Համավարակը կը շարունակէ Թուրքիոյ կարեւորագոյն հարցը մնալ, քանի որ վերջերս կը գրանցուին մինչեւ այսօր արձանագրուած ամենաբարձր վարակման ու մահացման դէպքերը։ Այսպէս ամենօրեայ մօտաւորապէս 300 հազարի հասնող թեսթաւորումներու աւարտին կը յայտնաբերուի վարակման շուրջ 60 հազար նոր դէպքեր։ Նոյնպէս ամենօրեայ մահացողներու ցուցակն ալ կը շարունակէ գերազանցել նախորդ օրերը հասնելով մտահոգիչ քանակութիւններու։ Թուրքիա ամբողջ Եւրոպայի մէջ կը ներկայանայ ամենաբարձր վարակման դէպքերով։ Իսկ մահացողները կը գերազանցեն 300-ը։ Ներկայ դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կրկնակի պատուաստուողները 7 միլիոնէ աւելի է եւ մասնագէտներ դիտել կու տան թէ այդ զանգուածի մէջ վարակուելու դէպքեր արձանագրուելով հանդերձ ծանրօրէն հիւանդացողներ գրեթէ չկան։ Այս ալ ապացոյց մը կը համարուի պատուաստանիւթի տուած դրական արդիւնքին։
Նոյնպէս Առողջապահութեան Նախարարը դիտել կու տայ որ խտացեալ դարմանումի կարիք ունեցողներու մէջ 65 տարեկանը անցած անցերը հազիւ 10 տոկոսը կը կազմեն։
Նոր յատկութիւններ ստացած ժահրը փոխանցուելու աւելի ընդունակ է եւ կը սպառնայ համեմատաբար աւելի երիտասարդ սերունդին։
Մասնագէտներ համավարակը կանխելու համար կրկին ու կրկին անգամ կոչ կ՚ընեն ամբողջական մեկուսացումի։ Անոնք դիտել կու տան թէ երկշաբաթանի նախընտրաբար միամսեայ բացարձակ մեկուսացումով եւ մինչ այդ պատուաստումի թափ տալով կարելի է չէզոքացնել այս աղէտը։ Սակայն ի դէմ մասնագէտներու այս խորհրդին կառավարութիւնը համավարակի կանխամիջոցները կը շահագործէ քաղաքական նպատակներու համար։ Երբ մոլլաներու թաղումները կը կայանան զանգուածային բազմութիւններու մասնակցութեամբ կամ իշխող կուսակցութիւնը համագումարներ կը կատարէ նոյն բնոյթով անդին համավարակը պատրուակ կը դառնայ իրաւունք պահանջողներու դիմաց։ Այսպէս զանազան կուսակալներ մինչեւ 15 Մայիս ամէն տեսակ հանրահաւաքի դէմ արգելքներ հռչակած են։ Ոչ ոգի համար գաղտնիք չէ թէ այդ իբրեւ թէ կանխամիջոցներով նպատակադրուած է Մայիս 1-եան ցոյցերը կանխել։
Նոյն մերձեցումով արգիլուած է 23 Ապրիլի Մանկանց Տօնի միջոցառումները։ Կուսակալներու շատ անգամ ալ ինքնակամ այս բնոյթի արգելքներու հետաքրքրական մէկ օրինակն ալ կը ներկայանայ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի ճառախօսութիւններուն դէմ։ Ընդդիմադիր շրջանակներ ծանրօրէն կը դատապարտեն այս արգելքը, յիշեցնելով թէ աննախադէպ երեւոյթ է Մուսթաֆա Քեմալի ճառախօսութիւններու արգիլումը։