ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՄԱՐԳԱՐԻՏ

Հայոց գրա­կանու­թեան խո­րու­թիւննե­րու մէջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ յան­կարծ նկա­տէք փայ­լա­տակումներ աչ­քա­ռու, մի՛ կաս­կա­ծիք, «մար­գա­րիտ» բառն է ան։ Ինչպէս մար­գարտա­շար մը ազ­նո­ւու­հիի նուրբ պա­րանո­ցը կը պա­ճու­ճէ, նոյնպէս ալ «մար­գա­րիտ» բա­ռը կը զար­դա­րէ հա­յոց լե­զուն, զայն դարձնե­լով պա­տուա­կան եւ թան­կա­գին։

«Մար­գա­րիտ» բա­ռը Ոս­կե­դարուն, հայ­կա­կան հո­գեւոր գրա­կանու­թեան մէջ ու­նե­ցաւ ըն­տիր տեղ։ Սա­կաւա­թիւ են այդ անուննե­րը - լոկ Սա­թենիկ թա­գու­հին, Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­ծինը եւ Ս. Գա­յանէն –, որոնք ար­ժա­նացան եր­գի կամ շա­րակա­նի մը մէջ անոր քով յի­շուե­լու- «Տե­ղայր մար­գա­րիտ ի հարսնու­թեանն Սա­թին­կանն», «Վկա­յու­հի Գա­յիանէ... Մար­գա­րիտ սուրբ հա­ւատոյ», «Աս­տո­ւածա­ծին, մի՛շտ կոյս Մա­րիամ… Մար­գա­րիտ պա­տուա­կան»։ Կ՚ար­ժէ յի­շել նաեւ «մար­գա­րիտ»նե­րով շի­նուած բարդ բա­ռերու մեր ըն­տիր մար­գարտա­շարը, ինչպէս ՝ մար­գարտա­գեղ, մար­գարտա­զարդ, մար­գարտա­ծոպ, մար­գարտա­ծոց..., որ ըն­տիր նշոյլ մը եւս շնոր­հեց մայ­րե­նիին։

Սա­կայն, «մար­գա­րիտ»բա­ռը իր ամե­նափայ­լուն շրջա­նը ապ­րե­ցաւ 1100էն յե­տոյ՝ Հայ­կա­կան Գրա­կան Վե­րած­նունդի օրե­րուն։ Այդ օրե­րուն, երբ մար­դը բնու­թեան հետ հա­մերաշխ՝ կեան­քը եւ անոր շնորհնե­րը լիովին վա­յելե­լու փա­փաքով կ՛ապ­րէր ու սի­րավառ աշուղներ կը փա­ռաբա­նէին գա­րու­նը, գի­նին եւ գե­ղեցի­կը, «մար­գա­րիտ»բա­ռը ալ ելաւ վան­քէն դուրս ու սկսաւ պեր­ճութիւն տալ հա­յու­հի­ներուն, յատ­կա­պէս անոնց, որոնք աշու­ղի մը կող­մէ սի­րուած ըլ­լա­լու բախ­տա­ւորու­թիւնը ու­նէին։

