան տխրօ­րէն ու «տե­րեւ» բա­ռը ըն­դունե­ցաւ փո­խաբե­րական իմաստներ՝ «մե­նու­թիւն», «բա­ժանում», «հե­ռացում», «կան­խա­հաս մահ»։

«Տե­րեւ»ը սի­րեց մեր եր­կի­րը, ըն­տե­լացաւ եւ տե­ղայ­նա­ցաւ։ Հա­յոց գա­ւառ­նե­րու եւ բար­բառնե­րու մէջ առաւ իւ­րա­յատուկ տեսք… Զէյ­թունի մէջ ծա­ռերէն ին­կան «դի­յիվ­ներ», Մու­սա լեռ աշուն եկաւ եւ կարմրե­ցան գիւ­ղա­միջի սօ­սիի «դի­րիվ­նե­րը», Ագու­լիսն ու Թիֆ­լի­սը ամէն գա­րուն պճնե­ցան «հա­զարա­տիրիվ» ծա­ռերով, Շու­շիի Ս. Ամե­նափրկիչ եւ Գո­րիսի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւորիչ եկե­ղեցի­ներու գմբէթ­նե­րուն տակ խշշա­ցին «տի­րէվ­ներ», Ռո­տոս­տո­յի եւ Խար­բերդի մէջ երազ­կոտ օրիոր­դիկներ իրենց օրա­տետ­րե­րուն մէջ պա­հեցին «դէ­րէվ­ներ»՝ որ­պէս առա­ջին սի­րոյ յի­շատակ, իսկ ամէն գա­րուն Ջու­ղա­յի այ­գի­ները ծած­կո­ւեցան «տի­րեվ­նե­րով»։ Երեք ըն­տիր տե­րեւ­ներ ալ յայտնո­ւեցան հայ­կա­կան գրատ­պութեան ճիւ­ղե­րուն վրայ. «Աշ­նան տե­րեւ­ներ կամ գաղտնիք երի­տասար­դաց եւ պա­տանեաց», Կ. Պո­լիս, 1873, «Առա­ջին տե­րեւք», Կ. Պո­լիս, 1877, «Ինչպէս տե­րեւ­նե­րը ։ Կա­տակեր­գութիւն չորս հան­դէ­սով», Վե­նետիկ, 1901։

