«Սիվիլնեթ»ի լրատուութեան համաձայն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը սպառնացած է Հայաստանին «Զանգեզուրի միջանցքի հարցը» ուժի միջոցով լուծելու մասին։ Ատրպէյճանի պետական հեռուստատեսութեան տուած հարցազրոյցի ընթացքին Ալիեւի խօսքերը փոխանցած է ՌԻԱ Նովոստի լրատու գործակալութիւնը։
Ալիեւ յայտարարած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցքի» ստեղծումը լիովին կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի ազգային, պատմական եւ ապագայ շահերուն. «Մենք Զանգեզուրի միջանցք կ՚իրականացնենք։ Եթէ Հայաստան ցանկանայ, աւելի հեշտ կ՚ըլլայ այդ հարցը լուծել, իսկ եթէ չուզէր, ուժով կը լուծենք»։
Աւելի վաղ՝ Ապրիլի 13-ին, Ալիեւը յայտարարած էր, որ Հայաստանի հետ սահմանին ռազմական գործողութեան որեւէ ծրագիր չունի։
Ալիեւի յայտարարութեան արձագանգած է Հայաստանի ԱԳՆ խօսնակ Աննա Նաղդալեանը։
«Խստօրէն կը դատապարտենք Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան դէմ Ատրպէյճանի նախագահի նկրտումները եւ ուժ կիրառելու սպառնալիքները. Նման յայտարարութիւնները լրջօրէն կը վնասեն տարածաշրջանային խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը. Ասոնք կը բացայայտեն խաղաղութեան եւ հաշտութեան վերաբերեալ վերջին ժամանակներուն Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն սին եւ կեղծ բնոյթը։
Յատկանշական է, որ նման սպառնալիքներ կը կատարուին Հայոց ցեղասպանութեան տարելիցին ընդառաջ եւ նպատակ ունին ուժի դիրքերէն խօսելու հայ ժողովրդի հետ։
Մենք մշտական կապի մէջ ենք մեր ռազմավարական դաշնակցի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի խաղաղութիւնով շահագրգռուած բոլոր գործընկերներու հետ։
Հայաստանը կը ձեռնարկէ բոլոր անհրաժեշտ միջոցները՝ իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար», նշած է Նաղդալեան իր յայտարարութեան մէջ։