Յար­գե­լի ըն­թերցու­հի­ներ, ազ­նո­ւափայլ տիկ­նայք, եթէ ու­նիք մար­գա­րիտ ապա­րան­ջան, մա­նեակ կամ օղ, հա­ճեցէք զայն դուրս հա­նել իր սա­տափադ­րո­ւագ գո­հարա­տու­փէն, վայրկեան մը առանձնա­ցէք ձեր ոս­կե­ծիր հա­յելիին առ­ջեւ եւ զու­գո­ւեցէք անոր հետ ու միեւ­նոյն ժա­մանակ ականջ տո­ւէք տա­ղասաց­նե­րու եւ աշուղնե­րու եր­գին, քան­զի ներ­կայ յօ­դուածս գրա­կան ըն­տիր «մար­գա­րիտ­նե­րու» հա­ւաքա­ծոյ մը ըլ­լալ կը հա­ւակ­նի...։ «Ակ­ռադ մար­գա­րիտ, ճեր­մակ գե­ղեցիկ, պռկունքդ անու­շիկ, զէտ զքեզ շաք­րիկ»։ Այս խօս­քե­րը կը պատ­կա­նին Մի­նաս տա­ղասա­ցին, 1500ներ։ Ղա­զար Սե­բաս­տա­ցին ալ նկա­տեց, թէ իր եարը ու­նի մար­գա­րիտ­ներ իր բեր­նին մէջ. «Երեսդ է պայ­ծառ, ճա­կատդ է զէտ սաթ, ակ­ռադ մար­գա­րիտ, շթունքդ է շար­բաթ»։ Նոյն քաղցր պատ­կերն է, որ եր­գել տո­ւաւ սի­րատենչ բազ­մա­թիւ այ­րե­րուն. «Ակ­ռա­ներդ մար­գա­րիտ, ալ­մաստ, ան­գին քար, / Պռկներդ հի­ւան­դի դեղ է, նազ­լի եար», Սա­հակ Տի­րացու, «Քաղցրա­խօս բե­րան փոք­րա­գոյն, / Մար­գա­րիտ շա­րեալ ի ներ­քոյն», Յով­հաննէս տա­ղասաց, «Ակունք մե­ծագին, պայ­ծառ լու­սա­գոյն, / Սպի­տակ մար­գա­րիտ ի մէջ սա­տաֆ­նուն», Խա­չատուր Թո­խաթե­ցի։ Վեր­ջին բա­նաս­տեղծու­թեան անունն է, ին­չո՞ւ զար­մա­նալ, «Վասն ու­րա­խու­թեան», քան­զի մարգրտան­ման գե­ղեց­կութեան մը տեսքն է մար­դու ու­րա­խու­թեան պատ­ճա­ռը։ Քո­սայ Երէ­ցը փառք տո­ւաւ Աս­տուծոյ, թէ մար­գա­րիտի նման եար մը գտեր է մարդկա­յին ծո­վու մէջ. «Փառք ու պա­տիւ ասեմ ես քո արար­չին / Մէջ բեր­նիդ նա­յեցի, է լալ ու մրջան, / Նոր սա­դաւ է հա­նած, մար­գա­րիտ շա­րեր»։

Դուք գի­տէք, թէ ի՛նչ է սի­րահար զոյ­գի քաղցր զրոյ­ցի միջ­նորդը... Գի­նին։ Այս պատ­ճա­ռով է, որ 16րդ դա­րուն Սար­կա­ւագ Բեր­դակցին գրի առաւ «Գո­վասա­նու­թիւն խա­ղողոյ, բա­ժակի, այ­լեւ վասն ու­րա­խու­թեան» բա­նաս­տեղծու­թիւնը. «Խա­ղո՛ղ..., Թելդ քա­շած է յոս­կոյն մի­ջէն / Դու մար­գա­րիտ յոս­կոյն շա­րած»։

1650-նե­րուն, գա­րուն էր, Պոլ­սոյ մէջ Երե­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճեանը հիացեր էր իր սի­րածի թէ՛ բե­րանին եւ թէ՝ եր­գին. «Ակ­ռադ մար­գա­րիտ սպի­տակ շար­ման, / Պիւլպիւլն քաղցր եր­գէ ի քո վար­դաստան»։ Դար մը անց մէկ այլ սէր վա­ռեցաւ Թիֆ­լի­սի մէջ ու Սա­յաթ Նո­վան մար­գարտեայ տո­ղիկ­ներ շա­րեց իր եարը նկա­րագ­րող. «Ակ­ռե­քըդ մարքրիտ ալ­մաս է», «Ծո­վից հա­նած թանկ մար­գա­րիտ», «Ատամ­ներդ՝ լալ-մար­գա­րիտ»։ Եարի տե­սոյն չկշտա­ցաւ Սա­յաթ Նո­վան, զարկ տո­ւաւ իր քա­ման­չա­յին ու յօ­րինեց հե­տեւեալ եր­գը. «Ունքիրն՝ ղա­լամով քա­շած, աչ­քիրն խիլքս տա­րիլ է, / Ճի­դումն՝ օս­կէ ամ­բարչա, եախին մար­գա­րիտ շա­րիլ է» (Ունքե­րը գրի­չով նկա­րած, աչ­քե­րը խելքս տա­րած է, / Պա­րանո­ցին ոս­կէ մա­նեակ, կուրծքին մար­գա­րիտ շա­րած է)