Սա­կայն, յար­գե­լի ըն­թերցող, հա­մաձայն էք, չէ՞, «տե­րեւ» բա­ռը դար­ձաւ աւե­լի դա­լար, աւե­լի կեն­սա­յորդ, երբ բա­նաս­տեղծներ անոր շու­քի տաղ երա­զեցին սէ­րը եւ ող­ջունե­ցին ջերմ գա­րու­նը։ Այդ նուրբ գրիչ­նե­րու ամե­նէն հի­ներէն մէկն է 14րդ դա­րուն ապ­րած Ստե­փանոս Վա­րագե­ցին. «Աշուն էր եւ եղաւ գա­րուն / ու ցամ­քաւ ձունն սա­րերուն, / Ծա­ռերն ամէն փթթան / ու տե­րեւ հա­գան գունզգուն»։ Նոյն դա­րուն ան­յայտ տա­ղասաց մը «տե­րեւ»ի մէջ մար­գա­րէներ տե­սաւ. «Ծաղ­կե­ցաւ ծառն կե­նաց… / Տե­րեւն ամէն ար­փիափայլ՝ / Սուրբ մար­գա­րէքն էր»։ Միջ­նա­դարուն, ի՜նչ ազ­նիւ պատ­կեր, եարի երե­սը եւ վար­դի տե­րեւ­նե­րը նոյ­նա­ցան։ Ահա ժո­ղովրդա­կան հնա­գոյն եր­գե­րու տո­ղիկ­ներ. «Իմ եարս ալ ի դուրս ելաւ, կար­միր էր զէտ (նման) վար­դի տե­րեւ», «Երեսն է վար­դի տե­րեւ որ նռան կար­միր գոյն ու­նի», «Առա­ւօտուն դի­պէր արեւ, իջ­նում ու տամ յեարիս բա­րեւ, կու նմա­նի վար­դի տե­րեւ. Իմ սի­րելի»։ Իսկ վեր­ջին պատ­կե­րը քա­ղեցի Ակ­նայ ան­տունիէ մը. «Զիմ եարն իս­մէ զա­տեցին, թոռ­մե­ցայ զէտ վար­դի տե­րեւ»։ Ակն քա­ղաքը, քնա­րեր­գակ բա­նաս­տեղծնե­րու ծննդա­վայր, ծնունդ տո­ւաւ նաեւ Ատոմ Եար­ճա­նեանին։ Եփ­րա­տի ափին, տե­րեւ­նե­րու զո­վու­թեան մէջ ան երա­զեց ու յօ­րինեց՝ «տե­րեւ» բա­ռին տո­ւաւ դալ­կա­հար իմաստներ. «Ահա­ւասի՚կ դե­ղին տե­րեւ մը ճակ­տիս վրան ին­կաւ վար, / Խորհրդա­նի՞շն է մա­հուանս, թէ՞ պսա­կու­մը հա­ւատ­քիս...», «...Թե­րեւս վեր­ջին տե­րեւն էր ժան­տա­տեսիլ ճա­կատագ­րին, որ մեր վրան ին­կաւ վար»։ Պետ­րոս Դու­րեանը հա­մոզո­ւած էր, որ ի՛նքն էր այդ դա­լուկ տե­րեւը. «Հա­ռաչ մ՛եմ հե­ծող նո­ճերու մէջ սեւ, / Թա­փելու մօտ չոր աշ­նան մէկ տե­րեւ»։ Զահ­րա­տը «տե­րեւ» բա­ռի մէջ տե­սաւ Կո­միտաս վար­դա­պետի ստեղ­ծա­գործ մշտա­դալար ոգին

Տե­րեւ կայ

Իր եր­գե­րուն մէջ բող­բո­ջուն տե­րեւ կայ

Տե­րեւ կայ շոգ ամառ­նե­րէն վե­րապ­րող

Ու աշ­նան հետ ոս­կի դար­ձած տե­րեւ կայ

Բեմ կու գայ Շան­թը։ Ան հիացած է Նա­հապետ Քու­չա­կի սի­րային «հայ­րեն»նե­րուն։ Իր դա­սըն­կե­րու­հիին՝ Նա­յիրիին նա­յելով կ՚ար­տա­սանէ։

«Աչերդ է ծո­վէն առած,

եւ ու­ներդ է ի թուխ ամ­պէն.

Այդ քո պատ­կերքդ սու­րա­թըդ

ի վար­դին կար­միր տե­րեւ»ն»։

Աւար­տին կը հաս­նի «Պտոյտ մը հայ­կա­կան քնա­րեր­գութեան մէջ» յայ­տա­գիրը։ Սրտի խօսք մը պի­տի կ՛եզ­րա­փակէ երե­կոն։ Աշա­կերտնե­րը բեմ կը վե­րադառ­նան ու միաշունչ կը հնչեն - յար­մար տե­սած են Ստե­փան Զօ­րեանի միտ­քե­րը. «Իր մայ­րե­նի լե­զուն վատ իմա­ցողը կէ՚ս մարդ է, չի­մացո­ղը՝ թշո­ւառ, ծա­ռից ըն­կած մի տե­րեւ, որ տար­ւում է ամէն մի պա­տահա­կան քա­մուց»։

– Տե­րե՛ւ, երբ մեծ­նաս՝ ծա՞ռ պի­տի դառ­նաս- կը կա­տակեմ։

– Ո՛չ, ես կ՚ու­զեմ մշտա­դալար մնալ։

Հրա­ժեշ­տի մե­ղեդին ալ «Տե­րեւա­թափ» երգն է, այս յայ­տագրի ներշնչու­մը։ Կը լսենք ու հրա­ժեշտ կու տանք.

«Իմ պա­տու­հա­նից այն կողմն է տե­րեւա­թափ,

Մի աշուն, մի տխուր տե­րեւաթափ»։