ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Թուրքիոյ Խորհրդարանի զանազան կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ կազմուած Ղարաբաղի յանձնախումբը աւարտեց իր աշխատութիւնները եւ այդ աշխատասիրութեան արդիւնքները բաժնեց հասարակութեան հետ։ Յանձնախումբը 44-օրեայ պատերազմի տեւողութեան արձանագրուած Մարդու Իրաւունքներու բռնաբարումները արձանագրելու համար այցելած է Ատրպէյճան։ Հոն զանազան շփումներ ունեցած է Պաքու- Գանձակ- Տէրտէր եւ Պերտէ քաղաքներու խաղաղ բնակիչներուն հետ , որոնք ենթարկուած են հայկական բանակի յարձակումներուն։ Յանձնախումբի քննարկման նիւթերէն մէկն ալ եղած է պատերազմի տեւողութեան Թուրքիոյ հայ համայնքին այս լարուածութենէ ազդուելու երեւոյթները։ Յանձնախումբի անդամները այցելած են Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանը, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցը, «Լոյս» եւ «Ակօս» թերթերու խմբագրութիւնը, Մալաթիա ՀայՏէր հայրենակցական միութիւնը եւ Շիշլիի մարզակումբը։
Այս հանդիպումներու ընթացքին փորձած են իմանալ Թուրքիոյ հայութեան մատնուած հոգեբանութիւնը։ Իրենց պատրաստած տեղեկագրին մէջ յանձնախումբը կը յայտնէ թէ հաստատած են հայ համայնքը յուզող մտահոգութիւնները եւ ուրախութեամբ արձանագրած նաեւ թէ ֆիզիքական յարձակումի ոչ մէկ դէպք պատահած է։
Յանձնախումբի ՀՏՓ-ական անդամները վերապահութիւն յայտնած են պատրաստուած տեղեկագրին դէմ, նշելով որ այս բնոյթի ուսումնասիրութիւն մը պէտք էր ըլլար երկկողմանի։ Արդարեւ անհրաժեշտ էր Հայաստան եւս այցելել եւ լսել հայկական կողմի դիտողութիւնները։ Այս մասին ՀՏՓ-ի պատգամաւոր Կիւլիսթան Քըլըչ Քոչյիղիթ «Ակօս»ին յայտնեց թէ յանձնախումբը պէտք էր աշխատեր մարդու իրաւունքներու սահմանագծով, բայց փոխանակ այդ սկզբունքին գերակշռած է Թուրքիոյ կողմնակցական դիրքորոշումը։
Այսպէսով յանձնախումբի ՀՏՓ-ցի անդամներ իրենց վերապահութիւնը շեշտած են հրապարակուած տեղեկագրին նկատմամբ։