ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

106-ամեակի մարտահրաւէրը

Սիւնա­կագ­րի մը ար­ծարծե­լիք նիւ­թե­րը կը ձե­ւաւո­րուին երկրի կամ աշ­խարհի օրա­կար­գի նիւ­թե­րով։ Երկրորդ գոր­ծօն մըն է օրա­ցոյ­ցի էջե­րուն տո­ւեալ օրո­ւայ կամ շա­բաթի հա­նար յու­շած դէպ­քե­րը։

Այս յօ­դուա­ծը՝ որ լոյս կը տես­նէ 24 Ապ­րի­լին ան­մի­ջապէս նա­խոր­դող օրե­րուն, բնա­կանա­բար նիւթ պի­տի ու­նե­նայ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 106- ամեակը, իր բա­զում երե­սակ­նե­րով։ Այ­լեւս «Ակօս»ի ըն­թերցո­ղին հա­մար, նոյ­նիսկ թրքա­կան որոշ լու­սա­միտ թեր­թե­րու ըն­թերցո­ղին հա­մար անի­մաստ է «ի՞նչ եղաւ, Ին­չո՞ւ եղաւ»ի նման հար­ցումնե­րու վեր­լուծու­մը։

Պար­տինք այժմ քննար­կել «Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս ընել» հար­ցումնե­րու պար­տադրած մար­տահրա­ւէրը։ Գի­տենք թէ 50 տա­րուայ ակա­մայ լռու­թե­նէ ետք առա­ջին ան­գամ 1965-ին հա­յաշ­խարհը հայ­րե­նիք թէ սփիւռք, հա­մազ­գա­յին կամ­քով յի­շատա­կեց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հերը։ Հա­յաս­տա­նի մէջ այդ թո­ւակա­նին էր որ քա­ղաքա­կան մի­ջավայ­րը հնա­րաւո­րու­թիւն տո­ւաւ Ծի­ծեռ­նա­կաբեր­դի յու­շա­համա­լիրին կա­ռուցման։ Սփիւռքը եւս յաղ­թա­հարե­լով միջ­կուսակ­ցա­կան պա­ռակ­տումնե­րը, այդ նոյն թո­ւակա­նին հա­մախմբո­ւեցաւ նպա­տակի մը շուրջ, որ կը կո­չենք «ար­դա­րու­թեան պա­հանջ»։

Սա­կայն յստակ չէր թէ անար­դա­րու­թեան զո­հը դար­ձած ժո­ղովուրդի մը այդ պա­հան­ջա­տիրու­թիւնը որո՞ւ ու­ղո­ւած պի­տի ըլ­լար։ Ընտրե­ցինք ամե­նատե­սանե­լին, որ մեր յի­շողու­թեան մէջ դրոշ­մո­ւած էր իր «յա­թաղան»ով։ Աւե­լոր­դա­բանու­թիւն հա­մարե­ցինք գեր­տէ­րու­թիւննե­րու դե­րակա­տարու­թիւնը կա­տարո­ւածին մէջ։ Հասկնա­լի թե­րացում մը։ Վեր­ջա­պէս յստա­կօրէն տե­սանե­լի էր ոճ­րա­գոր­ծը, թա­լանո­ղը եւ այդ մեծ եղեռ­նի շնոր­հիւ վե­րակեն­դա­նացո­ղը։ Անի­մաստ էր ու­րիշ մե­ղաւոր փնտռել։ Ազ­գո­վին յոյս կա­պած էինք թուրքի սայ­թա­քու­մին։ Եկուր տես որ, թուղթէ առիւ­ծի ձե­ւաչա­փով ալ ըլ­լայ, ան շա­րու­նա­կեց հզօ­րանալ եւ 106 տա­րի անց կրկին յի­շեցուց թէ ինքն է գլխա­ւոր սպառ­նա­լիքը մեր գո­յատեւ­ման դի­մաց։

Իսկ ո՞ր մի­ջոց­նե­րով երաշ­խա­ւորուած պի­տի ըլ­լար հայ ազ­գին անվտան­գութիւ­նը։ Կը կա­րօտէինք հզօր բա­նակի, գի­տական նո­ւաճու­մի, դա­րերու հո­լովոյ­թով ձե­ւաւո­րուած բարձր մշա­կոյ­թի, ուսման հզօր եղա­նակ­նե­րու։ Ար­ժա­նիք­ներ՝ որոնց կո­րուստէն ցայ­սօր աւե­լի քան երեք տաս­նա­մեակ ան­ցած է։

Վե­րակեր­տե­լով Հա­յաս­տա­նի Գ. Հան­րա­պետու­թիւնը, օրո­ւայ ար­ժե­համա­կար­գին պար­տադրած ազատ շուկայի տնտե­սու­թեան, շու­տով թա­լանե­ցինք երկրի ճար­տա­րագի­տական նո­ւաճու­մը։ Սե­փակա­նաշ­նորհման մի­ջոցաւ վերջ տո­ւինք հսկայ գոր­ծա­րան­նե­րու ար­տադրու­թեան։ Ճիշդ էր որ նախ­կին դրու­թեամբ ար­տադրող այդ գոր­ծա­րան­նե­րը այդքան ալ չէին հա­մապա­տաս­խա­ներ ար­տադրու­թեան նոր պա­հան­ջարկին, բայց կա­րելի է բա­րեփո­խումնե­րով շա­հագոր­ծել այդ հզօր ու­ժը։ Իսկ իշ­խա­նու­թիւննե­րը թոյլ տո­ւին որ բո­լոր այդ սար­քա­ւորումնե­րը, հաս­տոցնե­րը թա­փոնի ար­ժէ­քով վա­ճառո­ւին Իրան եւ Թուրքիա։

Նոյնպէս գա­հըն­կեց եղաւ երկրի քա­ղաքա­կան նե­րու­ժը եւ բա­րեկա­մական նա­խասի­րու­թիւննե­րով պաշ­տօ­նակոչուած ան­փորձ ու ան­հե­ռան­կար անձնա­կազ­մեր փճա­ցու­ցին այդ ոլորտն ալ։ Ուսման հա­մակար­գը եւս խոր­տա­կուե­ցաւ եւ սնա­մէջ ազ­գայնա­կանու­թիւնը դար­ձաւ տի­րող գա­ղափա­րախօ­սու­թիւն։

Այդ բո­լորի երես­նա­մեայ կու­տակման ցնդու­մը ապ­րե­ցանք Ար­ցա­խեան պա­տերազ­մի խայ­տա­ռակ պար­տութեամբ։ Ըստ երե­ւոյ­թի հոն ալ չէ աւար­տած հա­յոց պե­տակա­նաց­ման քայ­քա­յու­մը, քա­նի որ տհաս ընդդի­մու­թիւն մը ռազ­մա­կան պար­տութիւ­նը յար­մար առիթ կը հա­մարէ ժո­ղովուրդի կամ­քով ձե­ւաւո­րուած իշ­խա­նու­թիւնը տա­պալե­լու հա­մար։

106- ամեակը նա­խորդ բո­լոր տա­րինե­րէն աւե­լի կա­րեւոր խնդիր­ներ կը պար­զէ հայ ժո­ղովուրդի ապա­գային նկատ­մամբ։

pakrates@yahoo.com

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