ՆԻԿՈԼԱ ՏԱՒԻԹԵԱՆ
Պելկիայի հայերու կոմիտէի նախագահ
Հակառակ թուեցեալին, Թուրքիոյ հայերու ցեղասպանութիւնը, որ կը ոգեկոչենք այսօր՝ Ապրիլի 24-ին, չափազանց արդիական է։ Յիրաւի, կարելի էր մտածել, որ ճանաչելով փաստերու իրողութիւնը՝ թէկուզ ուշացումով, Պելկիան եւ եւրոպական այլ պետութիւններ կը մտահոգուէին ժխտողական Թուրքիոյ ներկայացուցած եզակի սպառնալիքով։
Իրականին, կար անհանգստանալու պատճառ։ 2020թ. Սեպտեմբերի 27-ին հէնց թուրքական բանակը ղեկավարեց Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ սանձազերծուած յարձակումը՝ կառավարելով Ատպէյճանի զինուած ուժերը։ Այդ պատերազմը հակադրեց ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն եւ դահիճներու յետնորդներուն երկու հզօր բռնապետութեան, որոնք պաշտօնապէս ատելութիւն կը սերմանեն հայու եւ փոքր ժողովրդավարութեան դէմ։ Նախայարձակ հակառակորդի կամքի մէջ հայերը տեսան էթնիկ զտումներու քաղաքականութեան տրամաբանական շարունակութիւնը, որուն ենթարկուած էին։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը փաստերն այլ կերպ չէր տեսներ։ 2020թ. Դեկտեմբերի 10-ին Պաքու յաղթանակի տոնակատարութիւններու առիթով ան յիշատակեց Էնվեր Փաշան՝ 1915թ. ցեղասպանութեան պարագլուխներէն մէկուն, եւ Կովկասի իսլամական բանակը, որ տարածաշրջանին շարունակեց Թուրքիոյ մէջ իրականացուած զտումները։ Այդ թերեւս հաւասարազօր է, որ Անկելա Մերքելը արժանին մատուցեր Հայնրիխ Հիմլերին եւ ՍՍ-ին։
Այո, Թուրքիայում փայփայում են ցեղասպաններու յիշատակը։ Եւ միանգամայն բնական է, որ Էրտողանի ծրագիրը կը ներգրաւէ ժամանակակից թուրք ազգի անարժան հայրերի գործի շարունակականութեան մէջ՝ գաղափարախօսութիւն, որ երբեւէ չէ մերժուած։
Ուստի, Եւրոպան ոչ միայն ոչինչ չըրաւ՝ պաշտպանելու համար Թուրքիոյ կողմէ վտանգուած բնակչութեան, այլեւ բացարձակ ոչինչ չըսաւ։ Եւրոպան չդատապարտեց ո՚չ լայնածաւալ յարձակումը, ո՚չ ռազմական յանցագործութիւնները, ո՚չ արգիլուած զէնքի կիրառումը, ո՚չ սուրիացի ճիհատականներու ներգրաւումը, ո՚չ էթնիկ զտումները։ Հակամարտութենէ ետք աւելին չըսաւ, ոչ ալ գործեց՝ Ատրպէյճանի մէջ դեռեւս անազատութեան մէջ պահուող ռազմագերիներու ազատ արձակումն ապահովելու, վերջիններուս խոշտանգումները կամ սպանութիւնները կանխելու կամ վտանգուած հոգեւոր ճարտարապետական ժառանգութիւնը ոչնչացումից փրկելու համար։
Անշուշտ, ընդունուած է համարել, որ Եւրոպան առաջնահերթ պէտք է զբաղուի իր ներքին խնդիրներով եւ թողնէ Թուրքիոյ, Ռուսաստանին եւ ԱՄՆ-ին եղանակ ստեղծել իր ծայրամասին։ Սակայն, հարկ է գիտակցիլ, որ այսպէս ձեռքերը լուանալով, շուտով ստիպուած կ՛ըլլայ նաեւ հրաժարիլ իր մարմնաւորած արժէքէն՝ որն է մայրցամաքի մակարդակով մարդասիրական ու ինտերնացիոնալիստական իտեալ եւ տեւական խաղաղութեան, մարդու իրաւունքներու ու մշակոյթներու միջեւ փոխյարաբերման առհաւատչեայ հանդիսանալը։
