«Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր եւ «Օրօրա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ, ամերիկահայ ականաւոր մարդասէր, գիտնական, հեղինակ, մանկավարժ ու խորհրդատու Վարդան որեան (1934–2021) մահացած է ԱՄՆ-ի մէջ։
Աղս առթիւ «Օրօրա» Մարդասիրական նախաձեռնութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, ուր կը յայտնէ իր վիշտը ներկայացնելով նաեւ Վարդան Գրիգորեանի կենսագրութեան կարեւոր դրուագները՝ որոնք կը փոխանցենք մեր ընթերցողներուն։
«Իրանի Թավրիզ քաղաքը ծնած Վարդան Գրիգորեանը անհամար մարտահրաւէրներ է յաղթահարած է, երիտասարդ տարիքին Միացեալ Նահանգներ ներգաղթելով։ Ան կերտած է նշանակալի քարիերա, որ տեւած է մի քանի տասնամեակ եւ հատած զինք հիւրընկալող երկրի գիտական, բարեգործական եւ մշակութային սահմանները։ Գրիգորեան կրթութեան եւ լուսաւորութեան ջերմեռանդ ջատագով էր, որու համար գրքերը «յոյսի, կրթութեան եւ աւելի լաւ ապագայի կայաններ» էին։
1956 թ. Վ. Գրիգորեանը ընդունուած է Ստենֆորդի համալսարան, ուր մասնագիտացած է պատմութեան եւ հումանիտար գիտութիւններու բնագաւառին եւ ան աւարտած է 1958 թ. Գերազանցութեամբ։ 1964 թ. Ստենֆորդի համալսարանը Վարդան Գրիգորեանին շնորհած է Պատմութեան եւ հումանիտար գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան, իսկ 1969-ին արժանացած է Դանֆորթ հիմնադրամի Է. Հ. Հարբիսոնի «Ականաւոր դասաւանդման» մրցանակին (Distinguished Teaching Award)։ 1972 թ. ան միացած է Փենսիլվանիայի համալսարանի փրոֆեսորադասախօսական կազմին եւ նշանակուած Թարզգանի անուան ամպիոնի պատմութեան փրոֆեսոր եւ Հարաւային Ասիայի պատմութեան փրոֆեսոր. 1974 թ. ան եղած է Փենսիլվանիայի համալսարանի Արուեստի եւ գիտութիւններու ֆակուլտետի հիմնադիր դեկանը, իսկ չորս տարի անց դարձած է նոյն համալսարանի քսաներեքերորդ ռեկտորը՝ պաշտօնավարելով մինչեւ 1981 թուականը։
1981–1989 թթ. Վարդան Գրիգորեանը եղած է Նիւ Եորքի հանրային գրադարանի նախագահը եւ մեծ հեղինակութիւն վաստակած է գրադարանի մշակութային նշանակութեան կարգավիճակը վերականգնելու համար. 1989 թ. ան նշանակուած է Պրաունի համալսարանի նախագահ։ Անոր ղեկավարութեան ներքոյ Պրաունի համալսարանը դարձած է եւ՛ աւելի կլոպալ, եւ՛ ակադեմիական առումով աւելի մրցունակ, եւ՛ ֆինանսապէս աւելի ապահով։ Իր պաշտօնավարման ընթացքին ան ղեկավարած է նախաձեռնութիւն մը, որու շնորհիւ հաւաքուած է աւելի քան 500 միլիոն տոլար՝ հատելով հաստատութեան հասութաւորման 1 միլիարդ տոլարի սահմանագիծը. 1997 թուականէն Գրիգորեանը զբաղեցուցած է Նիւ Եորքի Քարնեգի կորպորացիայի տասներկուերորդ նախագահի պաշտօնը. 1998 թ. ԱՄՆ նախագահ Քլինթոնը անոր պարգեւատրած է Ազգային հումանիտար գիտութիւններու մետայլով, իսկ 2004 թ. նախագահ Պուշը պարգեւատրած է Ազատութեան Նախագահական մետալով՝ ԱՄՆ քաղաքացիական բարձրագոյն պարգեւով։