Իսկ 20րդ դա­րուն, հայ­կա­կան գե­ղապաշտ գրա­կանու­թեան մէջ յայտնո­ւեցաւ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը, որ­պէս «մար­գարտա­փայլ» եզա­կի քնա­րեգ­րակ։ Քան­զի անոր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը կ՚առանձնա­նան «մար­գա­րիտ»բա­ռի ճոխ գոր­ծա­ծու­թեամբ։ Բայց, յար­գե­լի ըն­թերցող, ձեզ զգու­շացնեմ, Վա­րու­ժա­նի բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ դուք մի՛ ակնկա­լէք տես­նել գե­ղեց­կուհիի մը նուրբ պա­րանո­ցը կամ սպի­տակ մատ­նե­րը, այլ՝ կը տես­նէք մշա­կի քրտին­քը, հասկ մը, կամ՝ առա­ւօտեան ցօ­ղը. «Մշակ­նեԲրն են իմ գիւ­ղիս, դաշ­տի հզօԲր զա­ւակ­ներ, / Քրտինքնե­րով մար­գարտեայ բնու­թեան թաԲգն են հիւ­սեր», «Ամէն ըն­ձիւղ մարգրիտ մ՛ու­նի իր բե­րանն», «Մա՛յր, Խաչ­բուռն այս օրհնէ՜. եւ տուր ար­տե­րուս / Ամառն՝ ոս­կի, ինչպէս գա­րու­նը՝ մարգրիտ», «Ծի­տերն ի՛նչ փոյթ թէ հա­տիկ­ներդ կ՛աւա­րեն. Տե­ղը Աս­տո­ւած պի­տի մարգրիտ սեր­մա­նէ»...։

Վա­րու­ժա­նը գիտ­ցաւ նաեւ «մար­գա­րիտ» ցա­նել իր սի­րային քեր­թո­ւած­նե­րու տո­ղիկ­նե­րուն մէջ. «Իջայ խո­րունկն ես կնոջ մը հո­գիին. / Ան­կէ մարգրիտ մը հա­նեցի բո­ցագեղ», «Աղաւ­նի­ներ...Կու գան իրենց թռիչ­նե­րեն վար անձրե­ւել մարգրիտ­ներ», «Գե­ղեց­կութիւ­նը ծնունդն է Զօ­րու­թեան յոր­ձանքին՝ / Ինչպէս մարգրիտն ով­կիանի ան­դունդնե­րուն մո­լեգին»։

Հա­կառակ անոր, որ այ­սօր փոր­ձե­ցի յօ­դուա­ծիս մէջ յար­գել ժա­մանա­կագ­րութիւ­նը՝ ձեր թոյլտո­ւու­թեամբ, յար­գե­լի ըն­թերցող, աշ­խա­տանքս կը փա­փաքիմ աւար­տել 17րդ դա­րու տա­ղասաց Դա­ւիթ Սա­լաձոր­ցիի տո­ղերով, քան­զի Կա­րին քա­ղաքի Սա­լաձոր գիւ­ղի մէջ ծնած այդ բա­նաս­տեղծն է, որ մե­զի պար­գե­ւեց հայ­կա­կան ամե­նէն վա­յելուչ ու պա­տուա­կան գրա­կան մար­գա­րիտը, երբ ան ակ­նարկեց մեր ազ­նիւ ազ­գին.

Որ­պէս ակն ու գո­հար,

մար­գա­րիտ մանր է,

Նոյնպէս Հայն փոքր ազգ է

եւ գինն ծանր է։