Եթէ ճանչնայինք պատմութիւնը, աւելի լաւ կը գիտակցէինք վտանգի բնոյթը։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք յաղթողները, ըստ էութեան, խստօրէն դատեցին պարտուողներէն ոմանց՝ Գերմանիան, Աւստրիական կայսրութիննը եւ Հունգարիան։ Սակայն, ձգտելով զսպել Պոլշեւիկեան Ռուսաստանը, անոնք նախընտրեցին գործարքի երթալ թուրք ազգայնական առաջնորդ Մուստաֆա Քեմալի հետ՝ ի հեճուկս վերջինիս երկրին իրականացուած յանցագործութիւններու։ Այդժամ, բրիտանացիները հրաժարեցան դատել 1915թ. ցեղասպանութեան մեղաւորներուն, որոնք, սակայն, իրենց ձեռքերն էին, եւ ստորագրեցին Լոզանի համաձայնագիրը, ուր հայերու մասին նոյնիսկ չէր յիշատակուած։
Միեւնոյն ժամանակ, պարտուած եւ նուաստացած Գերմանիոյ մէջ հիացմունքով կը հետեւին թրքական արկածախնդրութեան։ Թուրքական զինուած ուժերու կազմին կը ծառայէր ոմն Հանս Թրյոբստ անունով սպայ։ Վերադառնալով Գերմանիա՝ ան կը գրէ մի շարք յօդուածներ «Heimatland» օրաթերթի համար, իր հայրենակիցներուն գովերգելով թուրքական մօտելը։ «Փոքր Ասիայի հանգամանքները նոյնն էին, ինչ այստեղ [Գերմանիա], օրինակ կը գրէ ան։ Թուրքական ազգային մարմնի տզրուկներն ու մակաբոյծները յոյներն ու հայերն էին։ Անոնք պէտք է ոչնչացուէին եւ վնասազերծուէինե։ (15 Հոկտեմբերի 1923թ.) Ընթերցելով Թրյոբստի յօդուածները՝ Հիտլերը վերջինիս կը հրաւիրէ հանդիպման, որմէ ետք կը գրէ անոր « Արդեօ՞ք այն, ինչին ականատես էք եղել Թուրքիայ, մենք պէտք է իրականացնենք ապագային յանուն մեր ազատագրման»։ Ի դէպ, Հիտլերն անվերջ բոլորին կը կրկներ, որ իր երկու չափանիշներն էին Պենիդօ Մուսոլինին եւ Մուստաֆա Քեմալը։ Այդժամ գործի կը դրուի պատմական նենգադաւ մեխանիզմը եւ, այսպիսով, բարբարոսութիւնը, որը յաջողութեամբ պսակուած էր Անատոլիայում, պատուհասէ նաեւ Եւրոպան։
Թրքական փորձի եւ նացիզմի միջեւ կապը քօղարկուած է մէկդարեայ ժխտողականութեամբ։ Մինչդեռ այն պէտք է նախազգուշացում հանդիսանար։ Եթէ 1945թ. յետոյ Եւրոպան որոշեց հրաժարիլ էթնիկ զտումներէն եւ աւտորիտարիզմէն, ապա մօտելը, որով այդքան հիանում էին Թրյոբստն ու Հիտլերը, կը շարունակէ մնալ հիմնարար Թուրքիոյ մէջե։