Վարդան Գրիգորեանը ներքին հզօր ուժի տէր մարդ էր, կարեկցանքի ու անսահման իմաստութեան շտեմարան։ Ան արժանացած է բազմաթիւ դրամաշնորհներու, այդ թուում՝ Սայմոն Գուգենհայմի հիմնադրամէն, Ուսեալ հասարակութիւններու ամերիկեան խորհրդէն (American Council of Learned Societies), Հասարակագիտական հետազօտութիւններու խորհրդէն (Social Science Research Council) եւ Ամերիկեան փիլիսոփաեական հանրութենէն (American Philosophical Society)։ Բացի այդ, ան ստացած է պատուաւոր բազմաթիւ աստիճաններ եւ պարգեւատրութիւններու արժանացած Ֆրանսիայի, Իտալիայի, Աւստրիայի ու Պորտուգալիայի կառավարութիւններու կողմէ։
Աշխարհի մէջ բարգաւաճման ու խաղաղութեան հասնելու իր առաքելութեան մէջ Վարդան Գրիգորեանը միշտ հանդէս եկած է ամենաաղքատներու եւ իրաւազուրկներու անունէն։ Ըլլալով ցեղասպանութեան, խտրականութեան եւ հետապնդումներու վերացման գործի յանձնառու՝ իր կարեկցանքով ու վճռականութեամբ ոգեշնչուած բոլորի համար ան դարձած է ուսուցիչ ու յոյսի փարոս։ Երիտասարդ սերնդին ան առաջնորդած է բարութիւնով ու խորաթափանցութիւնով՝ փոխելով մարդկային կեանքերը եւ մշտապէս առաջնորդելով անձնազոհութեան ու նուիրուածութեան իր անձնական օրինակով։
Արգասալից հեղինակ Վարդան Գրիգորեանը հրատարակած է շարք մը գրքեր, որոնց թուում են «Ճանապարհ դէպի տուն. Իմ կեանքը եւ ժամանակները» (The Road To Home: My Life and Times), «Իսլամ. Խճանկար, ոչ միաձոյլ» (Islam: A Mosaic, Not a Monolith) եւ «Ժամանակակից Աֆղանստանի յայտնութիւնը, 1880-1946 թթ.» (The Emergence of Modern Afghanistan, 1880-1946)։
2015 թ. ան, Նուպար Աֆէյանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի հետ, հիմնադրած է «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրողներու անունէն՝ ի երախտագիտութիւն անոնց փրկողներու։ «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը եւ անոր «Օրօրա» մարդասիրական մրցանակը կը ձգտին այդ փորձը վերածելու կլոպալ շարժման՝ անդրադառնալով աշխարհի առկայ մարդասիրական մարտահրաւէրներուն եւ կեդրոնանալով կարիքի մէջ գտնուողներուն օգնելու վրայ։
Որպէս «Օրօրայի» համահիմնադիր եւ «Օրօրա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ, Վարդան Գրիգորեանը անխոնջ աշխատած է՝ օգնելու այդ տեսլականը կեանքի կոչելուն եւ երկրորդ հնարաւորութիւն տալու անոնց, ովքեր ամենէն աւելի ունին անոր կարիքը։ Մենք յաւերժ երախտապարտ ենք անոր փորձառութեան ու տեսլականի եւ «Օրօրա» մարդասիրական նախաձեռնութեան ստեղծման ու զարգացման գործին անոր ներդրած անգնահատելի աւանդի համար։
«Օրօրան» կը սգայ Վարդան Գրիգորեանի մահուան կապակցութեամբ եւ աղօթք ու զօրակցութիւն կը յղէ անոր ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, ովքեր օգտուած են անոր նշանաւոր աշխատանքէն եւ իմաստնութենէն. Անոր ժառանգութիւնը կ՚ապրի եւ կը շարունակէ ապրիլ յաւերժութեան մէջ։