Իր վերջին «Քաղաքակրթութիւններու խորտակում» աշխատութեան մէջ գրող Ամին Մաալուֆը կարօտով կը նկարագրէ արդէն կորսուած աշխարհը՝ բազմամշակոյթ Միջին Արեւելքը, որտեղ ժողովուրդներն ու դաւանանքները խաղաղ կը գոյակցէին։ Հայերուն քաջ ծանօթ այդ Միջին Արեւելքն այսօր հրի եւ սրի է մատնուած, իսկ անոր փոքրամասնութիւնները՝ ոչնչացուած եւ վտարուած։ Ամին Մաալուֆը մեզ կը՛զգուշացնէ, որ այսժամ «գործի դրուած է մեխանիզմը». «Լեւանտի (Արեւելք, Մերձաւոր Արեւելքի երկրներ) լոյսերը մարեցին, կը գրէ ան։ Ապա խաւարը սփռուեց մոլորակով մէկ։ Եւ իմ տեսանկիւնէն, այդ լոկ պատահականութիւն չէե։
Թուրքական պետութիւնը մեխանիզմի հիմնական անիւներէն մէկն է։ Յիրաւի, թուրքական մօտելը ուժի եւ գերիշխանութեան կապի մշտական փնտռտուքն է։ Ցանկացած զիջողականութիւն անոր համար թուլութեան նշան է՝ հետեւաբար կ՚արհամարէ կայունութեան եւ հաւասարակշռութեան որոնումը, վստահութեան, փոխզիջման եւ համընդհանուր կանոններու կապը։ Հէնց այս քաղաքական մշակոյթն է Էրտողանին խանգարողը բարեխղճօրէն բանակցիլ իր հարեւաններու հետ, ինչով ալ կը բացատրուի Թուրքիոյ հարեւանութեամբ՝ Պալկաններից մինչեւ Միջին Արեւելք, այդչափ հակամարտութիւններու առկայութիւնը ։
Նման կեցուածքը կը յանգեցնէ ամենադաժան ճնշման եւ էթնիկ զտումներու, երբ գերիշխողն է Թուրքիան, եւ մշտական բախումներու, երբ բաղձալի գերիշխանութիւնը դեռ ձեռքբերուած չէ։
Ուստի, վերջին քսան տարիներուի ընթացքին ոչինչ չէ արուած Թուրքիային այդ չարիքէն բուժելու համար, քանզի Եւրոպան պարբերաբար խուսափած է խնդրահարոյց թեմաներէն։ Փոխանակ Թուրքիան փոխելու փորձ ընել, մենք Էրտողանին թոյլ տուինք հզօր ցանցերով ներթափանցել բուն Եւրոպա, այնտեղ տեղակայել իր դրածոներուն եւ սպառնալ իր հակառակորդներուն եւ փոքրամասնութիւններուն։ Ան կ՚օգտագործէ փախստականներու սպառնալիքը Եւրամիութիւնը շանտաժի ենթարկելու համար եւ մէկը միւսի ետեւէն քաղաքական յարձակում կը նախաձեռնէ իրեն հակազդող եւրոպացի առաջնորդներու եւ եւրոպական պետութիւններու դէմ։
Եւրոպայի քաղաքացիները, իրենց հերթին, տեսնելով, թէ ինչ հեշտօրէն Եւրոպան կը զիջէ Էրտողանին եւ կը հրաժարի սեփական արժէքներէն՝ կը կորսնցնեն վստահութիւնը։ Վերջերս Անգարայի մէջ Շառլ Միշելի եւ Ուրսուլա Վոն Դեր Լէյենի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած «Sofagate»-ի միջադէպը ակներեւի ցոյց դրաւ, բոլոր անոնց համար, որոնք այս առընչութեամբ կասկածներ ունէին, Եւրոպայի սիրողականութիւնն ու անմիաբանութիւնը ընդդէմ հզօր Անգարայի։
Հայերը շատ ցաւագին ընդունեցին Եւրոպայի լռութիւնն ու անտարբերութիւնը պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք։ Այս Ապրիլի 24-ին մենք կը յիշէնք, որ յատկապէս Թուրքիոյ պատմութեան վերաշարադրումը եւ հայոց ցեղասպանութեան քաղաքական հետեւանքներու մոռացումն էին, որ խանգարեցին եւրոպական ընտրանիին ընկալել Եւրոպային սպառնացող վտանգի բնոյթը եւ ժամանակին հակազդել։